Միջազգային գործօններ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ մէջ պատահած զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը լայն արձագանգ գտած է նաեւ համաշխարհային բեմահարթակին վրայ։ Բնականաբար հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը առաջին հերթին անխուսափելիօրէն կեդրոնացած է ներքին քաղաքական կեանքին վրայ, սակայն այս խնդիրը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէ եւս մարտահրաւէրներ կը բերէ իր հետ։