Վերամուտի առթիւ զրոյց՝ նոր սերունդէ հայերէնի ուսուցիչ Արաս Սարըչոպանի հետ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այսօր 2016-2017 կրթական տարուան առաջին օրն է։ Նոր շրջան մը կը սկսի՝ մարդկային ամէն տեսակ զգացումներու միաձուլմամբ։ Եռանդն ու սպասումները, կամքն ու նպատակները, տաղանդն ու աշխատանքը միահիւսուած են՝ ահաւասիկ... Վերամուտը կը խորհրդանշուի նաեւ վեհ տրամադրութիւնով մը՝ ընկերսիրութեամբ։