Հոգե-մտաւոր

ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Գ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նախորդ յօդուածին մէջ ըսինք, թէ անցեալին կողակիցի ընտրութիւնը կը կատարուէր ընտանիքներու կողմէ. այս երեւոյթը շարունակուեցաւ մօտաւորապէս մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբները. հայ ընտանիքներու մօտ եւս պարագան տարբեր չէր. սէրը որպէս սուրբ զգացում ընդունելով հանդերձ մարդիկ սէրը «ամօթ» կը նկատէին. անոնց համար սէրը ամունսութեան առաջնորդող զգացում մը ըլլալէ աւելի մարդիկը դժբախտացնող երեւոյթ որպէս կը դիտուէր. վէպերը, երգերն ու բոլոր տաղերը չապրուած սէրերու արցունքը կու լային, հետեւաբար ծնողներու կատարած ընտրութիւնը աւելի «յարմար» պիտի ըլլար՝ քան դէպի սիրոյ ողբերգութիւն առաջնորդուիլը:

ՇՆՈՐՀՔԸ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդուս արդարացումը կու գայ Աստուծոյ շնորհքէն։
Շնորհքը մասնայատուկ «բարիք»ն է. «ձրի օգնութիւն»ը՝ զոր Աստուած կու տայ մարդուս, որպէսզի պատասխանէ Իր կոչին. «ըլլալ որդիներ Աստուծոյ». (ՅՈՎՀ. Ա 12-18), «որդիներ». (ՀՌՈՄ. Ը 14-17), «մասնակիցներ աստուածային բնութեան». (Բ ՊԵՏ. Ա 3-4), եւ «յաւիտենական կեանքին». (ՅՈՎՀ. ԺԷ 3)։

ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Բ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամէն ժամանակաշրջան ամուսնութեան մասին ունեցած է տարբեր տեսակէտ ու հայեցակէտ, որոնք սերունդէ սերունդ փոխանցուելով ենթարկուած են որոշ բարեփոխումներու, հասնելով մինչեւ մեր օրերը. մերօրեայ հասկացողութիւնը եւս ժամանակի ընթացքին պիտի  յեշաշրջուի եւ այս ընթացքը պիտի շարունակուի այնքան ատեն՝ որքան մարդկութիւնը գոյութիւն ունենայ այդ երկիր մոլորակին վրայ:

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԱՂՕԹՔԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներու գրած իր նամակին մէջ կը պարզէ, թէ ինչպէս Յիսուսի աղօթքը կ՚իրագործէ փրկութեան յաղթանակը. «Ինքն է որ Իր երկրաւոր կեանքին օրերուն՝ աղօթքներ եւ պաղատանքներ մատոյց բարձրաձայն եւ արտասուքով Անոր, որ կարող էր զԻնք փրկել մահէն, եւ Ան լսելի եղաւ շնորհիւ Իր հնազանդութեան։ Ինք Որդի ըլլալով հանդերձ, Իր չարչարանքներուն մէջ սորվեցաւ հնազանդութիւնը, եւ կատարելութեան հասնելէ ետք, յաւիտենական փրկութիւն եղաւ անոնց համար, որ իրեն կը հնազանդին». (ԵԲՐ. Ա7-9):

ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Ա.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային պատմութեան  ընթացքին՝ սկսած նախամարդէն մինչեւ մեր օրերը, ամուսնութիւնը ունեցած է իր յատուկ ու ուրոյն տեղը, որով դարեր շարունակ ապահովուած է ցեղախումբերու եւ ազգերու գոյութեան ընթացքը: Ամուսնութիւնը հի՛ն է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը եւ այնպէս ինչպէս այսօր մեր հասարակութեան համար, նոյնպէս նախամարդուն համար կենսական նշանակութիւն ունեցած է, առանց որուն այսօր գոյութիւն չէինք ունենար:

ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԲՈՂՋ ՄԸՆ Է

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բնութիւնը օժտած, յարմարցուցած եւ կարգաւորած է ամբողջ կենդանութիւնը եւ բուսականութիւնը յատուկ ատակութիւններով եւ զարմանալի մեքենականութեամբ, իր կեանքը տեւականացնելու համար։ Արդարեւ, երբ տակաւին մարդը գոյութիւն չունէր, բուսականութիւնը գոյութիւն ունէր։ Եւ այս բուսական աշխարհը ստեղծած, մշակած են բնութեան մշակները։

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Լ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այս բաժնով որպէս վերջաբան կ՚ուզենք ձեր հետ բաժնել մեր մեծագոյն մանկավարժներէն Խրիմեան Հայրիկի մտածումներով, որոնք հակառակ 135-145 տարուան հնութեան, կը շարունակէ մնալ այժմէական:
Այդ աշխատութիւններէն մեծագոյնը կարելի է նկատել Խրիմեան Հայրիկի «Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց» աշխատութիւնը, որ գրուած է մեր թուականէն 147 տարիներ առաջ՝ 1876 թուականին:

ՓՆՏՌԵԼ, ԳՏՆԵԼ ԵՒ ՊԱՀԵԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ նպատակի մը հասնելու, յաջողած ըլլալու համար՝ անհրաժեշտ են անցնիլ երեք հանգրուաններէ, կամ ըսենք, երեք գործողութիւններէ։ Արդարեւ, նպատակի հասնիլ դիւրին չէ. վաստակ, աշխատանք պէտք է յաջողութեան համար։

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԻԹ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իւրաքանչիւր ծնողք իր ձեռքին մէջ ունի կաւ մը, որով Աստուծոյ օրհնութեամբ իր նմանը պատրաստելու կոչուած է: Հմտութիւնը այդ կաւով քանի հատ «նման»ներ պատրաստելու մէջ չէ. երեք կամ չորս զաւակ ունեցող ծնողքը աւելի «յաջող» կարելի չէ նկատել, քան միազաւակ ծնողք մը, որովհետեւ գուցէ ամենէն շատ այդտեղ որակը պէտք է շեշտել եւ ոչ քանակը:

ՆԵՐՈՂԱՄԻՏ ԸԼԼԱԼ ԲԱՅՑ ՉՄՈՌՆԱ՛Լ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ներողամտութիւնը առաքինութիւն է եւ նաեւ՝ վեհանձնութիւն, եւ ո՛չ մէկ տարակոյս այս մասին, եւ ո՛չ մէկ առարկութիւն անշուշտ, բայց…
Բայց, երբ արարքը մոռցուի, ի՞նչ արժէք կ՚ունենայ զայն ներելը։ Եւ եթէ մոռցուի, ո՞վ կրնայ վստահեցնել, որ պիտի չկրկնուի նոյն արարքը։ 

Էջեր