Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն 25 տարեկան…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայոց պետականութեան անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանը ներկայիս ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ համակած է համայն հայութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայոց պետականութեան անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանը ներկայիս ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ համակած է համայն հայութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այսօր 2016-2017 կրթական տարուան առաջին օրն է։ Նոր շրջան մը կը սկսի՝ մարդկային ամէն տեսակ զգացումներու միաձուլմամբ։ Եռանդն ու սպասումները, կամքն ու նպատակները, տաղանդն ու աշխատանքը միահիւսուած են՝ ահաւասիկ... Վերամուտը կը խորհրդանշուի նաեւ վեհ տրամադրութիւնով մը՝ ընկերսիրութեամբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ այս սիւնակին մէջ հարկադիր պատասխան մը հասցէագրած էինք Բագրատ Էսդուգեանի կողմէ «Ակօս» շաբաթաթերթի մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մասին յառաջ քշուած շարք մը պնդումներուն շուրջ։ Անցաւ շաբաթ մը եւ հիմա Բագրատ Էսդուգեան ստորագրած է ուրիշ գրութիւն մը՝ «Աւարտ անհաճոյ վէճի» խորագրեալ։ Կարճ խօսքով, հրադադար կ՚առաջարկէ մեր բարեկամը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նատիա Կիւլմէզկիլը կորսնցուցինք։ Բոլոր անոնք, որոնք քիչ թէ շատ տեղեակ էին իր առողջական վիճակին՝ լռելեայն ձեւով կը գիտակցէին, թէ ան իրենցմէ հրաժեշտ պիտի առնէ անժամանակ։ Անսպասելի չէր իր մահը, սակայն այդ հանգամանքը չի մեղմացներ կորուստին պատճառած ցաւը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա շաբաթավերջին հերթական ցնցումը ապրեցաւ՝ Կազիանթէպէն հասած ահաբեկչական յարձակման լուրով։ Սահմռկեցուցիչ դէպքը ունեցաւ շատ ծանր հետեւանքներ. աւելի քան յիսուն զոհեր։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Իր աշխատակցած թերթին մէջ զբաղեցուցած սիւնակը՝ երբեմնի սեւ պեխերով ու քիթով խորհրդանշած հրապարակագիր մը այս շաբթուան հերթական յօդուածին մէջ անդրադարձեր է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած գրութեան մը։ Հեղինակը քննադատելի նկատեր է մեր թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածներէն մէկուն բովանդակութիւնը եւ իր հակափաստարկները թուարկեր՝ այդ յօդուածը ստորագրած մեր աշխատակցին դէմ։ Մինչեւ այստեղ անհասկնալի կամ անըմբռնելի ոչինչ կայ. բնական երեւոյթ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա կ՚ապրի արտասովոր ժամանակներ։ Նման իրավիճակներու մէջ, աշխարհի ամէն կողմ, փոքրամասնական հաւաքականութիւնները բարոյահոգեբանական առումով կը դառնան գերզգայուն։ Անհասկնալի, արտասովոր ոչինչ կայ այստեղ։ Թրքահայութիւնն ալ նման հոգեվիճակի մը մէջ է ներկայիս, ապահովաբար մեր երկրի միւս փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն հետ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմի Նիսի ծուխին իրադարձութիւնները Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ վերստին օրակարգի վրայ են։ Օրինաւոր Ծխական խորհուրդը արդէն բոլոր պատրաստութիւնները տեսած է տաղաւարին առթիւ։ Տօնակատարութիւնները տեղի կ՚ունենան Հայ Առաքելական հաւատացեալներուն տրամադրուած ֆրանսական եկեղեցւոյ մէջ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ օրակարգին թիւ մէկ նիւթը։ Ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցի բացայայտման գործընթացը, ձախող պետական հարուածի լայնածաւալ հետաքննութիւնը քանի մը շաբաթէ ի վեր կը գտնուին հանրային կարծիքի ուշադրութեան կիզակէտին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա շուրջ տասը օրէ ի վեր ցնցիչ իրադարձութիւններու շարան մը կ՚ապրի։ Պետական հարուածի ձախող փորձը եկած է հիմնովին փոխել երկրի կլիման։ Առաջին օրերուն խուճապի եւ տագնապի տպաւորութիւնը, զգացումը գերակշիռ էր։ Երբ անցան օրերը, բաւական կարճ ժամանակի ընթացքին սկսաւ գերակշռել այն համոզումը, թէ երկրին կեանքը պէտք է փութով վերադառնայ իր բնականոն հունը։