Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2015

Շիշ­լի մար­զա­կում­բին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քե­րը, ո­րոնք վեր­ջին շրջա­նին ար­ժա­նա­ցան մար­զա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան, ներ­կա­յիս հետզ­հե­տէ կը հաս­նին ի­րենց ա­ւար­տին՝ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման խան­դա­վառ հան­դի­սու­թիւն­նե­րով։

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2015

 

«Tarih Vakfı»ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կուող «Toplumsal Tarih» պար­բե­րա­կա­նի Մարտ ամ­սուան թի­ւը ար­դէն լոյս տե­սած է ճոխ բո­վան­դա­կու­թեամբ։ Պար­բե­րա­կա­նի այս ամ­սուան թի­ւը կը բո­վան­դա­կէ հա­յոց տե­սա­կէ­տէ հե­տաքրք­րա­կան յօ­դուած մը, ո­րու հե­ղի­նակն է Այ­հան Աք­թար։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Շա­տեր կը հարց­նեն. «Ինչ­պէ՞ս ինք­զինքս Աս­տու­ծոյ յանձ­նեմ»։ Ար­դա­րեւ, յանձ­նուիլ կը նշա­նա­կէ՝ հնա­զան­դիլ։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վերջին համերգի թարմ տպաւորութիւններով հռչակաւոր արուեստագէտը հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։
Շահան Արծրունի. «Գիտեմ, թէ մենք զօրաւոր կ՚ըլլանք միութեամբ, այդ մէկն ալ մեր ուժը, միութիւնն ու համախմբուածութիւնը մեզ կը զօրացնեն»։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ փայլուն հանդիսութիւններ:
Փանոս Թերլեմեզեանի 150-ամեակին առթիւ ծաւալուն ծրագիր Գեղարուեստի պետական գոլէճի երդիքին տակ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի եր­դի­քին տակ կը շա­րու­նա­կուին մար­զա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը։ Խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուած է, քա­նի որ վո­լէյ­պո­լի, պաս­քեթ­պո­լի, ֆութ­սա­լի մար­զա­ձե­ւե­րու ա­ւե­լի քան ե­րեք ա­միս տե­ւած մրցա­շար­քե­րը կ՚ար­ժա­նա­նան մար­զա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

Ա­կան­ջի ա­ռող­ջու­թեան ու լսո­ղու­թեան պահ­պան­ման մի­ջազ­գա­յին օ­րը ե­րէկ նշուե­ցաւ նաեւ քա­ղա­քիս մէջ։ Այս առ­թիւ Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ սար­քուե­ցաւ ձեռ­նարկ մը, զոր միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պած էին Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւնն ու Ման­կանց դաս­տիա­րա­կու­թեան միու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­րա­րա­րու­թիւն­նե­րը՝ մեր օ­րե­րուն տա­րա­ծուած ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ, տագ­նա­պի կը մատ­նեն մարդ­կու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յայ­տա­րա­րեց, որ վեր­ջին օ­րե­րուն Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ պա­տա­հած սադ­րանք­նե­րով Ատր­պէյ­ճան ան­գամ մը եւս ի ցոյց կը դնէ իր ար­հա­մար­հան­քը միջ­նորդ­նե­րու ա­ռա­ջարկ­նե­րուն հան­դէպ։ Մեկ­նա­բա­նե­լով սահ­մա­նագ­ծի եր­կայն­քով ի­րա­վի­ճա­կի լա­րուա­ծու­թիւ­նը՝ Նալ­պան­տեան ար­տա­յայ­տեց այն հա­մո­զու­մը, թէ Պա­քու հեր­թա­կան ան­գամ ցոյց տուած է, որ ինչ­պէս կը վե­րա­բե­րի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հաս­ցէա­կան կո­չե­րուն՝ խստօ­րէն հե­տե­ւե­լու հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման եւ զերծ մնա­լու ի­րա­վի­ճա­կը սրող քայ­լե­րէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Նիւ Եորք, ուր կը մէկ­տե­ղուի ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մու­նի հետ։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար ելմ­տա­կան շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ կը մէկ­տե­ղուի Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու, որ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ներդ­րող­նե­րու եւ տնտե­սա­գէտ­նե­րու հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Պան Քի Մու­նի հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լու կ՚անդ­րա­դառ­նայ Կիպ­րո­սի հիմ­նախնդ­րին, Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ Ուք­րայ­նոյ խնդիր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­մաշ­խար­հա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին նշա­նա­կու­թեամբ շարք մը հիմ­նա­հար­ցե­րու։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

​Թուրքիոյ եւ Թիւրքմենիստանի համագործակցութիւնը թափով կը զարգանայ՝ աստիճանաբար ստանալով ռազմավարական բնոյթ։
Ուժանիւթի բնագաւառէն ներս երկկողմանի այժմու յարաբերութիւնները կ՚ընդլայնուին Ատրպէյճանի մասնակցութեան հեռանկարներով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

​Այսու կու գանք գո­հու­նա­կու­թեամբ տե­ղե­կաց­նել, որ հայ օ­րա­թեր­թե­րու նա­հա­պե­տը՝ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ այ­սօ­րո­ւան դրու­թեամբ պաշ­տօ­նա­պէս հաս­տա­տած է իր հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէ­ջը։ www.jamanak.com հաս­ցէով մեր օ­րա­թեր­թը ար­դէն սկսած է հա­մա­ցան­ցա­յին աշ­խար­հէ ներս ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան՝ իր գո­յու­թեան երկ­րորդ հա­րիւ­րա­մեա­կին մէջ։ Այս նոր ո­դի­սա­կա­նին մեկ­նար­կը, բնա­կա­նա­բար, կու գայ բնո­րո­շել ճամ­բա­բա­ժան մը՝ ար­դի դա­րուն մէջ նա­ւար­կու­թեան անհ­րա­ժեշտ նա­խադ­րեալ­նե­րու պրիս­մա­կէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին վե­րի­վայ­րում­նե­րը միշտ կը դի­տար­կուին աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու կամ «ռէէլ-փո­լի­թիք» ազ­դակ­նե­րու տե­սան­կիւ­նէն։ Միւս կող­մէ, առ­կայ ա­նե­լը այն աս­տի­ճան խո­րա­ցած է, որ ար­դէն ե­րե­ւոյ­թը ու­սում­նա­սի­րու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ նաեւ այլ տե­սան­կիւն­նե­րէ։

Էջեր