Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի նեղութիւններ, դժուարութիւններ թող չվախցնեն մեզ՝ վաղը նոր կեանք մը պիտի սկսի։ Ուստի, անցեալի սխալները մէկ կողմ դնենք եւ նորէն սկսինք։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տակաւին հազիւ տասներկու-տասներեք տարեկան էի, երբ առաջին անգամ ձեռքս առի Ինտրայի «Ներաշխարհ»ը եւ փորձեցի կարդալ։ Անշուշտ եւ, բնականաբար, ընթերցումս կէս մնաց. աշխատութեան առաջին մի քանի տողերը լաւապէս հասկնալու համար փորձեցի մի քանի անգամ դարձեալ կարդալ, սակայն այնպէս ալ անհասկնալի մնաց:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանին, որ ներկայիս բանտարկուած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, որոնց հետ էին նաեւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն երկու աշակերտներ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ Շիշլի մարզակումբը կը պատրաստուի նշել իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Սա իսկապէս յատկանշական դարադարձ մըն է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։
Իրանի եւ Եգիպտոսի շփումները այս շրջանին խտացած են՝ Մերձաւոր Արեւելքի թէժ օրակարգի պայմաններուն ներքեւ։ Թեհրան-Գահիրէ առանցքին վրայ ստեղծուած աշխուժութիւնը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ կողմերը կը ձգտին տարածաշրջանի իրադարձութիւնները դիմագրաւել՝ որպէս ազդու խաղացողներ։
Ռուսաստան եւ Սուրիա կը ձգտին նոր որակ մը տալ իրենց յարաբերութիւններուն՝ բարձր մակարդակի քննարկումներով:
Մոսկուա-Դամասկոս համագործակցութեան մթնոլորտը կը վերաձեւաւորուի՝ Մերձաւոր Արեւելքի թէժ օրակարգի ճակատագրային պայմաններով:
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան հիւրընկալեց Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահիտ Ճալալզատէն, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
«Բարեկամ Իրանի հետ փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան վրայ կառուցուած երկկողմանի յարաբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունին Հայաստանի համար։
Հայաստան-Իրան-Հնդկաստան բարձրաստիճան դիւանագէտներու միջեւ կարեւոր բանակցութիւններ:
Երեւան, Թեհրան եւ Նիւ Տելհի կ՚ընդգծեն հաղորդակցութիւններու գծով Ճապահարի նաւահանգիստի ռազմավարական իմաստը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Հայաստան։ Թրքահայ համայնքային շրջանակներէն ներս բացառիկ ուշադրութեան եւ արձագանգի արժանացած է՝ մեր բարերարներէն Էֆրիմ Պաղի կողմէ Հայաստանի մէջ վերանորոգուած Ս. Աստուածածին եկեղեցին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Գատըգիւղի ընտանիքը ոգեւորութեամբ դիմաւորեց 2025-2026 կրթական շրջանը։ Թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի մէջ վերամուտի առթիւ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան 2025-2026 կրթական շրջանի սկիզբին առթիւ այցելեց Ս. Խաչ դպրեվանք։ Ծանօթ է, որ Պատրիարքական Աթոռի գահակալը աւանդաբար կ՚ընդունուի՝ այս կրթօճախի վանահայրը։
Համայնքային երախտաշատ բարերարուհի Մոնիք Երկանեանի տեսակէտէ 2025-2026 կրթական շրջանի վերամուտը զգացական բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ։ Իրեն վիճակեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն ներս վերամուտի առաջին զանգը հնչեցնելու ուրախութիւնն ու պատիւը։
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Թանկագի՜նս…
Եթէ իրականութիւնը կ՚ուզես, ապա չեմ գիտեր, թէ ես ե՞րբ պէտք է գրեմ քեզի… Բոլոր բառերը, ինչ որ կրնայ կարօտած մատիտ մը գրել՝ գրած եմ քեզի, երբ այնտեղ էի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութիւնը՝ Արարչագործութեան ծրագրին գործադրութեան տարածքն է։ Աստուած, ստեղծելու համար նախապէս գոյութիւն ունեցող ո՛չ մէկ բանի եւ ո՛չ մէկ օգնութեան կարիքը ունի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գրականութեան մէջ նշուած չէ, սակայն, աւելի քան երբեք վստահ ենք, որ աշխարհահռչակ գրող ու բանաստեղծ Օսքար Ուայլտ այս տողերը գրի առած ժամանակ աչքի առջեւ ունէր հայ ժողովուրդը. «Կան մարդիկ, որոնք այնքան կը սիրեն իրենց անունը, որ պատրաստ են ամէն ինչի՝ զայն անմահացնելու համար»:
«Հայաստան որեւէ պատճառ չի տեսներ Թուրքիոյ կողմէ սահմանի բացման յապաղեցման համար»:
Յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական ժամադրութեան առթիւ թարմ լաւատեսութիւն Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս առկայ լճացման հիմնական պատճառներէն մին է՝ զանազան հաստատութիւններու առաքելութիւններու պարագային հանրային կարծիքը դիտումնաւոր մոլորութեան ենթարկելու ոմանց տխուր ընթացքը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ վերադարձաւ դէպի Վան ուխտագնացութենէն, որ այս տարի 13-րդ անգամ կազմակերպուած էր Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ։