Հոգե-մտաւոր

ՈՒՐԻՇՆԵՐՆ ՈՒ ՄԵՐԻՆՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Աշխարհի երեսին, ցաւ ի սիրտ, հայերը այնքան հետաքրքրուած չեն հայկական արժէքներով ու աւանդութիւններով՝ ինչքան օտարները, որովհետեւ մեր ազգային հիւանդութիւններէն մէկն է մեր սեփականը չգնահատելը: Բոլորս ալ առաւել կամ նուազ չափով սիրահարութեամբ կը նայինք օտարին ունեցած արժէքներուն, որոնք շատ անգամ մերիններուն դիմաց թոյլ ու խախուտ են:

ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ԿՇԻՌՔԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հաւասարութիւնը խորհրդանշող արձաններուն եւ նկարներուն կշիռքները որքան ալ հաւասար ու համաչափ ըլլան, անհաւասար իրականութենէն բան չեն փոխեր, որովհետեւ հաւասարութիւն քարոզող սահմանադրական օրէնքներու մէջ նոյնիսկ գոյութիւն ունի անհաւասարութիւն մը՝ օրէնսդիրի եւ օրէնքը գործադրողի անհաւասարութեամբ պայմանաւորուած:

ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամէն մարդ, կամայ թէ ակամայ դժուարութեան պահերուն յանկարծ կը դառնայ հաւատացեալ եւ Աստուածավախ, որովհետեւ ահն ու սարսափը մարդը հաւատքի բերելու ամրակուռ շնորհքը ունին: Նոյնիսկ անոնք, որոնք իրենց կեանքին մէջ աղօթք մը անգամ չեն ըրած, դժուարութեան պահուն «Աստուած» մը դուրս կու տան իրենց բերնէն:

ՀԱՅՐ ԹԱԹՈՒԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կիրակի գիշեր Պոլսոյ Պատրիարքարանը գուժեց Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վախճանման բօթը: Այս գուժով հայ ազգը ընդհանրապէս, եւ պոլսահայութիւնը մասնաւորապէս կորսնցուց նուիրեալ մը, որ Եկեղեցին սիրեց իր բովանդակ հոգիով ու սիրտով ու գիտցաւ ծառայել անոր իր ձիրքերով եւ բազմակողմանի հմտութեամբ:

ՅԱՄՐՕՐԷՆ ԴԷՊԻ ԱՆԴՈՒՆԴ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարիներ առաջ Ամերիկա հաստատուած հայորդի մը իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Արեւելքի մեր քաղաքին փողոցները, երեկոյեան զանգակներուն ձայնը, հայերէն երգի փշրանք մը, թաղին մէկ անկիւնը պատի մը տակ լացող մանուկ մը՝ դրին անխուսափելի, անջնջելի իրենց դրոշմը մեր խառնուածքին վրայ: Հեռու, հեռո՜ւ կը թուին այդ բոլորը հիմա:

ԱՍՏՂԻ ՄԸ ԾՆՈՒՆԴԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Թափառական հրեայ»ի ներկայացումէն որոշ ժամանակ ետք Մաղաքեան կ՚երթայ Ազնիւի ուսումնարանը եւ կը յայտնէ, թէ «Վարդան» ներկայացման մէջ «Ոգի Հայաստանի» դերը կ՚ուզէ տալ դերասանուհիին. ներկայացման ընթացքին պէտք է երգէր ու արտասանէր:

Էջեր