Հոգե-մտաւոր

ՁԱՅՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿՆԵՐ - Ա -

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ձայնը, իր ընդհանուր առումով, այն թրթռական շարժումն է, զոր լսողական զգայարանը կ՚ըմբռնէ, որ պարապութեան մէջ կ՚արձակուի։ Ձայն կամ հնչիւն, զոր լսելի կ՚ընեն մարդիկ եւ զանազան կենդանիներ եւ որ յառաջ կու գայ թոքերէն ելած օդին միջոցաւ ձայնական լարերուն թրթռալէն։

ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ամուր եւ առողջ մարդկային յարաբերութեան մը համար անհրաժե՛շտ է անկեղծութինը՝ «ջինջ եւ յստակ ծովակ»ի մը նման։ Անշուշտ անկեղծութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ հաւատարմութիւնը՝ որ միութեան մը համար ամենակարեւոր տարրերէն, արժէքներէն մին է։

ԿԵԱՆՔԻ «ԳԻՇԵՐ»Ը ԵՒ «ՑԵՐԵԿ»Ը

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնաւ խորհա՞ծ էք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. մեր կեանքի ո՞ր օրը որ կ՚ապրինք՝ կը նմանի ուրիշ օրուան մը։ Թէեւ ոմանք իրենց ապրած կեանքը «միօրինակ ընթացք» մը կը նկատեն, բայց իրապէս ամէն նոր օր անակնկալ մըն է մեզի համար. ամէն օր կարծես «նոր կեանք» մը, «տարբեր աշխարհ» մը, եւ այդ «նոր»երուն մէջ մենք ալ կարծես ուրիշ «նոր» մարդեր կ՚ապրինք այդ նոր օրերը յաջորդաբար։

«ԲԱԽՏ» Կ՚ԸՍԵՆ ՈՄԱՆՔ…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ յաջողութիւններ ո՛չ անպատասխանատու դիպուածի մը, ոչ ալ կոյր բախտին արդիւնքն են։ Ուստի, ամէն լուրջ յաջողութիւն, աշխատութեան մը արդիւնքն է, որուն կ՚ընկերանան ընդունակութիւն, հաստատամտութիւն՝ որ կը նշանակէ յարատեւութիւն, ձեռներէցութիւն, հեռատեսութիւն։

ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵԶՐԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հետեւաբար միտքով պատրաստ եւ արթուն եղէք, ձեր ամբողջ յոյսը կապած փրկութեան պարգեւին, որ ձեզի պիտի տրուի երբ Յիսուս Քրիստոս յայտնուի։ Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ». (Ա ՊԵՏՐ. Ա 13, Ե 8)։

Էջեր