Արխիւ
Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Քառասուն մանկանց երգչախումբի երիտասարդաց կազմը երէկ համերգ մը սարքեց Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Արուեստասէր հասարակութեան շարքերուն տեղ գրաւած էին թաղին հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր ու իր ընկերները, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, վաստակաշատ կրթական մշակ Հերմինէ Պենլիօղլու։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի երդիքին տակ երէկ ապրուեցաւ խանդավառ օր մը։ Ուսումնական տարուան տեւողութեան զանազան ոլորտներէ ներս յանուն վարժարանի մրցանքներու մասնակցած եւ յաջողութիւններ նուաճած պատանիները ներկայացան Մէրամէթճեանի ընտանիքին եւ անգամ մը եւս խլեցին անոնց ծափերը։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէսը։ Ներկայ էին վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան, տեղւոյն Թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզ եւ իր ընկերները, տնօրէն Արաս Տելիճէ, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու, վաստակաւոր տնօրէն Մարի Նալճը, ինչպէս նաեւ ծնողներ, որոնք փութացած էին ողջունելու շրջանաւարտները։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի գեղարուեստական աշխարհի պոլսահայութեան համար ամենայայտնի ու համակրելի անուններէն մին՝ նկարիչ Շմաւոն Շմաւոնեան:
Վրձինի յայտնի վարպետը Երեւանի մէջ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ բանալով ներաշխարհին դռները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս բարութեան ըմբռնումը պայմանաւոր է, իսկ բարիի գործադրութիւնը՝ յարաբերակա՛ն։ Մարդ՝ ըստ պարագաներու պահաջքին՝ երբեմն «բարի» է եւ երբեմն ալ՝ «չար»։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի հերթական նիստը:
Միջեկեղեցական բարձրաստիճան ժողովականները ընդունուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:
Ֆրանսայի «Լը Մոնտ» յայտնի օրաթերթը վերջերս դրուատալից յօդուած մը լոյս ընծայած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին։ Հինգ էջերու վրայ տարածուած այս ծաւալուն յօդուածը մանրամասնօրէն ծանօթացուցած է «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը, նաեւ անոր բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ ազգային մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկինքի անբիծ կապոյտը հրաւէ՛ր է մարդկութեան հաւատքի, մաքուր կեանքի, բարի ապրելու, ճշմարիտ արժէքներ ճանչնալու եւ վերջապէս՝ յաւիտենական կեանքի։
Երեւանի մէջ վերջերս ծանօթացուեցաւ յայտնի նկարիչ եւ ուսուցիչ Հրազդան Թոքմաճեանի «Այնթապի ասեղնագործութիւնը» գիրքը։ Մատենադարանի երդիքին տակ այս գիրքին համար կազմակերպուած շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզ ժամանեցին Հայաստանի Գրողներու միութենէն պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեանի։ Այցի նպատակը Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիզեան բնակարանը ամբողջական տեսքով Վիրահայոց Թեմին փոխանցելն էր:
Ամերիկայի հայկական համագումարը (ԱՀՀ) Հայաստանի իր տարածքաշրջանային նորաստեղծ մասնաճիւղին համար տնօրէնուհի նշանակած է Արփի Վարդանեանը։ ԱՀՀ-ի աղբիւրներուն կողմէ կատարուած հաղորդումներով, 1994 թուականէն ի վեր Արփի Վանդանեան եղած է այս կառոյցի գործունէութեան աջակիցը։
Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը, որու ընթացքին հնչեցին Պոլսոյ մէջ բնակած հայ, հրեայ եւ յոյն յօրինողներու ստեղծագործութիւնները։ Եորկոս Մարինաքիսի խմբավարութեամբ, Վանկելիս Քարիփիսէ, Նետիմ Նալպանտօղլուէ եւ Մերտ Տէմիրճիօղլուէ կազմուած «Կալաթա» համոյթը ելոյթ ունեցաւ Պելժիոյ տան մէջ։
Ֆրանսահայ փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու ընկերակցութեան կողմէ գիտաժողով:
Փարիզի մէջ կայացած հաւաքին քննարկուեցան 20-րդ դարու ցեղասպանութիւնները իրաւագիտութեան լոյսին ներքոյ:
Իրենց նահատակման 100-րդ տարելիցին առթիւ յառաջիկայ Երկուշաբթի Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ պիտի ոգեկոչուին Հնչակեան կուսակցութեան գործիչ Մատթէոս Սարգիսեան-Փարամազն ու իր 19 ընկերները։ Ժամը 17.30-ին կազմակերպուելիք ոգեկոչման նախաձեռնողն է «Նոր զարթօնք»ը։
Գատըգիւղ, Պահարիէ պողոտային վրայ գտնուող յոյն ուղղափառ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վրայ երէկ իրիկուն կատարուեցաւ յարձակում մը։ «Մեսճիտի Աքսայի վրէժը պիտի լուծուի» աղաղակող անձ մը փորձեց հրկիզել եկեղեցւոյ դուռը։
Պրազիլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածեց հաղորդագրութիւն մը՝ շեշտելով, թէ կ՚ափսոսայ Թուրքիոյ կառավարութեան կայացուցած որոշման համար, սակայն կան գաղափարներ, դիրքորոշումներ, որոնք ենթակայ չեն փոփոխութեան։ «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, նախարարութիւնը նաեւ ափսոսանք յայտնեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Պրազիլիոյ ծերակոյտին կողմէ ընդունուած բանաձեւի առընչութեամբ նման դիրքորոշում մը յայտնած է, քանի որ ան իր համերաշխութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը կը յայտնէր հայ ժողովուրդին՝ Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի եւ անմեղ մարդոց զոհուելուն կապակցութեամբ։
Հայկական Triada Studio ընկերութեան Shadowmatic խաղը արժանացաւ Apple-ի Apple Design Award հեղինակաւոր մրցանակին, որ ամէն տարի կը շնորհուի այն ծրագրերուն, որոնք ըստ ամերիկեան ընկերութեան կը համատեղեն ձեւաւորումն ու արհեստագիտութիւնը՝ ստեղծարար, համոզիչ եւ ազդեցիկ ձեւով։
Երեսփոխանական ընտրութեանց աւարտին գործընթացը հետզհետէ կը թեւակոխէ պաշտօնական փուլ:
Համախոհական կառավարութեան ստեղծման ուղղութեամբ մայրաքաղաք Անգարայէն կը հնչեն տարբեր տեսակէտներ, կ՚առնուին քայլեր:
Երեսփոխանական ընտրութեանց աւարտին երկրի ղեկավարութիւնը ձեւաւորելու աշխատանքը հետզհետէ կը մտնէ պաշտօնական հունէ մը ներս։
Վարպետ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր հիւրընկալուեցաւ «Զաման» օրաթերթին կողմէ աւանդաբար կազմակերպուող լրագրողական ձեւաւորման օրերու ձեռնարկին։ Այս առթիւ բացման խօսքեր արտասանեցին «Զաման»ի հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Էքրէմ Տումանլը եւ տեսողական հրատարակութեան վարիչ Ֆեւզի Եազըճը։
Ամերիկացի թատերագիր եւ մանկավարժ Ռիչըրտ Քալինոսքիի կենսագրութեան մէջ շրջադարձ մը կը մատնանշէ «Գազանը լուսնի վրայ» թատերախաղը, զոր ան սկսած է գրել 1991-ին։ Այս ստեղծագործութիւնը անմիջապէս մեծ հետաքրքրութեան արժանացած է համաշխարհային հանրութեան կողմէ, բեմադրուած բազմաթիւ անգամներ եւ արժանացած բազմաթիւ մրցանակներու։