Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017

Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոն­­տո­նի մէջ բա­ցուե­ցաւ Մի­քե­լան­ճե­լո­յի եւ Սե­պաս­տիա­նո­յի հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քին նուի­րուած ցու­ցա­հան­դէս մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ա­ւար­տեց իր պաշ­տօ­նա­կան շփում­նե­րը Մոս­կուա­յի մէջ։ Այ­ցե­լու­թեան ծրագ­րի գա­գաթ­նա­յին հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան այս փու­լին։

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս ա­ռա­ւօտ մե­զի յայտ­նեց, որ կը հրա­ժա­րի «Յո­վա­կիմ 1461» նո­րաս­տեղծ վա­քը­ֆի իր պաշ­տօն­նե­րէն։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, այս վա­քը­ֆը Պատ­րիար­քա­րա­նի ա­ռըն­թեր հաս­տա­տուած էր վեր­ջին շրջան­նե­րուն՝ Ա­թո­ռի պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կի բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ հա­սոյթ­ներ ա­պա­հո­վե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու մտադ­րու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մար­տի 14-ին, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ հրա­ւի­րուած էինք գիր­քե­րու շնոր­հան­դէ­սի: Հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուե­ցան Սփիւռ­քի եւ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ հրա­տա­րա­կուած «Հայ հե­րո­սու­հի կա­նայ­ք» եւ «Հայ կա­նայք 19-րդ դա­րա­վեր­ջի եւ 20-րդ դա­րաս­կիզ­բի հե­րո­սա­մար­տի տա­րի­նե­րու­ն» գիր­քե­րը, ո­րոնց­մէ ա­ռա­ջի­նը Է­դիկ Մի­նա­սեա­նի աշ­խա­տանքն է, իսկ երկ­րոր­դը՝ Է­դիկ Մի­նա­սեա­նի եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Սփիւռ­քա­գի­տու­թեան ամ­պիո­նի դա­սա­խօս՝ Տա­թե­ւիկ Մի­նա­սեա­նի հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քը:

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Ա­հա­ւա­սիկ բնու­թիւ­նը կը խօ­սի, ա­նոր՝ որ զայն կը  կար­դայ. Հո­րո­վել կ՚եր­գէ, ա­նոր որ գի­տէ ըմ­բոշխ­նել, սա­կայն, ուր­կէ՞ են այդ գի­տե­լիք­նե­րը, խօս­քե­րը, ե­րաժշ­տա­կան ե­լե­ւէջ­նե­րը. այն­քան հո­գեգ­րաւ ապ­րում­նե­րով ու մենք՝ զա­նոնք կ՚ըմ­բոշխ­նենք ու կը հիա­նանք:

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ա­սուպ մըն է կը սա­հի, կ՚եր­թայ. պայ­ծառ երկն­քի աստ­ղե­րուն մէ­ջէն կը սու­րայ ա­րագ, շատ ա­րագ. փայ­լուն ակն­թար­թի մը պէս ան­հետ կը կոր­չի, ե­տին ձգե­լով յուշ մը ան­մո­ռաց, այլ դրոշմ մը, տեղ մը դա­ջուած, որ կը յու­շէ այդ ակն­թար­թին փայ­լա­տա­կու­մը:

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Սուտ»ը ճշմար­տու­թեան փո­խուած, այ­լա­սե­րած ձեւն է, իսկ «ստա­խօս»ը՝ ճշմա­րի­տը ծած­կող, խա­փա­նող, ճշմար­տու­թեան յայտ­նու­թեա­նը ար­գելք հան­դի­սա­ցող, խա­բէա­կան հնարք­նե­րով զայն տար­բեր կեր­պով ցոյց տա­լու աշ­խա­տող անձն է։

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017

Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րին կող­մէ տե­ղա­պահ ընտ­րուած Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան (ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Տիգ­րան) ծնած է 21 Դեկ­տեմ­բեր 1942 թուա­կա­նին Իս­թան­պու­լի մէջ։ Նա­խակր­թա­րա­նի եւ միջ­նա­կար­գի ու­սու­մը ստա­ցած է Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ, ա­ւե­լի վերջ յա­ճա­խած է Սուրբ Խաչ դպրե­վանք։

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017

Ա­մե­րի­կեան The New York Times պար­բե­րա­կա­նը անդ­րա­դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի մէջ լայն տա­րա­ծում ու­նե­ցող ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն՝ «Ակ­ռա­հա­տիկ»ին: Ըստ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան, յօ­դուա­ծա­գի­րը կը նշէ, որ «Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­րա­խա­նե­րը ի­րենց մաս­նա­գի­տու­թեան մա­սին կը սկսին մտա­ծե­լու շատ փոքր տա­րի­քէն՝ տա­կա­ւին վեց ամ­սու ե­ղած ա­տեն»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017

Լե­հաս­տա­նի Քիել­ցէ քա­ղա­քին մէջ պի­տի բա­ցուի հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րու ցու­ցա­հան­դէս մը։ Ձե­ռագ­րե­րը եւ ա­ւե­տա­րան­նե­րը հա­մաշ­խար­հա­յին նշա­նա­կու­թեան բա­ցա­ռիկ յու­շար­ձան են՝ հա­յե­րու հա­մար նոյն­քան սրբու­թիւն, որ­քան ուղ­ղա­փառ­նե­րու հա­մար սրբա­պատ­կեր­նե­րը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017

​«Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մը խօս­քի ծանր խան­գա­րում­ներ ու­նե­ցող ե­րա­խա­նե­րու Ե­րե­ւա­նի թիւ 8 յա­տուկ դպրո­ցին մէջ հիմ­նած է կա­րու­ձե­ւի դա­սա­սե­նեակ անհ­րա­ժեշտ կա­հոյ­քով, կա­րի մե­քե­նա­նե­րով, մաս­նա­գի­տա­կան գոր­ծիք­նե­րով ու նիւ­թե­րով: Ծրագ­րին նիւ­թա­պէս ա­ջակ­ցած է HSBC Հա­յաս­տան դրա­մա­տու­նը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017

Ար­հես­տա­վարժ կռփա­մար­տի թե­թե­ւա­գոյն կար­գի աշ­խար­հի նախ­կին բա­ցար­ձակ ա­խո­յեան Վիք Տար­չի­նեա­նի 43-րդ յաղ­թա­նա­կը ե­ղաւ տպա­ւո­րիչ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017

Թուրքիա եւ Իրաք պատրաստակամ են զարգացնել երկկողմանի գործակցութիւնը:
Պինալի Եըլտըրըմ եւ Հայտար Էլ Իպատի կանգ առին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վրայ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահները այսօր Քրեմլինի պալատէն ներս ժամադրուած են՝ քննարկելու համար ղարաբաղեան հիմնախնդիրը:
Սերժ Սարգսեան. «Անվտանգութեան հարցերը կը շարունակեն խիստ արդիական մնալ Երեւանի համար, որ ջանքեր կը գործադրէ կանխելու համար լարուածութիւնները»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րէն Է­րօլ Սա­րա­ֆեան վեր­ջին շրջա­նին Պատ­րիար­քա­րա­նին նու­ի­րա­բե­րած է իր լու­սա­հո­գի մեծ­հօր սա­տա­փեայ գրչա­տու­փը։ Ե­րէկ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Է­րօլ Սա­րա­ֆեա­նը, ո­րու հետ մեր ու­նե­ցած ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին պա­տա­հա­բար տե­ղե­կա­ցանք այս պա­րա­գա­յին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017

Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ կը ստեղծուի արտասովոր խանդավառութիւն:
Առլին Շահպազ Շերեմեթի վերահսկողութեան ներքեւ ընկերամշակութային բազմակողմանի ծրագիր մը կը գործադրուի՝ հեղինակաւոր մասնագէտներու ներգրաւմամբ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017

Գեր­մա­նա­հա­յոց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ այց մը տուաւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նին։ Այս վեր­ջի­նը իր գրա­սե­նեա­կին մէջ ջեր­մօ­րէն հիւ­րըն­կա­լեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան առ­կա­խեալ գոր­ծըն­թա­ցը թե­ւա­կո­խած է ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին փուլ մը։ Այ­սօր կ՚ընտ­րուի Ա­թո­ռի տե­ղա­պա­հը, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին մեր հա­մայն­քը պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան։ Վեր­ջին ինն տա­րի­նե­րու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ սա շատ լուրջ ու նոյն­քան պա­տաս­խա­նա­տու պահ մըն է։

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017

Պոլսոյ Պատրիարքութեան Եկեղեցականաց համագումարը Գումգաբուի մէջ այսօր նախատեսուած նիստով պաշտօնի կը կոչէ տեղապահ մը, որ պիտի կրէ ծանր բեռ մը:
Մեր դարաւոր Աթոռի երեք սրբազաննարը կ՚ակնկալեն եկեղեցականաց դասուն հաւանութիւնը՝ համայնքը առաջնորդելու համար պատրիարքական ընտրութեան, ամրապնդելով ժողովուրդին վստահութիւնը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Ե­կե­ղե­ցա­կան Ի­րա­ւուն­քի հա­մա­ձայն «Կտակ» կը նշա­նա­կէ ան­ձի մը իր սե­փա­կան հարս­տու­թեան վրայ, իր ա­զատ կամ­քով եւ մա­հէն ետք գոր­ծադ­րե­լի կար­գադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րել։ Ուս­տի ոե­ւէ ա­ռող­ջա­միտ եւ չա­փա­հաս անձ, ո՛չ վա­նա­կան դա­սա­կար­գէ, իր սե­փա­կան ստա­ցուած­քը ու­զա­ծին պէս կտա­կե­լու ա­զատ է։

Էջեր