Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016

Մեծ պա­հոց շրջա­նին Ա­րե­ւա­գա­լի հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս։ Այս­պէս, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խա­գա­հեց Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ա­րե­ւա­գա­լի հո­գե­զմայլ ա­րա­րո­ղու­թեան։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինք­նա­տի­րու­թիւ­նը՝ ինքն­ա­գի­տակ­ցու­թեան բնա­կան մէկ հե­տե­ւանքն է։ Այն ան­ձը՝ որ իր ար­ժա­նի­քին, իր մտա­յին ու հո­գե­ւոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն գի­տա­կից է եւ ըստ այնմ կը վա­րուի, ան տէ՛րն է իր ան­ձին։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս ո­գե­կու­չուե­ցաւ հայ մե­ծա­նուն բա­րե­րար, մե­կե­նաս ու ճար­տա­րա­րուես­տա­գէտ Ա­լեք­սանտր Ման­թա­շեանց (1842-1911)։­

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գե­ղա­սահ­քի ան­նա­խըն­թաց ձեռ­նարկ մը։ «Սա­ռոյ­ցի թա­գա­ւոր­նե­րը» խո­րագ­րեալ մեծ շոու մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին հան­դէս ե­կան ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան­ներ, աշ­խար­հի կամ Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րու դափ­նե­կիր­ներ։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով՝ Ռո­պէրթ Յա­րու­թիւ­նեան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­րե­ւա­գա­լի ժա­մեր­գու­թիւն, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Եղիշէ Վարդապետ Ուչքունեան։ Գուզ­կուն­ճու­քի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ սա Մեծ պա­հոց շրջա­նի հինգերորդ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թիւնն էր, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016

Ատրպէյճանի նախագահը ելոյթ մը ունեցաւ Պաքուի 4-րդ Կլոպալ ֆորումի բացման ընթացքին:
Ըստ Ալիեւի, շարունակելով Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումը՝ Հայաստան ինքզինք կը դնէ մեկուսացուած վիճակի մէջ:

Ուրբաթ, Մարտ 11, 2016

​Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահները երէկ հանդիպում մը ունեցան Քրեմլինի պալատին մէջ
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը միշտ առաջնահերթ

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Ե­րե­ւա­նի մեթ­րոն, որ ձօ­նուած է Կա­րէն Տե­միր­ճեա­նի ա­նուան։ Քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեա­նի եւ մեթ­րո­յի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ու­ղեկ­ցու­թեամբ ան ճամ­բոր­դեց «Բաղ­րա­մեան» կա­յա­րա­նէն մին­չեւ «Զօ­րա­վար Անդ­րա­նիկ» կա­յա­րա­նը։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016

Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի տան­տի­րու­թեամբ այ­սօր կը սկսի Պա­քուի կլո­պալ ֆո­րու­մը, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի չոր­րորդ ան­գամ։ Ա­ւան­դա­կան դար­ձած այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն աշ­խար­հի եօթ եր­կիր­նե­րէ նա­խա­գահ­ներ, 27 նախ­կին նա­խա­գահ­ներ, 23 նախ­կին վար­չա­պետ­ներ, եւ այլք։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016

Ե­րէկ, Պրիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հիւ­սի­սատ­լան­տեան խոր­հուր­դի եւ Հա­յաս­տա­նի հան­դի­պու­մը։ 28+1 ձե­ւա­չա­փին մէջ այս առ­թիւ քննար­կուե­ցան կող­մե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թացքն ու հե­ռան­կար­նե­րը։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Մոս­կուա, ուր հան­դի­պում մը կ՚ու­նե­նայ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սարգ­սեան եւ Փու­թին կը քննար­կեն ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր այս եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քը զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի գծով ՄԱԿ-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սթե­ֆան տէ Միս­թու­րա յայտ­նեց, թէ այս հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման հա­մար նա­խա­տե­սուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յե­տաձ­գուած են Մար­տի 15-ին։ Ծա­նօթ է, որ Սու­րիոյ չա­փա­ւոր ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը պի­տի մէկ­տե­ղուին Ժը­նե­ւի մէջ, մինչ Սու­րիա­յէն ներս կը շա­րու­նա­կուի յա­րա­բե­րա­կան հրա­դա­դա­րը։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վախ» կամ «եր­կիւղ» մարդ­կա­յին բնա­կան՝ ըն­դա­բոյս զգա­ցում մըն է։ Վա­խը, կեր­պով մը, անվ­տան­գու­թեան, վստա­հե­լիու­թեան կամ ա­պա­հո­վու­թեան զգա­ցա­կան կազ­մուածք մըն է՝ որ կ՚ազ­դա­րա­րէ եւ կը զգու­շաց­նէ են­թա­կան հա­ւա­նա­կան՝ կա­րե­լի՝ բայց ո՛չ ստոյգ վտան­գի մը մա­սին։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016

​Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով:
Տիարպաքըրի Սուր գաւառակին մէջ վերջ գտան ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւնները:

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016

​Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արամ Խաչատրեանի Երեւանի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Արմինէ Գրիգորեան յատուկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Մենք բոլորս միասին ենք՝ կարեւոր չէ, թէ աշխարհի ո՛ր անկիւնը կը գտնուինք, մեր երակներուն մէջ նոյն արիւնը կը հոսի»:

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016

​Անթիլիաս անհանգստացած՝ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացած դատի գործընթացի երկարաձգումէն:
Արամ Ա. Կաթողիկոս խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Ժընեւի մէջ: ԵՄԻԱ դիմելու մտադրութիւնը միշտ կը բարձրաձայնուի:

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ան­ցեալ շա­բաթ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան թիւ մէկ օ­րա­կար­գը Ա­րա­բա­կան ծո­ցի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եր­կիր­նե­րու կող­մէ հրա­պա­րա­կուած յայ­տա­րա­րու­թիւնն էր, ո­րով «Հիզ­պուլ­լահ» կը ճանչ­ցուէր որ­պէս ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կե­րու­թիւն, այդ­պէ­սով ան­նա­խըն­թաց լա­րուա­ծու­թիւն ստեղ­ծե­լով սիւն­նի աշ­խար­հին եւ Լի­բա­նա­նի մի­ջեւ:

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը սա­ներ, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի ու կեն­սա­բա­նու­թեան ու­սուց­չու­հի Նա­թա­լի Պեն­լիօղ­լուի, Հա­մաշ­խար­հա­յին կա­նանց օ­րուան առ­թիւ այ­ցե­լե­ցին Ֆէ­րի­գիւ­ղի լա­տի­նաց գե­րեզ­մա­նա­տու­նը՝ ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­լու ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան յա­ռա­ջա­տար կին գրող­նե­րէն, կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան Սրբու­հի Տիւ­սա­բին, որ կը ննջէ այս­տեղ, իր ըն­տա­նե­կան դամ­բա­րա­նին մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2016

Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի Ե. ժողովը:
Թէ՛ Էրտողան եւ թէ Փորոշենքօ Ռուսաստանին ուղղեալ խիստ պատգամներ փոխանցեցին Անգարայէն:

Էջեր