ԻՆՔՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքնատիրութիւնը՝ ինքնագիտակցութեան բնական մէկ հետեւանքն է։ Այն անձը՝ որ իր արժանիքին, իր մտային ու հոգեւոր կարողութիւններուն գիտակից է եւ ըստ այնմ կը վարուի, ան տէ՛րն է իր անձին։