Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Միջազգային համբաւի տիրացած գիտնականը բազմակողմանի գործունէութիւնը չի սահմանափակեր զուտ իր մասնագիտութեամբ:
Տքթ. Արմէն Տէր-Կիւրեղեանի Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի պատկերասրահին մէջ բացած ցուցահանդէսը արժանացած լուրջ հետաքրքրութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կը պատմուի, թէ մարդ մը երեք ընկերներ ունէր։ Ան երեք ընկերներէն երկուքը շատ կը սիրէր, իսկ երրորդին հանդէպ անտարբեր էր, հակառակ անոր որ երրորդ ընկերը աւելի կապուած էր իրեն։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը վերջերս Դիլիջանի մէջ կազմակերպեց կիրակնօրեայ կրթօճախներու ուսուցիչներու համաժողով մը։ Միեւնոյն ժամանակ վերապատրաստական ծրագրի մը բնոյթը կը կրէր այս մէկը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք երէկ շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։
Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ տարիներէ ի վեր ապրուած ճգնաժամային իրադարձութիւններէն վերջ, ի վերջոյ համաձայնութիւն գոյացաւ Թեհրանի ղեկավարութեան եւ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Յունաստանի ելմտական ճգնաժամի վերաբերեալ հարցը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Անցեալ շաբաթավերջին այս խնդրին շուրջ կազմակերպուած հանրաքուէէն վերջ, Յունաստանի ղեկավարութիւնը յաջողեցաւ համաձայնութեան եզր մը գտնել Եւրոյի գօտիի երկիրներուն հետ։ Եւրոմիութեան անդամ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան հիւրընկալեց 12-րդ փառատօնի պատուոյ հիւրերը:
Օրնելլա Մութի պատրաստակամութիւն յայտնեց հայկական ժապաւէնի մը մէջ նկարահանուելու համար:
ԱՔ կուսակցութեան եւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետները տեսակցեցան՝ ամուր համախոհութեան մը ձեւաւորման ցանկութեան մթնոլորտին մէջ:
Տավուտօղլու-Քըլըչտարօղլու հանդիպումէն վերջ շփումները յառաջ պիտի տանին Էօմէր Չելիք եւ Հալուք Քոչ:
Ռազմիկ Փանոսեան վերջին օրերուն Երեւանի մէջ ունեցած շփումներուն շուրջ բացատրութիւններ տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ թարգմանական ծրագրերու՝ ներառեալ հայերէն եւ թրքերէն լեզուները:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Անթիլիաս։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուելիք միւռոնօրհնութեան արարողութեան պիտի մասնակցի Նորին Սրբազնութիւնը։
Համահայկական խաղերուն մասնակցելիք Իսթանպուլի խումբերը այս օրերուն թափով յառաջ կը տանին իրենց նախապատրաստական աշխատանքները։
Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Աւանդական հանդիսութիւններուն ընթացքին արձակուեցան աղաւնիներ՝ ի նշան խաղաղութեան: Պատարագիչն էր Տ. Բարսեղ Քհնյ. Վանլեան:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն մը:
Յուզումնախառն հանդիսութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ցաւակցեցաւ հարազատներուն:
Տոց. Թորոս Ալճան տեսակցեցաւ փոքրամասնական հաստատութիւններու իրաւաբաններուն հետ:
Սելինա Տողանի մասնակցած քննարկումներուն ընթացքին շօշափուեցան ընտրական խնդիրները:
Գունեղ, համեղ, բազմաթիւ խոհանոցներու ազդեցութիւնը կրող, բայց իր ինքնատպութիւնը պահպանած հայկական խոհանոցը առաջարկելու շատ բան ունի նոյնիսկ ամենապահանջկոտ համադամասէրներուն համար։ Ահաւասիկ այդ խոհանոցի ամենաախորժալի եւ նրբաճաշակ ուտեստներու ցանկ մը, զոր պէտք է ճաշակէ Հայաստանի իսկական համը զգալ ուզող ամէն ոք։
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի կազմակերպուած է 12-րդ անգամ։ Ըստ ձեւաւորուած նախընթացներուն, օրուան առաջին կէսին կատարուեցաւ Ծիրանօրհնէքի արարողութիւն, ինչ որ բնորոշեց փառատօնին սկիզբը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը տօնենք Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան հրաշալի դէպքը՝ Եկեղեցին, մանաւանդ կը շեշտէ Անոր ճառագող աստուածային փառքը ու փայլը։ Ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը, Պայծառակերպութեան ընթացքին Յիսուսի ամբողջովին լոյսով ողողուիլը եւ Անկէ լոյսի ճառագումը կը հաստատէ Անոր աստուածային բնութիւնը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 6-ին, 195 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ, հնահաւաք ու դրամագէտ Պետրոս-Մարգար Ալիշանեանի ընտանեկան յարկին տակ ուրախութիւն կը տիրէր։
Հայաստանի մէջ վերջերս առաջին անգամ կազմակերպուեցաւ փարափլանային թռիչքներու միջազգային մրցաշարք մը։ Տեղացի մասնակիցներուն առընթեր արտասահմանէն բազմաթիւ մարզիկներ ալ մասնակցութիւն բերին այս մրցաշարքին։
Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն Լեռնային Ղարաբաղ այցելած է 5286 զբօսաշրջիկ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 4353-ի փոխարէն: