Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Հարցումներու պատասխաններ Առակաց գիրքէն եւ բացատրութիւններ» շարքը, որ անցեալ շուրջ երեք տարիներու ընթացքին շաբաթական դրութեամբ հրապարակեցինք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի սիւնակներուն վրայ, այսօր իր աւարտին կը հասցնենք, մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացնելով Առակաց գիրքի վերջին երկու գլուխներէն հատուածներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Չեմ գիտեր ինչո՞ւ արդեօք, ամէն աշնանամուտի՝ 23 սեպտեմբերին, սիրոյ մասին խորհրդածելու պահանջքը կը զգամ։ Այս շրջանին մանաւանդ կը մտածեմ սիրոյ վրայ, թէ ան անվե՛րջ է՝ եթէ ան իսկական, անկեղծ սէր է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւը՝ ի տարբերութիւն միւս ստեղծուածներուն՝ բանականութիւնն է. սակայն, չես գիտեր ինչո՞ւ, մարդ արարած կը զլանայ այդ բանականութիւնը ի գործ դնել եւ յաճախ կը նմանի այն ստեղծուածներուն՝ որոնք բնազդով կը գործեն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդոց փոխյարաբերութիւնները բարդ են, անկանխատեսելի եւ յաճախ խորապէս զգացական։ Մարդը, իբրեւ հասարակական էակ, մշտապէս կը ձգտի կապեր հաստատել, խոհերը, զգացումները եւ վախերը բաժնելու համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարեկամութիւնը՝ թշնամութեան հականիշ վիճակ մըն է՝ հակադիր երկու կացութիւն։ Բայց կեղծ եւ կարծեցեալ բարեկամութիւնը թշնամութեան մերձիմաստ է եւ նոյնիսկ աւելի՛ն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ժողովուրդը յագեցած է խոստումներէն, որովհետեւ բոլոր այն խոստումները, որոնք այսօր կը բարձրաձայնուին այս կամ այն բեմին վրայէն՝ ժողովուրդի մը ճշմարիտ խնդիրները չե՛ն հետապնդեր:
21 Սեպտեմբերի առթիւ, երէկ երեկոյեան, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծ համերգ մը, որու զուգահեռ կատարուեցաւ բացառիկ հրավառութիւն։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 34-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ մեծ շուքով։ Մայրաքաղաք Երեւանի եւ երկրի այլ քաղաքներուն մէջ 21 Սեպտեմբերի առթիւ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Երէկ, Սեպտեմբեր 21-ին, լրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին 34-րդ տարեդարձը։
Երեսունչորս տարի է անկախութիւն կը տօնենք այս օրերուն։
Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Դպրոցը, որ 205-րդ անգամ իր դռները բացած է այս կրթական շրջանին, հիւրընկալեց զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ յարակից Էսաեան վարժարանի հիմնադրութեան 130-րդ տարեդարձները երէկ բացառիկ խանդավառութեամբ համակած էին Պէյօղլուի ընտանիքը։ Այս զոյգ յոբելեաններուն առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իւրաքանչիւր քայլափոխին վրէժի լեզու. բնութիւնը սկսած է խօսիլ ո՛չ թէ բառերով, այլ աղէտներով:
Կենսական հարցում մը. ո՞վ ունի գոյատեւելու իրաւունք՝ մինչ մարդկութիւնը դադրած է ինքզինքը դասել բնութեան զաւակ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լուվրը՝ Փարիզի հին թագաւորական ամրոցը, որ դարեր շարունակ թագաւորներու կայք եղաւ եւ այսօր աշխարհի մշակութային տուներէն մէկն է, իր բազում ճամբորդութիւններէն մէկուն սկսած է, այս անգամ՝ դէպի Երեւան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ձեր վրայ առէք իմ լուծս եւ ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք։ Քանի որ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ». (ԱՄՏԹ. ԺԱ 29-30)։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երկու մեծագոյն յայտնագործումներ են դրամատիրական կամ անոր հակառակ համարուող ընկերվարական վարչակարգերը, որոնցմով կը տնօրինուի մարդկային հասարակութիւններու տնտեսական գործունէութիւնը՝ վերջին մէկուկէս դարուն:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Գուրգէն Մխիթարեան գրաքննադատ, խմբագիր, հասարակական եւ կուսակցական գործիչ է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն հարիւր տարի առաջ հրապարակ նետուեցաւ շատ վտանգաւոր բառ մը՝ «Ամերիկանացում», ինչ որ շատերու համար մտահոգութիւն, իսկ ոմանց համար ալ անհեթեթութիւն թուեցաւ. սակայն, զարմանալին այն է, որ այդ բառը ժամանակէն շա՜տ շատ առաջ հրապարակ դուրս եկաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Առօրեան կը դիւրանայ զանազան «գործիքներով», իսկ մարդիկ կը դառնան լարուած մեքենաներ: Փափազեան արկած մը անցընելէ վերջ վեհանձնութիւնը ունեցած է շնորհակալութիւն յայտնելու այն մարդոց, որոնք փրկած են իր կեանքը:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով յանձնակատար Մարթա Քոսը, որ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Յանձնակատարը նախօրէին այցելած էր նաեւ Պաքու։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ օրերուն տակաւին հայրենիքն էինք: Ու նոյն տանիքին տակ քանի մը գիշերներ միասին անցընելու համար, այր եւ կին, հին բարեկամի մը կողմէ, Սեւան գիւղաքաղաքի իր բնակարանը հրաւիրուեցանք: