Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արենակցական կամ ազգակցական աստիճան եւ կամ պորտ կ՚անուանուի՝ մէկու մը կապը միւսի հետ ծննդեամբ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վիթխարի գիտակրթական նախագիծ մը, որ կ՚առանձնանայ իր ծաւալով եւ կարեւոր հեռանկարներ կը խոստանայ երկրի ապագային համար:
Հիմնարկի խորհուրդի անդամներէն Մհեր Պեքարեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Նիւ Եորքի Ս. Վարդան մայր տաճարի «Շուշի» պարախումբի անդամները, որոնք ներկայիս կ՚այցելեն Երեւան։
Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ այս տարի եւս ամրան շրջանին վերապատրաստման դասընթացքներ կազմակերպուած են սփիւռքահայ կրթական մշակներու համար։
Գանատահայ համայնքի սիրուած ու յարգուած երէց սերունդի անձնաւորութիւններէն Տքթ. Արթօ Տէմիրճեան վերջերս պարգեւատրուած է Քէպէքի Ատամնաբոյժներու ընկերակցութեան կողմէ։
Միջազգային Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ եւ եւրոպական Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փաթրիք Հիքէ յառաջիկայ Սեպտեմբերին պիտի այցելեն Երեւան՝ մասնակցելու համար Հայաստանի Ողիմպիական ազգային կոմիտէի հիմնադրութեան 25-ամեակի յոբելենական արարողութիւններուն։
Պելժիոյ Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը երէկ քուէարկեց հայկական հարցին վերաբերեալ նախագիծ մը, որ պատրաստուած էր երկրի կառավարութեան կողմէ։
Ալֆորվիլի «Գէորգ Արապեան» վարժարանի հանդիսաւոր բացման արձագանգները կը շարունակուին։
Փարիզի հայաշատ արուարձանին մէջ կեանքի կոչուած ծրագիրը՝ ամէնօրեայ աշխատանքի արդիւնք։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը շարունակեն քննարկումները:
ԱՄՆ պատրաստակամ է աշխատանքը շարունակելու համար Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի հետ:
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Խամաճիկները օդին մէջ կախուած- առանց չուանի
Առանցքին շուրջ գլխիկոր կը տապլտկին.
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան վաղը Մոսկուայի մէջ պիտի տեսակցի Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ՝ քննարկելու համար Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ տեսակցեցաւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ միօրեայ շփումներ ունեցաւ Ուրֆայի մէջ:
Սուրիայէն խոյս տալով Թուրքիա ապաստանած հայ ընտանիքներուն կարիքները անմիջական ուշադրութեան առարկայ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մխիթարեան Միաբանութեան մեծավաստակ դէմքերու ոսկեմատեանին մէջ բարձր է արժէքը Հայր Ղուկաս Ինճիճեանի (Ղուզիոս Միքայէլեան), որ վախճանած է Յուլիս 2-ի օրը, 182 տարի առաջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս սեփականութիւնը հոգի՛ն է, եւ անոր զօրութեան միջոցով կը հասնի իմաստասիրական ու գաղափարային վերելքներու եւ մտքին կարողութիւնները կը ծառայեցնէ մարդկային քաղաքակրթութեան յառաջդիմութեան ու լուսաւորութեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի ուղեկցութեամբ, ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Զեզի նոր սիրտ պիտի տամ, ու ձեր ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ» (ԵԶԵԿ. ԼԶ 26)։ Ներքին խաղաղութիւնը անհրաժե՛շտ է մարդուս համար։ Խորհեցէք, սիրելինե՜ր, անգամ մը՝ ամէն ի՛նչ ունիք, բայց չունիք խաղաղութիւն, ի՜նչ պիտի արժեն ձեր ունեցածները, երբ զանոնք չէք կրնար վայելել խաղաղութեամբ։
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կարգադրութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, այս տարի եւս թաղի Թարգմանչաց վարժարանի հինգերորդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ուղարկուեցան Անգլիա։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Պետի Զիվէր։ Յառաջացած տարիքի մէջ, դժբախտաբար ան ունեցած է առողջական վերիվայրումներ, իսկ բոլորովին վերջերս անցուցած ուղեղի արիւնահոսութիւնը անշրջադարձելի հետեւանքներ ունեցած է իր տեսակէտէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ, երէկ, արդէն տասնչորրորդ օրուան դրութեամբ ոստիկանութիւնը կասեցուց «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան բողոքի ցոյցը։ Երկու շաբաթէ ի վեր կաթուածահար եղած էին երթեւեկութիւնն ու բնականոն կեանքը: