ԻՆԿԱԾՆԵՐԸ՝ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարմնավաճառութիւնն ու պոռնկութիւնը բարոյակա՞ն հարց է՝ թէ ընկերային, տակաւին յստակ չէ. սակայն պատահականութիւն մը չէ, որ նիւթապէս աղքատ երկիրներու մէջ անոնց գոյութիւնը աւելի կը տեսնենք։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարմնավաճառութիւնն ու պոռնկութիւնը բարոյակա՞ն հարց է՝ թէ ընկերային, տակաւին յստակ չէ. սակայն պատահականութիւն մը չէ, որ նիւթապէս աղքատ երկիրներու մէջ անոնց գոյութիւնը աւելի կը տեսնենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ սխալներ, վրիպումներ եւ յանցանքներ անխուսափելի են։ Բայց կան այնպիսի սխալներ, այնպիսի յանցանքներ՝ որոնք կրնան փոխել ամբողջ կեանքին ընթացքը, ո՛չ միայն յանցաւորին, այլ նաեւ՝ ընտանիքի մը եւ կամ ժողովուրդի մը ամբողջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Չնայած Կոմիտասը մեծարելու մեր ազգային ջանքերուն, պէտք է առերեսուինք այն դառն ճշմարտութեան հետ, որ մեծ վարդապետին անունով փողոցներ, երաժշտանոցներ, դպրոցներ ու հրապարակներ կառուցելը երբեք պիտի չկրնայ ամոքել այն ցաւերն ու տառապանքները, որոնք ան ունեցած է իր կենդանութեան ժամանակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ով Իսրայէլ, մտիկ ըրէ. մեր Տէր Աստուածը մի միայն մէկ Տէր է։ Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ եւ բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երկու մեծահասակներ, խորապէս արմատացած իրենց համոզումներուն մէջ, Երեւանի աննշմար մէկ անկիւնը իրենց հակասական կարծիքներով կը փորձէին ազգը «փրկել». մին կը մեղադրէր ռուսը, իսկ միւսը՝ ամերիկացին. առաջինը կը հաւատար, թէ ռուսը պարտի «փրկել» հայ ժողովուրդը, իսկ երկրորդը յոյսը ամբողջութեամբ դրած էր Ամերիկայի վրայ. գուցէ նման վէճեր Հայաստանի մէջ ամէ՛ն օր աւելի քան մի քանի տասնեակ հազար անգամ կը կրկնուի՝ առանց դրական արդիւնք մը փոխանցելու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ եւ օտարազգի վկայաբանութիւններ Հայոց երկրորդ քարոզիչ կը համարեն Բարթուղիմէոս առաքեալը՝ որ Աւետարանի մէջ յիշատակուած Նաթանայէլի հետ նոյն անձը կը համարուի։ (ՅՈՎՀ. Ա 43-51)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն աւելի քան 120 տարիներ առաջ հրատարակուած թերթի մը մէջ հանդիպեցայ հետեւեալ արտայայտութեան. «Երանի՜ անոնց, որք կարող են դիւրաւ արտասուել»: Աշխարհի մը մէջ, ուր բոլորը խոյս կու տան արտասուելէ, մտածող մը «երանի՜» կու տայ եւ այս մէկը վստահաբար կրնայ որպէս հակասութիւն երեւիլ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային միտքը սովորաբար շատ հանդարտ եւ, հետեւաբար, շատ յատուկ հասկացողութեամբ մը կ՚անդրադառնայ աւելի հեռակայ քան թէ մօտը գտնուած իրի մը վրայ. աւելի անցեալ քան թէ ներկայապէս կատարուող դէպքերու վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ շատ մը յոյզեր կը ձեւաւորուին ժամանակի ընթացքին՝ հիմնուելով փորձառութեան վրայ, սակայն կան անդին այլ յոյզեր, որոնք ի բնէ մարդուն մէջ գոյութիւն ունին. այդ յոյզերէն մէկն է վախը, որ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ մեր ամբողջ կեանքին վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
64 տարեկան էր, երբ Շնորհալին կաթողիկոս դարձաւ. (Սուրբ Ներսէս Դ. Կլայեցի. 1166-1173), թէեւ մարմնով տկար՝ բայց ան նոյն հոգւով եւ եռանդով կառավարեց Հայ Եկեղեցին, ինչպէս երբեմն իբրեւ խորհրդական եւ գոյակից իր եղբօրը։