«ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԸ ԵՂԱԾ Է ՈՒ ՊԷՏՔ Է ՄՆԱՅ ԱՅՆ ՈՒԺԸ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ»
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Համահայկական հարթութեան յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն միշտ խոշորացոյցի տակ են։ Անոնք հիմնովին կը հարցաքննուին՝ մասնաւորապէս Արցախի մատնուած կացութեան ու մանաւանդ՝ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։