Արխիւ
Ազգային անմոռանալի բարերար Գուլուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Լիզպոնի մէջ։ Ամէն տարի երախտաշատ բարերարի ծննդեան օրը առիթ կը հանդիսանայ, որպէսզի անոր յիշատակին նկատմամբ յարգանքը թարմացուի ու բոլորը վերյիշեն իր թողած աւանդին անգնահատելի նշանակութիւնը։
Ատրպէյճանը Հայաստանը հրաւիրեց՝ յառաջիկայ նոյեմբերին Պաքուի մէջ նախատեսուած COP29 գագաթաժողովին։ Երեւան պաշտօնապէս չէ արձագանգած Պաքուի այս հրաւէրին։
Իրան-Հայաստան առանձնայատուկ յարաբերութիւնները տարածաշրջանային գործօն:
Դեսպան Սոպհանիի խօսքով՝ իր երկիրը պիտի կրկնապատկէ ելեկտրական ուժանիւթի ներածումը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ աշնան նախատեսուած ընտրութեան ընդառաջ արտասովոր իրադարձութիւն:
Ճօ Պայտըն հարցախոյզներու կանխատեսումներուն բերումով որոշեց դուրս գալ ընտրապայքարէն, Տանըլտ Թրամփ յուսադրուած վերընտրուելու համար:
Զուիցերիոյ յառաջատար դրամատուներէն UBS-ի կողմէ վերջերս հրապարակուեցաւ 2024 թուականի Համաշխարհային հարստութեան տեղեկագիրը։ Զուիցերակեդրոն այս հսկայ դրամատան տուեալներով՝ անհատական հարստութեան բարձրացման տեսակէտէ Թուրքիա առաջին հորիզոնականը կը զբաղեցնէ աշխարհի վրայ։
Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամին կողմէ 10 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրուի Հայաստանին։ Այս որոշումը արդէն հաստատուած է։ Եւրոպական Միութիւնը առաջին անգամ սոյն հիմնադրամէն յատկացում կը կատարէ Հայաստանին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին կողմէ կազմակերպուած շաբաթօրեայ դպրոցները ստացած են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատկան իշխանութիւններուն կողմէ պետական արտօնագիր։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրները ուշադրութեամբ կը հետեւին Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու կացութեան։ Այսպէս, շաբաթավերջին, ԱՄՆ-ի ծերակոյտէն Քրիս վան Հոլըն տեսակցեցաւ Երուսաղէմի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Երեւանի մէջ արդէն եզրափակուած է Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը։ Շաբաթավերջին, Մատենադարանի երդիքին տակ հայ եւ օտար գիտնականներուն զեկուցումներով աշխատանքը ընթացաւ շատ հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գրող մարդու հոգեկան ապրումներն ու յոյզերը հասկնալը շատ անգամ դիւրին չէ, մանաւանդ եթէ գրողը ունի փոթորկոտ յուզումներ ու ալեկոծումներ. անոնք իրենց գրութիւններու ճամբով կը փորձեն վերլուծել իրենց ներքին աշխարհը եւ մենք մեր կարգին իրենց գրածներով կը փորձենք հասկնալ այդ յոյզերը:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք ներկայացնել Մերուժան Պարսամեան հրապարակախօսը, նկատի ունենալով անոր ինքուրոյն ոճը եւ հարցերն ու առօրեայ խնդիրները քննելու եւ ճիշդ կերպով վերլուծելու իւրայատկութիւնը: Պարսամեան «Շանթ»ի թիւերու վերջին էջերուն վրայ Շանթարգել ծածկանունին տակ խօսած ու նկարագրած է տարբեր հայորդիներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միջազգային հարթակներու վրայ բաւական մեծ նահանջ ապրեցաւ ու դեռ ալ կ՚ապրի Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան այս փուլը, որ խոր-քին մէջ երկար շղթայի մը շարունակական օղակն է։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը բժշկական օգնութիւն կը փութացնէ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն:
Աշխարհատարած բարենպատակ կազմակերպութիւնը միշտ քայլեր կ՚առնէ՝ բռնի հայրենազրկեալներու առկայ հրատապ կարիքներուն դիմաց:
Մոսկուայէն բողոքի վրայ բողոք կը հնչէ Երեւանի եւ Արեւմուտքի միջեւ տակաւ խորացող յարաբերութիւններուն դէմ:
Ըստ Ռուսաստանի բանբերներուն՝ Հայաստան այժմ կը գտնուի խաչմերուկի մը վրայ. անոնք մտահոգ են նաեւ ռազմակայանի ապագային համար:
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս կը շարունակուի Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը, որ կը համախմբէ հայ եւ օտար բազմաթիւ մասնագէտներ։ Երէկ ամբողջ օրը գիտական նիստերը շարունակուեցան, իսկ երեկոյեան այս քոնկրէսի մասնակիցները Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ ընթրիքի սեղանի շուրջ հիւրընկալուեցան՝ «Մերկերեան քարփըթ» գորգի գործարանի համալիրի ճաշարանէն ներս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ե. դարու թարգմանական գործունէութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ Զ. դարուն։ Այս ժամանակներուն թարգմանուեցան Գրիգոր Նազիանզացիի, Գրիգոր Նիւսացիի, Գրիգոր Սքանչելագործի, Աթանասի, Փիլոնի, Նոնոսի, Փիլոքսէնի, Տիմոթէոսի եւ ուրիշներու գործերը՝ որոնք առհասարակ, մանաւանդ Փիլոնը, հայ մատենագիրներու վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, որ վերստին թեկնածու եղած է այդ պաշտօնին համար ու նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ վերջերս ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակման։
Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովը առիթ դարձաւ միջազգային հրատապ օրակարգի խնդիրներու արժեւորման:
Երեւանէն եւ Պաքուէն իրերամերժ պնդումներ՝ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման վիժեցման շուրջ:
Հայաստան-Ֆրանսա ռազմական համագործակցութեան անդրադառնալով՝ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտնեց, որ դաշնակիցներու զիրար զինելը բնականոն է՝ ինքնապաշտպանութեան նպատակով:
Պատրիարքական Աթոռը երէկ հիւրընկալեց միջեկեղեցական հիւրեր։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ղպտի Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական հոգեւորականներ, որոնք այցելեցին Գումգաբու։