Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լոյսի դար» է իրապէս ներկայ շրջանը մէկէ աւելի իմաստներով. ո՛չ միայն գիտական ու իմացական, այլ նաեւ՝ նիւթակա՛ն։ Այս դարուն մարդիկ «լոյս եւ աւելի լոյս»ի ետեւէն ինկած են, ուստի քարը եւ աղիւսը ու տախտակը լքած են եւ ապակի կը գործածեն՝ սկսեալ սեփական բնակարաններէ մինչեւ հսկայ շէնքերու, գործարաններու, հանրային շէնքերու, եւ վաճառատուններու համար։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ միջգերատեսչական յանձնաժողովի նիստ: Հրանոյշ Յակոբեան կ՚ակնկալէ միջազգային կառոյցներու աշխուժութիւնը՝ սուրիահայոց հարցերու լուծման համար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իրանի մէջ Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակէն ի վեր (1979) Միացեալ Նահանգներու համար կարեւորագոյն թիրախ եւ «թշնամի» դարձաւ շիի աշխարհի առաջատարը համարուող՝ Իրան: Եւ հակառակ ծանր ճանապարհի մը (Իրան-Իրաք պատերազմ եւ ապա տնտեսական երկարատեւ պատժամիջոցներ) Իրան յաջողեցաւ շրջանային ազդեցիկ տէրութիւն դառնալ:
Tarih Vakfı-ի կողմէ 2015-ի առթիւ կազմակերպուած զրոյցներու շարքը կը շարունակուի: Տեւրիմ Սեզէր մեկնաբանութիւններ ըրաւ Լեմքինի եւ Ճեսփըրզի մօտեցումներուն լոյսին տակ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բազմաթիւ անգամներ անդրադարձանք Խաչի մասին այս սիւնակներուն մէջ, քանի որ խաչին գաղափարը եւ խորհուրդը առաջին իսկ օրէն մեծարելի դարձած է քրիստոնէական զգացումներուն։ Արդարեւ խաչը իր յատուկ տեղը ունի ամէն քրիստոնեայ անհատի կեանքին մէջ։
ՄԵՍՐՈՊ ՔԱՀԱՆԱՅ ԱՐԱՄԵԱՆ
Ապրիլի 12-ին Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կայացած եւ 1915-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած Պատարագին ընթացքին, Ֆրանսիսքոս Պապը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ կամ ուսուցիչ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2015-ին, Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը:
«Պողազիչի» համալսարանի մշակութային կեդրոնին մէջ կայացաւ սփիւռքահայ սիրուած երգիչ Օննիկ Տինքճեանի եւ իր որդւոյն՝ յայտնի ուտահար Արա Տինքճեանի համերգը։ Հետաքրքիրներու խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր ունկնդրելու արժէքաւոր ուեստագէտներուն ելոյթին, որ անցաւ տպաւորիչ մթնոլորտի մը մէջ։
Մայիս 4-ին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Երեւանի Քամերային երաժշտութեան տան մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կոմիտասի երկրին մէջ» խորագրեալ ճաբոնցի դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպայի երաժշտական ելոյթը։
Երեւանի «Սարգիս Մուրադեան» պատկերասրահին մէջ, Մայիսի 5-ին, պիտի բացուի «Կոմիտասը 20-րդ դարու հայ նկարիչներու աչքերով» խորագրեալ ցուցահանդէսը։
Գահիրէի «Գալուստեան-Նուպարեան» ազգային վարժարանի «Արցախ» երգչախումբը, Ապրիլի 25-ին, յաղթանակ տարած է Եգիպտոսի դպրոցական տաղանդներու ամենամեծ մրցոյթին՝ Uptown Stars Schools’ Talent Show-ին՝ գրաւելով առաջին տեղը:
Ինչպէս ծանօթ է, Ապրիլի 12-ին Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ մատուցուած Ս. Պատարագը դարձաւ պատմական։ Արարողութեան ընթացքին, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կեդրոնին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը մատնանշեց, որ «Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր»։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած է բերել իր աջակցութիւնը, որպէսզի երկրէն ներս ստեղծուի խաչքարագործութեան դպրոց մը։ Այս ծրագրին կապակցութեամբ նախարարութիւնը կը համագործակցի խաչքարագործ Ռուբէն Նալպանտեանի հետ, որ նախաձեռնած է նման դպրոցի մը ստեղծման։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս Երեւանի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարան-կաճառին համար կատարեց խորհրդանշական նուիրատուութիւն մը։ Հրանոյշ Յակոբեան թանգարանին յանձնեց մեծն Կոմիտաս Վարդապետի բարձը, որ անտարակոյս անգնահատելի արժէք մը կը ներկայացնէ նորահաստատ թանգարանին տեսակէտէ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան կազմը համալրուեցաւ հինգ նոր դէմքերով։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած էր ՀԲԸՄ-ի 88-րդ համագումարը։
Միջազգային ելմտական ընկերակցութիւնը գոհ է Հայաստանի ծրագրերու կատարման ընթացքէն: Ֆինքելսթոն պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդլայնելու համար կողմերու համագործակցութեան ծիրը:
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ ոգեկոչման արարողութիւնները կը շարունակուին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ։ 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ յառաջիկայ օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը՝ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են ոգեկոչման արարողութիւններ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ տագնապին պատերազմական վերջին զարգացումները կրնան ճանապարհ հարթել քաղաքական նոր հանգրուանի մը: Վերջին հանգրուանին սուրիական տագնապին համար Մոսկուայի մէջ կայացած ժողովը դրական արդիւնքներու չյանգեցաւ: Ռուսաստանի կողմէ գործադրուող ճիգերը ապարդիւն պիտի անցնէին, որովհետեւ գետնի վրայ ազդեցութիւն ունեցող Սուրիոյ ընդդիմութեան չափաւորական թեւերը չմասնակցեցան այդ ժողովին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանի մէջ՝ մնասներու առակը նմանութիւն ունի քանքարներու առակին հետ. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 14-20) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԹ 12-28)։ Քանքարը ծանրութեան հին չափ մըն է՝ մօտաւորապէս 45 քիլօ, որ այդ ծանրութեամբ ոսկի կամ արծաթի կը համապատասխանէր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի հակասութիւնները զիրար ամբողջացնող իրողութիւններ են։ Արդարեւ, ամէն նեղութիւն եւ տրտմութիւն մարդուս մէջ կը վերածուին խորհրդաւոր ուրախութեան մը՝ հեռապատկեր մը եւ մեծութիւն մը ստեղծելով անոր ներաշխարհին մէջ։