Արխիւ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այսօր Վանան մեզի հետ պիտի ըլլայ: Մեծ «խապրիկ»: Թոռնիկի հետ ըլլալ` իսկապէս որ հոգեկան տարբեր վայլելք է: Հարցուցէ՛ք: Երկար ատենէ ի վեր զինք չէի տեսած:Մեր մօտ չէր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այսօր պիտի կայանայ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, որուն իրենց թեկնածութիւնը դրած են երեսփոխաններ՝ զօրավար Միշէլ Աուն եւ Սլէյման Ֆրանժիէ: Վերջին օրերուն եղած խմորումներուն եւ յատկապէս երկրի սիւննի համայնքի առաջնորդ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Աունի թեկնածութիւնը որդեգրելէն ետք՝ բանակի նախկին հրամատանատարին նախագահ դառնալու յոյսերը կը դառնան գերակշիռ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եկեղեցի» ըսելով կը հասկցուի ընդհանրապէս այն տեղը՝ ուր հաւատացեալներ կը հաւաքուին եւ կ՚աղօթեն։ Այս պատճառով է, որ «եկեղեցի»ն կը կոչուի նաեւ «աղօթքի տուն» կամ «աղօթավայր»։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Կրօնական ժողովի ատենապետը Եկեղեցականաց համագումարի պատմական որոշման լոյսին տակ բացառիկ ու ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
«Մէկ կողմէ կ՚ըսէինք, որ մեր պատրիարքը ընտրուած է ցկեանս, իսկ միւս կողմէ կ՚ուզէինք ընտրութեան երթալ։ Պետութեան մօտ կատարուած դիմումներու պարագային ալ ի զօրու էր այս հակասութիւնը»։
«Եթէ արտօնութիւն ունենանք, ապա կը ձեռնարկենք ընտրութեան։ Եթէ չունենանք, ինչպէս որ է պարագան թաղային խորհուրդներու համար՝ ապա մենք կրնանք համոզիչ պատճառաբանութիւն մը ցոյց տալ՝ մեզի վիճակած գործը լիարժէք կատարած ըլլալով։ Միջանկեալ լուծումներ փնտռելու շրջանը փակուած է այլեւս անշրջադարձելիօրէն։ Անցեալ Չորեքշաբթիէն ի վեր այլեւս վերջացած է մեր սիրելի Մեսրոպ Պատրիարքի գահակալութեան շրջանը։ Միայն մենք յանուն պատշաճութեան միշտ պիտի յիշենք ու մեր սրտերուն մէջ պիտի կրենք զինքը։ Պատրիարքը արդէն հանգստեան կոչուած էր ու մենք հաստատեցինք այդ հանգամանքը։ Այսօր այլեւս Արամ Սրբազանն ալ կը գիտակցի, որ թէեւ ընդհանուր փոխանորդի տիտղոսով կը շարունակէ, սակայն կը կրէ տեղապահի մը պատասխանատուութիւնները, որոնց գլխաւորն է ընտրութեան երթալը»
Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, երկրի երրորդ մեծագոյն քաղաքին՝ Վանաձորի մէջ հաստատուեցաւ ֆութպոլի ակադեմիա մը։ Այս նոր մարզական համալիրին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին՝ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ։
Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու զարգացման հետամուտ Ամերիկայի թրքական համախոհութեան (TCA) հրաւէրին ընդառաջ Իսթանպուլի ՃՀՓ-ական երեսփոխան Սելինա Տողան վերջերս այցելեց ԱՄՆ։ Սելինա Տողանին առընթեր այս ուղեւորութեան մասնակցեցան նաեւ Թուրքիայէն խումբ մը իգական սեռէ քաղաքական գործիչներ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ դէպի Էնտոնեզիա։ Ճաքարթայի մէջ նախատեսուած են իր հանդիպումները Էնտոնեզիոյ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ հռչակուած արտակարգ դրութեան հիման վրայ՝ կառավարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց երկու օրէնքի համազօր հրամանագրեր։ Այսպէսով համալսարաններէն ներս վերատեսուչներու ընտրութեան դրութիւնը վերջ գտաւ։
Տիարպաքըրի Հանրապետական աւագ դատախազութեան կողմէ Հոկտեմբերի 25-ին վերահսկողութեան տակ առնուելէ վերջ, երէկ, ահաբեկչութեան դէմ հարցաքննութեան շրջագծով ձերբակալուեցաւ նախկին քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաք, որ Տիարպաքըրի գլխաւոր քաղաքապետն էր։
Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան կողմէ ձեռնարկուած հարցաքննութեան շրջա-գըծով այս առաւօտ հսկողութեան տակ առնուեցան «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի կարգ մը վարիչներն ու գրողները՝ թիւով ինն հոգի։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ սուրիահայ համայնքի եւ հայկական շարք մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ սուրիահայոց խնդիրներու լուծման հետամուտ բարերարներ եւ պատասխանատու պաշտօնեաներ։
«Հայաստանի Հանրապետութիւն» եւ The New York Times թերթերուն մէջ ուշագրաւ բաց նամակ մը:
Աշխարհի անուանի խումբ մը հայեր ՀԲԸՄ-ի 100-ամեակի շարժառիթով կոչ կ՚ուղղեն համարձակ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ, ստեղծել համախմբման աննախադէպ ոգի եւ Հայաստանը համապատասխանեցնել համաշխարհային չափանիշներու:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Մինսքի մէջ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Հարկ է նշել, որ երկու վարչապետները այնտեղ մասնակցեցան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ պետութիւններու վարչապետներու հաւաքին։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 93 տարեկան։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։
Հոլիվուտի մէջ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին ձօնուած պատուոյ աստղը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Daily Mail-ի կողմէ այս մասին հաղորդուեցաւ հետեւեալը. «Ֆրանսացի երգող առասպել Շարլ Ազնաւուրին՝ 20-րդ դարու ամենայայտնի երաժիշտներէն մէկուն, որ կը շարունակէ աշխոյժ մնալ 92 տարեկանին, Հոկտեմբերի 27-ին պատուեցին հոլիվուտեան աստղով, որ ներկայացուած է Գալիֆորնիոյ հայոց կողմէ»։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները երէկ ոգեւոր հանդէսով մը նշեցին Թարգմանչաց տօնը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որու յայտագիրը պատրաստուած էր գլխաւորութեամբ հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսկէնտէրօղլուի եւ իր խումբ մը գործակիցներուն։ Օրուան յայտագրին մաս կազմեցին խմբերգներ, որոնց ժամանակ աշակերտները առաջնորդուեցան երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Սուսմաքի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քրիստոնեան կը սկսի իր օրը՝ իր աղօթքները եւ իր գործերը Խաչին նշանով՝ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն» խաչակնքուելով։
National Geographic-ը տեսանիւթ մը հրապարակած է, ուր կ՚երեւի, թէ ինչպէս վերջին հինգ հարիւր տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը բացուի Քրիստոսի գերեզմանը:
Սեն թ՚Անթուան լատին կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ, Հոկտեմբերի 27-ին, ժամը 19.00-ին, տեղի ունեցաւ միջկրօնական հաւաքոյթ եւ աղօթքի երեկոյթ՝ «Խաղաղութեան ծարաւ» բնաբանով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երկու տարի եւ ութ ամիս տեւած «խաչելութիւն»էն ետք, յառաջիկայ Երկուշաբթի օր, Լիբանան պիտի ունենայ նոր նախագահ մը: Ինչպէս յայտնի է եւ վերջին տասն օրերուն ընթացքին եղած «համաձայնութիւններու»ն արդիւնքով լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար զօրավար Միշէլ Աուն պիտի ընտրուի երկրի 12-րդ նախագահը: