Արխիւ

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015


Երեւանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնները նոյնանման վերաբերմունք ունին ահաբեկչութեան դէմ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շփումներ ունեցաւ Սուրիոյ մէջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

Գու­րու­չէշ­մէի «Սուա­տա»ին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ գալ­ֆաեան­ցի կա­նանց կէ­սօ­րուան ճա­շի հա­ւա­քոյ­թը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Վար­ժա­րա­նի տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ծնո­ղաց միու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան հաս­տա­տու­թեան զա­նա­զան թա­ղե­րէ հա­մա­կիր­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տօ­նա­կան օր մը ապորւե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րու տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սին առ­թիւ։ Կրթա­կան շրջա­նի փակ­ման ներ­կայ հանգ­րուա­նին դպրո­ցին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան զա­նա­զան հան­դէս­ներ, ո­րոնց շար­քին ե­րէ­կուա­նը ու­նէր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն, քա­նի որ կը հա­մախմ­բէր փոք­րիկ­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

 Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ա­սու­լի­սով մը հան­դէս ե­կաւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ։ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կերպուած էր այս ե­րե­կոյ­թը՝ որ­պէս ներ­կայ ե­ղա­նա­կի եզ­րա­փա­կիչ ձեռ­նարկ։

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք նոյն հար­ցին շուրջ, եւ կ՚ը­սենք, որ ճշմա­րիտ տգի­տու­թիւ­նը, իս­կա­կան տգի­տու­թիւ­նը՝ ո՛չ թէ չգիտ­նալ է, այլ՝ չգիտ­ցա­ծին չանդ­րա­դառ­նալ, չգիտ­ցա­ծը չգիտ­նալ եւ գիտ­նալ կար­ծել է այն ա­մէն ինչ՝ ո­րոնց մա­սին ո­րե­ւէ տե­ղե­կու­թիւն չու­նի, եւ կամ մա­կե­րե­սա­յին ծա­նօ­թու­թիւն մը ու­նե­նալ եւ կար­ծել, թէ այդ մա­սին գի­տէ ա­մէն ինչ…։ Կան, ո­մանք ի­րենց մա­կե­րե­սա­յին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով ի­րենք զի­րենք «ա­մե­նա­գէտ» եւ աս­կէ-ան­կէ ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով «մաս­նա­գէտ» կը հռչա­կեն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի ժողովը:
Երեւանի նիստը բացուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթով:

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

​Ի ձե­ռին ու­նիմ շա­հե­կան ու հե­տաքրք­րա­կան եր­կու գիր­քեր, ո­րոնց հե­ղի­նակն է սի­րե­ցեալ բա­րե­կամ մը՝ Տիգ­րան Պաս­կե­ւի­չեան։ Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս նշուե­ցաւ իր ծննդեան 50-ա­մեա­կը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն դժբախ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցած է կորսնց­նե­լու իր քոյ­րը՝ Խա­թուն Կիր­կի­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն, 18-24 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն այ­ցե­լե­ցին Փոր­թու­գա­լի Մե­տէի­րա կղզին՝ մաս­նակ­ցե­լու «R€­*» խո­րագ­րեալ նա­խա­գի­ծի եր­րորդ ժո­ղո­վին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը։ Հարկ է նշել, որ դպրո­ցին մէջ կան ե­րեք ման­կա­պար­տէզ­ներ, զա­նա­զան տա­րի­քէ մա­նուկ­նե­րու հա­մար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ 

Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ մե­զի, թէ ա­մէն գե­րա­զանց յատ­կու­թիւն, ֆի­զի­քա­կան, ի­մա­ցա­կան կամ հո­գե­կան, զոր օ­րի­նակ՝ գե­ղեց­կու­թիւն, յա­ջո­ղու­թիւն կամ կա­տա­րե­լու­թիւն, ու­նի իր թշնա­մին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի ար­դի աստ­ղե­րէն, Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի կի­սա­պաշտ­պան Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան եւ իր ըն­տա­նի­քը կ՚ապ­րին սու­գի օ­րեր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան մէջ ներ­կա­յիս կ՚ապ­րուի հեր­թի փո­փո­խու­թիւն։ Մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մի­քա­յէլ Վար­դա­նեան ա­ւար­տած է իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նը ու վա­ղը կը վե­րա­դառ­նայ Ե­րե­ւան։ Ի­րեն պի­տի յա­ջոր­դէ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, որ ե­ղած էր ա­ռա­ջին մշտա­կ

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015


­Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգսեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Ա­լեք­սանտր Նո­վա­քի հետ։ Հարկ է նշել, որ վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րուե­ցաւ ԱՊՀ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը, ո­րու շրջագ­ծով տե­ղի ու­նե­ցաւ Նո­վա­քի այ­ցե­լու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Հա­յաս­տա­նի թղթա­տա­րու­թեան ըն­կե­րու­թիւ­նը՝ «Հայ­փոստ» թո­ղար­կեց Ֆրան­սա­յի Դի­մադ­րու­թեան հա­յազ­գի մաս­նա­կից­նե­րէն Մի­սաք Մա­նու­շեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած նա­մա­կա­նիշ մը։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս դրոշ­մա­թուղ­թի կնքման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:
Պէյրութի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուելէ վերջ Եդուարդ Նալպանտեան անցաւ Դամասկոս:

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Ան­ցեալ տա­րի 13 հա­զար 266 հո­գի ստա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն, իսկ 2200 անձ հրա­ժա­րե­ցաւ քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէ։ Վե­րո­յի­շեալ նոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու շար­քին կը գտնուին ա­ւե­լի քան 3 հա­զար սու­րիա­հա­յեր։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Հա­յաս­տա­նի Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րար Նա­րեկ Սարգ­սեան տե­ղե­կա­ցուց, որ քա­նի մը օր ա­ռաջ Ե­րե­ւան տե­ղա­փոխուած են ար­քու­նի ճար­տա­րա­պետ­ներ՝ Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րու նա­խագ­ծա­յին ար­խիւ­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Նա­րեկ Սարգ­սեան ընդգծեց, որ նա­խագ­ծե­րը Ե­րե­ւան տա­րուած են Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Պէյ­րութ՝ Լի­բա­նա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճիպ­րան Պա­սի­լի հրա­ւէ­րով։

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2015

Ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոններու ցանցը կ՚ընդլայնուի ամբողջ Հայաստանի տարածքին:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Էջեր