Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022

Նիւ Եորքի մեթրոյին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զինեալ յարձակում մը, որու հետեւանքով 28 հոգի վիրաւորուեցաւ։ Պրուքլինի կայարանէն ներս առաւօտեան կանուխ ժամերուն տեղի ունեցաւ դէպքը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022

ՎԱՐԱՆԴ (ՅԱԿՈԲ) ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այս տարուան գարնան, Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ դարաւոր օրաթերթի յարգարժան խմբագիրէն՝ տիար Արա Գօչունեանէն առաջարկ մը ստացայ՝ նոյն օրաթերթի բազմերախտ գրիչներէն, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան արժանաւոր հոգեւոր սպասաւորներէն մէկուն՝ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանի նոյն թերթին մէջ ցարդ հրապարակուած գրութիւններէն հատոր մը կազմելու համար՝ որպէս շնորհապարտութիւն հեղինակ տէր հօր երկար տարիներու վաստակին:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկն ու ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը՝ որպէս համատեղ հրատարակութիւն լոյս ընծայեցին Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներու ժողովածուին:
Վարանդ Քորթմոսեանի բծախնդիր աշխատանքով կազմուած կոթողային հատընտիրը նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ հեղինակի բազմատասնեակ տարիներու հրապարակագրական վաստակը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Աւագ երեքշաբթին նկատուած է Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին կատարած քարոզութեան ու գործունէութեան վերջին օրը եւ ամենէն երկար օրը, որով Իր քարոզութիւնը տեւած է առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Դպրոցի սրահին մէջ այս առթիւ ստեղծուեցաւ ուրախ մթնոլորտ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Մեր տանիք» խմբաւորման հաւաքոյթը։ Ծաղկազարդի տօնի երեկոյեան զուգադիպեցաւ այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր հիւրընկալ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի հրաւէրով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Էսաեան սանուց միութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 75-ամեակը, ինչ որ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կ՚առթէ ո՛չ միայն էսաեանցիներուն, այլեւ՝ մեր ամբողջ համայնքին։ 75-ամեայ սանուց միութիւնը հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալած է՝ միշտ գիտակցելով հայ մշակոյթի շարունակականութեան ու սերունդէ սերունդ փոխանցման կարեւորութիւնը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

2022 թուականի վերջաւորութեան, Հաղարծինի վանական համալիրին մէջ, կը բացուի մշտական ցուցադրութիւն մը, որ բացառիկ պիտի ըլլայ իր տեսակին մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնէ Տաւուշի վանքերուն մէջ ստեղծուած ձեռագիր ժառանգութիւնը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մարդկութեան պատմութեան սկիզբէն խաղաղութիւնը եղած է մեծ նպատակ: Սակայն, ինչքան այդ խաղաղասիրութիւնը բխած է նոյնինքն մարդկային էութենէն կամ հոգեմտաւոր կերտուածքէն, բոլոր քաղաքակրթութիւններն ու կազմակերպուած հաւաքական կենսափորձերը (նոյնինքն պետութիւնները) խօսած են խաղաղութեան անունով եւ իրենց նպատակը եղած է խաղաղութեան հասնիլը, ամենադաժան պատերազմներ մղելով հանդերձ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հաւանաբար շատերու զարմանք պատճառեց երէկուան՝ երկուշաբթի, 11 ապրիլ 2022-ի թիւին մէջ մեր հրատարակած «Ծիծիկներ» խորագրեալ գրութիւնը. հաւանաբար շատեր «անբարոյ» ածականով պիտակաւորեցին թերթի խմբագրութիւնը, մասնաւորաբար ինձ՝ որ յանդգնած էի նման խորագրով մը հրապարակ դուրս գալ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Կիրակի առաւօտ կանուխ, մթնշաղին, Մարիամ Մագթաղենացին» (Յհ 20.1):
Գիտելի է, թէ Սուրբ Աւետարանին մէջ յարութենէն ետք Քրիստոսի տաս երեւումներու մասին կը պատմուի:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը տեղեկացուց, որ պիտի մասնակցի Աւանդական ու համաշխարհային կրօններու առաջնորդներու համագումարին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի նախկին ժամանակաւոր պաշտօնակատար Միքայէլ Համբարձումեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով անդրադարձաւ երկրէն ներս հետզհետէ ծաւալող հակառուսական տրամադրութիւններուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը:
Միրզոյեան եւ Պայրամով կարծիքներ փոխանակեցին հաշտութեան բանակցութիւններու նախապատրաստման շուրջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

Փայլան միշտ հետամուտ փոքրամասնական վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան վերաբերեալ խնդիրներուն:
Ընդդիմադիր երեսփոխանը խորհրդարանէ ներս մասնաւորապէս օրակարգի վրայ բերաւ՝ նոր կանոնադրութեան նախագծին շուրջ լսումները ու այդ բոլորը կէտ առ կէտ յանձնեց նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի նկատառման:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան շաբաթավերջին Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց արարողութիւններուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց հաւաք մը։ Մեծ պահոց շրջանին զուգադիպած այս հաւաքը առիթ հանդիսացաւ, որ թեմի հոգեւոր սպասաւորները վայելեն իրարու եղբայրութիւնը եւ այս նուիրական շրջանին վերաթարմացնեն իրենց հաւատը, նաեւ ծառայութեան ուխտը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022

Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Ասըրեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպէ դէպի Դադիվանք։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022

Երէկ, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն։ Սա առաջին փուլն էր, որմէ յաղթական դուրս եկան երկրի այժմու ղեկավարը՝ Էմմանիւել Մաքրոն (27.6%) եւ «Ազգային Ճակատ»ի ղեկավար Մարին լը Փեն (23.4%)։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022

Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա երէկ իֆթարի սեղան մը կազմակերպեց քաղաքի զանազան շրջանակներէ ներկայացուցիչներուն համար։ «Չըրաղան»ի պալատէն ներս կազմակերպուած ընթրիքին մասնակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ։

Էջեր