Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015

«Սփիւռք ա­մառ­նա­յին դպրոց-2015» ծրագ­րի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, մաս­նակ­ցու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի։ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սու­թիւ­նը, որ հա­մախմ­բեց այս տա­րուան ծրագ­րին մաս­նա­կից 126 սփիւռ­քա­հայ կրթա­կան մշակ­ներ, ո­րոնք Ե­րե­ւան մեկ­նած են Ռու­սաս­տա­նէն, Ուք­րայ­նա­յէն, Վրաս­տա­նէն, Լի­բա­նա­նէն, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Ռու­մա­նիա­յէն, Ի­տա­լիա­յէն, Սպա­նիա­յէն եւ Չա­խիա­յէն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Օ­րեր ա­ռաջ հա­մա­ցան­ցի վրայ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուե­ցաւ խումբ մը մել­գո­նեան­ցի­նե­րու խմբագ­րած բաց նա­մա­կը ուղ­ղուած Հայաստանի Նա­խա­գա­հ Սերժ Սարգսեանին: Անց­նող տա­րի­նե­րուն մէ­կէ ա­ւե­լի ա­ռիթ­նե­րով խօ­սո­ւած է նախ­կին մել­գո­նեան­ցի­նե­րու հա­մախմբ­ման մա­սին:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րի հի­ման վրայ, Հա­յաս­տա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Յով­հան­նէս Մա­նու­կեան ե­րէկ ա­զա­տուե­ցաւ իր պաշ­տօ­նէն։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ իֆ­թա­րի հա­ւա­քոյթ մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ շուրջ եր­կու հա­զար հո­գի։ Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ պատ­րաս­տուած էր այս սե­ղա­նը, որ դար­ձած է ա­ւան­դա­կան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015

Պա­քուի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նոր­դուիլ ար­մա­տա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով եւ իր սադ­րիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ կը փոր­ձէ լա­րուա­ծու­թիւ­նը պա­հել բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ե­րէկ այս ա­ռու­մով ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015

Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ գո­յա­ցած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին։ Ե­րէկ, Վիեն­նա­յի մէջ, Եւ­րո­միու­թեան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ անվ­տան­գու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գե­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի եւ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կան այս հա­մա­ձայ­նու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ծե­րա­կոյ­տի յատ­կա­ցում­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վը ո­րո­շեց վե­րա­կանգ­նել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը ա­մե­րի­կեան օ­ժան­դա­կու­թիւն ստա­ցող­նե­րու շար­քին։ Նոյն յանձ­նա­ժո­ղո­վը ո­րո­շեց նաեւ ա­ւելց­նել Հա­յաս­տա­նին հա­մար յատ­կա­ցուող գու­մա­րը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015

«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները դարձեալ վերադարձան Երեւանի կեդրոնի փողոցները:
Կը պահանջուի ոստիկանները ենթարկել պատասխանատուութեան: Այսօր եւս տեղի կ՚ունենան ցոյցեր:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015

​Անգարայի մէջ կը շարունակուին համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու ուղղեալ միջկուսակցական շփումները:
Տավուտօղլու-Պահչելի տեսակցութեան ընթացքին առաջին փուլին լուրջ ազդանշաններ չտրուեցան ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի համագործակցութեան համար:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015

Ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը հիւ­րըն­կա­լեց սփիւռ­քա­հայ կրթա­կան մշակ­ներ, ո­րոնք վե­րա­պատ­րաստ­ման դա­սըն­թացք­նե­րու կը մաս­նակ­ցին Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Վաթ­սու­ներ­կու հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ այս խում­բին հետ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը մէկ­տե­ղուե­ցաւ Մայ­րա­վան­քի տա­րած­քի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» Մա­տե­նա­դա­րա­նի դահ­լի­ճի յար­կին ներ­քեւ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՜վ գի­տէ որ­քան բա­րիք, որ­քան գե­ղեց­կու­թիւն կ՚ան­տե­սենք՝ ո­րոնք կը գտնուին մեր շուր­ջը, ան­մի­ջա­պէս մեր մօ­տը, եւ մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը կը կեդ­րո­նաց­նենք ա­ւե­լի չա­րիք­նե­րու, տգե­ղու­թիւն­նե­րու։ Եւ ա­ւե­լի ցա­ւա­լին՝ սու­տը, սխա­լը ան­մի­ջա­պէս կը հրա­պու­րէ մեզ, բայց ճշմա­րի­տը, շի­տա­կը կը վրի­պի մեր ու­շադ­րու­թե­նէն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի այ­ցե­լէ Ան­թի­լիաս։ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ կա­տա­րուե­լիք միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցի Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015

Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցե­լիք Իս­թան­պու­լի խում­բե­րը այս օ­րե­րուն թա­փով յա­ռաջ կը տա­նին ի­րենց նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեան մե­զի յայտ­նեց, թէ վար­ձա­կալ կը փնտռուի Սկիւ­տա­րի եր­բեմ­նի Ներ­սէ­սեան-Եր­մո­նեան վար­ժա­րա­նի շէն­քին հա­մար։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր չի գոր­ծեր այս վար­ժա­րա­նը, ո­րու շէն­քին սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը պաշ­տօ­նա­պէս կը պատ­կա­նի Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Միջազգային համբաւի տիրացած գիտնականը բազմակողմանի գործունէութիւնը չի սահմանափակեր զուտ իր մասնագիտութեամբ:
Տքթ. Արմէն Տէր-Կիւրեղեանի Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի պատկերասրահին մէջ բացած ցուցահանդէսը արժանացած լուրջ հետաքրքրութեան:

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կը պատ­մուի, թէ մարդ մը ե­րեք ըն­կեր­ներ ու­նէր։ Ան ե­րեք ըն­կեր­նե­րէն եր­կու­քը շատ կը սի­րէր, իսկ եր­րոր­դին հան­դէպ ան­տար­բեր էր, հա­կա­ռակ ա­նոր որ եր­րորդ ըն­կե­րը ա­ւե­լի կա­պուած էր ի­րեն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նը վեր­ջերս Դի­լի­ջա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պեց կի­րակ­նօ­րեայ կրթօ­ճախ­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մա­ժո­ղով մը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ վե­րա­պատ­րաս­տա­կան ծրագ­րի մը բնոյ­թը կը կրէր այս մէ­կը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Մոս­կուա­յի մէջ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015

Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րին շուրջ տա­րի­նե­րէ ի վեր ապ­րուած ճգնա­ժա­մա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն վերջ, ի վեր­ջոյ հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ Թեհ­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 14, 2015

Յու­նաս­տա­նի ելմ­տա­կան ճգնա­ժա­մի վե­րա­բե­րեալ հար­ցը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գը։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին այս խնդրին շուրջ կազ­մա­կեր­պուած հան­րա­քուէէն վերջ, Յու­նաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը յա­ջո­ղե­ցաւ հա­մա­ձայ­նու­թեան եզր մը գտնել Եւ­րո­յի գօ­տիի եր­կիր­նե­րուն հետ։ Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ

Էջեր