Ե՞Ս ԵՄ ՃԻՇԴ… ԿԱՄ ԴՈՒՆ ՍԽԱ՞Լ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակի փոփոխման հետ մարդ, կամայ թէ ակամայ, ի՛նք եւս կը փոխուի՝ բանիւ եւ գործով, որդեգրելով նոր բարքեր, սովորութիւններ ու ապրելակերպ: Անցեալին մարդկային ընկերութիւն մը կ՚ունենար հասարակաց գիծեր ընդգրկող ապրելակերպ մը, հաստատուած գաղափարական մը: