Լրահոս

ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական առումով կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը հիւրընկալեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Ա. Պատրիարքը։ Ռուսաց պատրիարքին ուղեկցեցան Մետրապոլիտ Իլարիոն եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։

ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ՆՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄ

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է անվտանգութեան ապահովման ուղղեալ նոր դաշինքի մը կազմաւորման։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը այս նախաձեռնութիւնը կ՚անուանէ Մերձաւորարեւելեան ռազմավարական դաշինք (MESA) կամ անպաշտօն ձեւով՝ «Արաբական ՆԱԹՕ»։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԾԽԵԼՈՒ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ՚ողջունէ Հայաստանի մէջ հակածխախոտային պայքարը ու կոչ կ՚ընէ խստօրէն կարգաւորել ելեկտրոնային սիկարէթի ոլորտը։ Այսպէս, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) (World Health Organization) կ՚աջակցի Հայաստանի մէջ իրականացուող հակածխախոտային քաղաքականութեան, որու շրջանակներէն ներս օրէնքի նոր նախագծի մշակմամբ՝ նոր ու առաւել լուրջ կարգաւորումներ կը նախատեսուին:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅ-ՉԻՆԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑ

Երեւանի մէջ բացուեցաւ հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցը, որ կառուցուած է Չինաստանի աջակցութեամբ:
Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ դպրոցի աշակերտներուն համար չինարէնի ուսուցումը մեծ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրիոյ մէջ հայկական վարժարանները այս շրջանին կը դիմագրաւեն շարք մը դժուարութիւններ։ Այդ դժուարութիւնները խորքին մէջ խնդրոյ առարկայ են ընդհանրապէս երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կրթական հաստատութիւններուն տեսակէտէ։

Էջեր