Լրահոս

ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՋԵՐՄ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան վերջերս այցելեց Փարիզ, ուր հանդիպումի մը մասնակցեցաւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ «Յեղափոխութեան յաղթանակի տէրը Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնն է, սփիւռքը Հայաստանի հարստութիւնն է», յայտնեց հաւաքոյթի ընթացքին Աննա Յակոբեան։

ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՈՐՈՇԱԾ Է ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ թէժ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Մինչ վաղը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարութեան 100-րդ օրուան առթիւ մեծ հանրահաւաք մը նախատեսուած է Երեւանի մէջ, երէկ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, որ կը վերադառնայ քաղաքականութեան։

ԲԱԽՏՈՐՈՇ ԶՕՐԱՎԻԳ

Ուաշինկթընի հետ առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Անգարա կը վայելէ Պերլինի աջակցութիւնը:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԱՏԱԿԵՐԳԱԿ ՍԱՄԻ ԽԱՅԵԱԹ. «ԻՄ ԹԱՏՐՈՆԸ ՍԻՐԵԼՈՒ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՆԵՐՇՆՉԱՆՔՍ ՀԱՅՐՍ Է»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նեան բե­մի վաս­տա­կա­ւոր կա­տա­կեր­գա­կ եւ դե­րա­սան հա­յազ­գի Սա­մի Խա­յեա­թ պա­տաս­խա­նեց մեր հար­ցում­նե­րուն։

ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ ՅԱՋՈՐԴ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ

Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան կը շարունակեն անմիջական աշխատանք տանիլ Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս երեք երկիրներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ հերթական գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Թեհրանի մէջ։

ԴԵՍՊԱՆԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրերուն հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանը։ Այսպէս, նախագահական հրամանագրով մը դեսպանի պաշտօնէն ետ կանչուեցաւ Օլեկ Եսայեան, որ վերջին տարիներուն կը պաշտօնավարէր Մինսքի մէջ։

ՆՈՐ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ

Անգարայի ղեկավարութիւնը բարձր մակարդակով հիւրընկալեց Հայտար էլ Իպատին եւ Սերկէյ Լաւրովը:
Թուրքիա Սուրիոյ տագնապի ամբողջին մէջ ներկայիս ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է Իտլիպի իրադարձութիւններուն վրայ:

Էջեր