ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՈՒՂԻՂ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԽՏՈՒԹԻՒՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անգարա-Երեւան բնականոնացման որոնումներու համայնապատկերին վրայ ուշագրաւ դարձած են Էրտողանի եւ Փաշինեանի յաճախակի ժամադրութիւնները:
Նախագահին ու վարչապետին միջեւ Նիւ Եորքի Թրքական տան երդիքին տակ երէկ փոխանակուած գրականութիւնը հետաքրքրական ազդանշաններ կու տայ երկու երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն տեսակէտէ: