Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022

Վլատիմիր Փութին շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Ռուսաստան կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը՝ Ծաղկազարդը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ այս տօնը հռչակուած է նաեւ Մանուկներու օրհնութեան օր։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Աւագ երկուշաբթին մասնաւոր անուանում չունի, Աւագ չորեքշաբթի օրուան նման։ Օրուան ընթերցումներն ու շարականները նկատի առնելով՝ կը հասկնանք, թէ Աւագ երկուշաբթի օրը «ստեղծագործութեան», «մարդ արարածի արարչութեան», «Զեբեդէոսի որդիներուն Յիսուսի ըրած խնդրանքին՝ արքայութեան մէջ Անոր աջ ու ձախ կողմերը նստելու», «թզենիի չորացումին եւ տաճարը մաքրագործելուն» յիշատակումի օրն է։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ուքրայնայի պատերազմը մեծ հաշուով «տեղական» բնոյթով պատերազմ մը չէ։ Տեղի կ՚ունենան բեկումնային տեղաշարժեր, իբր այդ, մասնաւորապէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ մեծ ճիգեր ներդնել՝ լաւագոյնս օգտուելու համար նոր, սակայն դանդաղօրէն հասունցող դրութիւններէն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1947 թուականին հայ գրատպութեան ամենախոշոր պահոցը՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանը հրատարակելու սկսաւ «Յիշարժան տարեթիւեր» օրացոյցը: Այս հրատարակութիւնը պարզ օրացոյց մըն է, սակայն գիրքի մը բովանդակութեան չափ հարուստ նիւթ կը պարունակէ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ճէյմս Պ. Սթոքտէյլ 1956 թուականին կը վարէր աշխարհի ամենահզօր ռազմական մեքենաներէն մէկը։ Որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերու հրամանատար՝ 42 տարեկանին ան ղեկավարած է 100 ինքնաթիռ՝ Հիւսիսային Վիեթնամը ռմբակոծելու ընթացքին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերոյիշեալ վերնագիրին դիմաց մեր տարեց ընթերցողները յաւիտենական կրակին չարժանանալու համար կրնան անմիջապէս «Մեղայ Ամենասուրբ» մը արտասանել, ինչու չէ, նաեւ անցնիլ Նարեկի ընթերցանութեան, իրենց մասին պատրաստուած դատաստանի գիրքէն ջնջելու համար այն գայթակղութիւնը, որ ես պիտի պատճառեմ այսօր իրենց:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022

Մխիթարեան վարժարանին մէջ Ս. Զատկի տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը, որով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ աշակերտութեան մօտ։ Դպրոցի հանդիսասրահը վերածուած էր տօնախմբութեան միջավայրի մը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Ծաղկազարդը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան փայլուն երեկոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնէն ներս։ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2022

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա պատրաստակամ չեն Ռուսաստանի հետ համագործակցելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով»:
Մոսկուա համոզուած է, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացումով տարածաշրջանի մթնոլորտը կ՚առողջանայ:

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ծաղկազարդի նախորդող շաբաթ օրը, ըստ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, յիշատակի տօնն է Ղազարոսի յարութեան:
Շատեր կը կարծեն, թէ մեր Տէրը Քրիստոս այս օրը Ղազարոսին յարութիւն տուաւ, բայց այդպէս չէ (Ղազարոսի յարութեան մասին կարդալ Յհ 11.46): 

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2022

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Պասէքի տօնը ի Հրէաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի հրէից համար կարեւոր առիթներէն էր ուխտաւորաբար Երուսաղէմ գալու, մանաւանդ առիթ՝ համախմբուելու ընդ հովանեաւ Տաճարին։ Գուցէ անոնց համար այս համախմբումը, զգեցած կրօնական բնոյթին առընթեր կը կրէր նաեւ ազգային միասնականութեան զգացումը ներշնչելու առիթ, քանի այս տօնին է, որ կը յիշէին իրենց նախահայրերուն Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրումը, շնորհուած որպէս Աստուածային պարգեւ։

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2022

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ծաղկազարդը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակի տօնն է։ Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին Երուսաղէմ եկաւ, ուր ժողովուրդը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեց զԻնք որպէս Թագաւոր, Անոր առջեւ փռելով իրենց վերարկուներն ու արմաւենիի ճիւղեր։

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Տարիներ առաջ բարեկամի մը հետ ունեցայ հետեւեալ բանավէճը. ինք պնդեց, թէ երգերու մէջ բառերէն աւելի երաժշտութիւնն է կարեւորը, որովհետեւ այդ մէկն է, որ հաճոյք կը պատճառէ մարդուն, մինչ իր կարծիքին հակառակ ես պնդեցի, թէ բառերն են, որ ապրումն ու զգացումը կը փոխանցեն. այս նիւթին շուրջ մինչեւ օրս չկրցանք հասարակաց եզրակացութիւն մը կազմել. ինք մնաց երաժշտութեան, իսկ ես մնացի բառերու կողմնակից:

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ յետմիջօրէին, ընդունեց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան աւագ հիւպատոս Սենիհա Պիրանտ Չընարի եւ իր ընկերակիցներուն այցելութիւնը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ սոյն այցելութիւնը, որու ընթացքին աւագ հիւպատոսը ծանօթացաւ Նորին Ամենապատուութեան հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքի Բժիշկներու միութիւնը դէպի Լիբանան բժշկական-առողջապահական նեցուկ ցուցաբերելու կոչուած կարեւոր առաքելութիւն մը իրականացուց։ Բժիշկներու խումբին մաս կազմեց նաեւ տքթ. Վաչէ Վասիլեան, որու հետ հեռակայ դրութեամբ կատարեցինք հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կարդալ ստորեւ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2022

Ծաղկազարդի տօնին ընդառաջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ:
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հօր քարոզը ունկնդրեցին նաեւ Կեդրոնական վարժարանէն սաներ եւ կրթական մշակներ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2022

Մկրտիչ Մարկոսեան յաւերժութեան ուղեւորման փուլին առարկայ դարձաւ համատարած յարգանքի:
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ փառաշուք յուղարկաւորութիւնը համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2022

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հովանաւորած ծրագիրը:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը գնահատեց ընկերային զօրակցութեան ոգիով նախաձեռնութիւնները:

Էջեր