Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն Փա­րի­զի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ՝ Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րուն առ­ջեւ առ­կայ հիմ­նախն­դիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղով մը։ Ֆրան­սա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Սեպ­տեմ­բե­րի 8-ին նա­խա­տե­սուած խորհր­դա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն պի­տի շօ­շա­փուին Ի­րա­քի եւ Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ հար­ցե­րը պի­տի քննար­կուին այդ հա­մա­տես­քին մէջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեան ար­դէն պաշ­տօ­նա­պէս ձեռ­նար­կած է աշ­խա­տան­քի։ Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նա­խըն­թաց օր նո­րան­շա­նակ նա­խա­րա­րը ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Մոսկուայի մէջ:
Երկու նախագահները կ՚ադրադառնան հայ-ռուսական համագործակցութեան ընթացքին եւ հեռանկարներուն:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ե­մէ­նի Սա­ֆէր քա­ղա­քին մէջ, Ուր­բաթ օր, «Ան­սար Ալ­լահ»ի եւ Ա­լի Ապ­տալ­լա Սա­լէ­հի ու­ժե­րուն կող­մէ գրան­ցուած յար­ձա­կու­մը ծանր հա­րուած կը հաս­ցնէր շրջան հա­սած Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու եւ Պահ­րէյ­նի ու­ժե­րուն: Գրո­հին հե­տե­ւան­քով կը զոհուէին հա­րիւր­վեց զի­նուոր­ներ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

​Հաքքեարիի Տաղլըճա գաւառակէն երէկ երեկոյեան հասած լուրերը սուգի մատնեցին երկիրը:
ՓՔՔ-ի յարձակման պատճառով տասնհինգ նահատակ։ Թուրք զինեալ ուժերու ռազմաօդանաւերը դէպքէն անմիջապէս վերջ սաստիկ ռմբակոծումներ կատարեցին ահաբեկչական լծակներուն դէմ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի խօսքով, տարբեր գործընթաց մը սկսած է։ Անգարայի մէջ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ անվտանգութեան գագաթաժողով։

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կրօն եւ բնու­թիւն՝ եր­կուքն ալ միեւ­նոյն ծնո­ղին զա­ւակ­ներն են, Հօր զա­ւակ­նե­րը, որ հա­ւա­տար­մու­թեամբ կը գոր­ծադ­րեն Ա­նոր կամ­քը եւ քա­նի որ նո՛յն Հօր որ­դի­ներն են, եր­բեք ի­րա­րու չեն հա­կա­ռա­կիր։ Ա­րուես­տա­կան կեր­պով, կրօ­նը եւ բնու­թիւ­նը հա­կադ­րել՝ նուա­զա­գոյն բա­ցատ­րու­թեամբ, ան­խո­հե­մու­թիւն է եւ սխա՛լ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւ­լի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ պոլ­սա­հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն ան­դամ­նե­րը ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան «Փե­լիթ» ծա­ղա­րա­նի սե­փա­կա­նա­տէր Սե­լա­հատ­տին Ա­յա­նի կող­մէ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Պոլիսէն եւ Ատըեամանէն 19 երախաներ երէկ մկրտուեցան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կանոններուն ու ծէսին համաձայն:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հաւաքական մկրտութեան հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեան:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2015

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ե­րե­ւան: Իր ա­նու­նը կրող կա­ռու­ցուող թա­ղա­մա­սի տան մէջ կամ ճա­շա­րա­նը յա­ճախ միա­սին ե­ղած էինք Վա­հագն Յով­նա­նեա­նի հետ: Ար­տա­կարգ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, ո­րուն հա­մար հայ­րե­նի­քը եւ ա­նոր կա­ռու­ցու­մը ո՛չ լու­սան­կար էին, ո՛չ ճառ, այլ՝ կեան­քի ա­րա­րում:

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէ, որ Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րը, հա­մա­ձայն կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում­նե­րուն, 2015-2016 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին պի­տի սկսին Սեպ­տեմ­բե­րի 15-ին:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Ֆրան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դը կը միա­նայ ա­նուա­նի ա­րուես­տա­գէտ ու Պեռ­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Շարլ Ազ­նա­ւու­րի այն կո­չին, որ կը վե­րա­բե­րէր Եւ­րո­պա ժա­մա­նող գաղ­թա­կան­նե­րը Ֆրան­սա­յի հե­ռա­ւոր գիւ­ղե­րուն եւ քա­ղաք­նե­րուն մէջ ըն­դու­նե­լու։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 24 Սեպ­տեմ­բե­րին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Հա­մա­հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին փա­ռա­տօ­նի բա­ցու­մը։ Փա­ռա­տօ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Սեպ­տեմ­բե­րի 27-ը եւ նուի­րուած պի­տի ըլ­լայ Մեծ ե­ղեռ­նի 100-ա­մեա­կին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ. Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը 2-3 Սեպ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Յու­նաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ա­թէն­քի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Քրիս­տո­նեայ-իս­լամ խա­ղաղ հա­մա­գո­յակ­ցու­թիւ­նը Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէ ներս» խո­րագ­րեալ հա­մա­գու­մա­րի բաց­ման նիս­տին։ Այս առ­թիւ ան ար­տա­սա­նեց նաեւ իր խօս­քը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Ե­րէկ, Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այս նշա­նա­կու­մը կա­տա­րեց երկ­րի Սահ­մա­նադ­րու­թեան 55-րդ յօ­դուա­ծի չոր­րորդ կէ­տի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

«Եւ­րօ 2016»ի ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լի շըր-ջագ­ծով, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը հա­կա­ռա­կորդ մար­զա­դաշ­տի վրայ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Սեր­պիոյ հետ։ Ար­տագ­նայ խա­ղի ար­դիւն­քին հայ­կա­կան ընտ­րա­նին 2-0 զի­ջեց իր մրցակ­ցին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ վեր­ջին օ­րե­րուն սաստ­կա­ցած է լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ Օ­գոս­տո­սի 31-էն ի վեր Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը թա­փով կը խախ­տեն հրա­դա­դա­րը։ Հայ­կա­կան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ե­րեք զոհ ու­նե­ցած են վեր­ջին դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Ատր­պէյ­ճա­նի կո­րուստ­նե­րուն թիւն ալ հա­սած է շուրջ եօթ կամ ու­թի։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

«Քե­զի հետ Հա­յաս­տան» հա­մեր­գա­շա­րի ծրա­գի­րը այ­սօր կը շա­րու­նա­կուի Հռո­մի մէջ։ «Osservatore Romano» թեր­թին հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին հան­դէս կու գան ե­րի­տա­սարդ, բայց ար­դէն աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ­ներ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնարկին կողմէ հրապարակուեցան ահազանգային տուեալներ:
2100 թուականին համար Հայաստանի բնակչութեան շուրջ յոռետես կանխատեսումներ կը կատարուին տեղեկագրին մէջ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ի­րան-Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կո­րի­զա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ան­խա­փան կեր­պով պի­տի ար­ժա­նա­նայ գոնկ­րէ­սի հա­մա­ձայ­նու­թեան: Ա­մե­րի­կա­ցի ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կողմ­նա­կից է, որ Ի­րա­նի հետ կնքուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը վա­ւե­րացուի:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015

​Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին ընդունեց ՃՀՓ-ի երեսփոխան Սելինա Տողանն ու ընկերակիցները:
Կղզիները հետաքրքրող ապահովութեան եւ այլ հրատապ բնոյթ ունեցող հարցերը դարձան քննարկման առարկայ:

Էջեր