Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, 9 Ապ­րի­լին Գեր­մա­նիան ներ­կա­յաց­նող հայ կռփա­մար­տիկ Ար­թուր Աբ­րա­համ Լաս Վե­կա­սի մէջ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, իր կա­տա­րած ճա­կա­տու­մին ըն­թաց­քին մի­ջին կար­գի WBO-ի աշ­խար­հի ա­խո­յեա­նի կո­չու­մը զի­ջե­ցաւ մեք­սի­կա­ցի Խիլ­պեր­թօ Ռա­մի­րէ­զին:

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, մի՛ թո­ղուք որ ձեր մտա­ծում­ներն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը մո­լո­րեց­նեն ձեզ։ Դի­տե­ցէք ձեր շուր­ջը, ա­հա­ւա­սի՛կ գա­րո՜ւն է՝ բնու­թիւ­նը վե­րա­կեն­դա­նա­ցեր է, ա­մէ­նու­րեք ու­րա­խու­թիւն, հրճուանք, խնդու­թիւն, ա­մէն ոք զուարթ ու շէն. եւ կար­ծես կեան­քը նոր կը սկսի։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­րուեստ էքս­փօ-2016» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ ար­ժա­նա­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Իր տե­սա­կին մէջ երկ­րորդ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը ձօ­նուած էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ ա­ռեւ­տու­րի նոր կեդ­րո­նի մը, որ կը կո­չուի «Տա­շիր Սթրիթ»։ Հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, 12 հա­զար քա­ռա­կու­սի մեթր ընդ­հա­նուր մա­կե­րես ու­նի այս հա­մա­լի­րը, որ կա­ռու­ցուած է «Տա­շիր» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու խում­բին կող­մէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րի հի­ման վրայ, Մով­սէս Յա­կո­բեան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան կը մաս­նակ­ցի Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան եւ ա­նոր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ կը շա­րու­նա­կեն տու­ժել նաեւ երկ­րի հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Բե­րիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ տե­ղե­կա­ցուց, որ Գա­միշ­լիի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած է ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած է հայ մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Իս­թան­պու­լի մէջ այ­սօր սկսաւ ՄԱԿ-ի Հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, որ կ՚եզ­րա­փա­կուի վա­ղը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի հա­մա­տեղ տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, որ աշ­խար­հի 60 եր­կիր­նե­րէ ղե­կա­վար­ներ հա­մախմ­բած է Իս­թան­պու­լի մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ա­մէն բան սկիզբ կ­­՚առ­նէր, երբ բրի­տա­նա­կան The Independant պար­բե­րա­կա­նը կը գրէր, թէ Նիւ Եոր­քի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Ռու­տի Ճիւ­լիա­նի սէուտ­ցի իշ­խա­նէ մը 10 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար ստա­նա­լու խոս­տում մը ստա­ցած էր: Սէուտ­ցի իշ­խա­նը, ո­րուն ա­նու­նը ցարդ կը մնայ ան­յայտ, Ճիւ­լիա­նիէն կը պա­հան­ջէր կա­րե­ւոր ճնշում­ներ ի­րա­գոր­ծել 2001 թուա­կա­նին Նիւ Եոր­քի Twin Tower-ի յար­ձակ­ման հետ սէուտ­ցի ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ա­ռըն­չու­թեան մա­սին բո­լոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը թաքց­նե­լու հա­մար:

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

ԱՔ կուսակցութիւնը շաբաթավերջի արտահերթ համագումարի արդիւնքին ընտրեց իր նոր ղեկավարը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կառավարութիւն կազմելու համար պաշտօնի կոչեց նորընտիր կուսակցապետը:

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016

Կաթոլիկ, Ռուս եւ Ասորի եկեղեցիներուն կողմէ հիւրեր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն զօրակցելու մասին:

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Տի­մա Ալ Ո­ւաուի կը հան­դի­սա­նայ պա­ղես­տին­ցի ա­մե­նա­փոքր քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեա­լը: Տաս­ներ­կու տա­րե­կան պա­ղես­տին­ցի պար­մա­նու­հին եր­կու­քու­կէս ա­միս բան­տար­կուած մնա­լէ ետք ա­զատ կ­­՚ար­ձա­կուէր 24 Ապ­րիլ 2016-ին: Ո­ւաուի ա­զատ կ՚ար­ձա­կուէր Թուլ Քարմ շրջա­նին մէջ, ուր ա­նոր դի­մա­ւո­րե­լու ե­կած էր Պա­ղես­տի­նի կա­ռա­վա­րու­թեան Գե­րի­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու հար­ցե­րով նա­խա­րար՝ Ի­սա Ալ Քա­րա­քէհ ու ա­նոր ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րը:

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016

Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետին Հայաստան ուղեւորութիւնը այժմէն մեծ հետաքրքրութեան առարկայ:
Վեհափառ Հայրապետը եւ Սրբազան Պապը պիտի ստորագրեն համատեղ յայտարարութիւն մը:

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Մա­յիս 13-ին կ­­՚ո­գե­կո­չենք մա­հո­ւան 86-րդ ­տա­րե­լի­ցը նոր­վե­կիա­ցի մեծ մար­դա­սէր Ֆ­­րի­տեոֆ Նան­սէ­նի, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան է­ջե­րուն ար­ժա­նի տեղ գրա­ւած հա­յա­սէր օ­տար­նե­րու փա­ղան­գին մէջ՝ կը զա­տո­րո­շո­ւի հա­յա­պաշտ­պա­նի իւ­րա­յա­տուկ լու­սապսա­կով։

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Լի­բա­նա­նի տե­ղա­կան վար­չու­թեան, Թէ­քէեան կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ լի­բա­նա­նա­հայ մշա­կոյ­թի կեր­տիչ­նե­րու ձեռ­նարկ՝ նուի­րուած Անդ­րա­նիկ Ծ. Վրդ. Կռա­նեա­նի: Ձեռ­նար­կը նա­խա­ձեռ­նուած էր ի պա­տիւ Անդ­րա­նիկ Ծ. Վրդ. Կռա­նեա­նի՝ իբ­րեւ մէ­կը լի­բա­նա­նա­հայ մշա­կոյ­թի կեր­տիչ­նե­րէն, նպա­տակ ու­նե­նա­լով լու­սար­ձա­կի տակ առ­նել ա­նոր կեան­քը եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու­ղին:

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016

«Կո­մի­տաս» լա­րա­յին­նե­րու քա­ռեա­կը վեր­ջերս հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Այս քա­ռեա­կը միշտ նո­րո­վի հա­ճոյ­քով կ՚ունկնդ­րուի ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն կող­մէ։

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մի՛ վախ­նար, փոք­րիկ հօտ, քա­նի որ Հայ­րը հա­ճե­ցաւ որ Ար­քա­յու­թիւ­նը ձե­զի տայ» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 32)։

Կա­րե­լի է ը­սուի, թէ այ­սօր Ե­կե­ղե­ցին եր­բեք են­թա­կայ չէ նե­ղու­թիւն­նե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու եւ ա­զատ է ու խա­ղա­ղու­թիւն կը վա­յե­լէ։ Ե­րե­ւու­թա­պէս այս­պէս է, բայց ե­թէ խո­րա­պէս ու­սում­նա­սի­րուի, պի­տի տես­նուի, թէ «ա­նու­նով քրիս­տո­նեա­ներ»՝ ո­րոնք կը կազ­մեն Ե­կե­ղե­ցին, այն­քան հա­մա­կեր­պած են աշ­խար­հի, որ շատ քիչ հա­կա­ռա­կու­թիւն ու­նի ա­նոր հետ, եւ նոյ­նիսկ եր­բեք չու­նի՛։

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016

Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նու­թեան Քա­զան քա­ղա­քին մէջ Մա­յի­սի 12-16 թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Սամ­պո­յի Եւ­րո­պա­յի տղա­մար­դոց, կա­նանց եւ մար­տա­կան սամ­պո­յի ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, ո­րուն Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յա­ցաւ իր լա­ւա­գոյն մար­զիկ­նե­րով:

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016

Դա­մաս­կո­սի հա­մալ­սա­րա­նի Լե­զու­նե­րու բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­րա­նէն ներս բա­ցո­ւած է «Լե­զու­նե­րու ար­խի­ւաց­ման կեդ­րոն» եւ փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան նիւ­թե­րու սրահ:

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016

Պետրոս Թերզեան. «Արցախի հողին վրայ կը գտնուի այսօրուան հայոց պատմութիւնը»:
«Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի ղեկավարը այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ:

Էջեր