Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022

Մեր համայնքի համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ հարցազրոյց մը տուած է Երեւանի «Արեւելք» կայքէջին՝ խորհրդածութիւններ ընելով Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ «Յատկապէս այս շրջաններուն բոլորս խաղաղութեան կարիքը ունինք, որովհետեւ աշխարհի վրայ խաղաղութենէն աւելի լաւ բան չկայ», ըսած է ան։

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը երէկ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը, որ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Այսպէս, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան հաղորդեց, որ դատական իշխանութիւններուն կողմէ պաշտօնագիր մը հասած է թաղային խորհուրդին։ Խնդիրը կը վերաբերի 23 մայիս 2020 թուականին եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման, երբ Մազլում Սերին անունով անձ մը կոտրած էր մուտքի դրան խաչը

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ երեկոյեան, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբաններու հաւաք։ Կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ հաւաքուած միաբանները ուշադրութիւն կեդրոնացուցին «Սփիւռքի տարի»ի շրջանակներէն ներս նախատեսուած աշխատանքներուն եւ անոնց արժեւորման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ նիւթերու վրայ։

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան անցեալ շաբաթավերջին հովուական այցելութիւն մը տուաւ դէպի Սպանիա։ Նորին Սրբազնութեան ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Պարսելոնա քաղաքը, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն եկեղեցական խորհուրդի անդամներուն հետ։

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերագտած է իր առողջութիւնը՝ վերջին շրջանին իր ենթարկուած դարմանումէն վերջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Քաղաքացիի որոշում» սոցիալ-դեմոկրատ կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Միքայէլ Նահապետեանի կարծիքը շօշափեցինք Հայաստանի քաղաքական կացութեան շուրջ։ Ստորեւ՝ իր դիտարկումներն ու խորհրդածութիւնները։

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Ճշմարտութեան Հոգին, որ Հօրմէն կ՚ելլէ» (տե՛ս Յհ 15.26):
Այստեղ բազմաթիւ կերպերով ցոյց պիտի տանք, որովհետեւ Սուրբ Հոգին միայն Հօրմէ կը բխի եւ ոչ Որդիէն. նախ՝ որովհետեւ պատշաճ չէ Աստուծոյ Բանին ստել, որ կ՚ըսէ՝ «Հօրմէն կ՚ելլէ», եւ այնտեղ Որդի չի յիշեր, քանի որ եթէ ըլլար կը յիշէր, ատոր համար կ՚ըսէ. «Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին, բայց Իմ խօսքերս պիտի չանցնին» (Մտ 24.35):

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022

Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսման համար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած է, երէկ, Մայրավանքի համալիրէն ներս մէկտեղուեցաւ մեր ազգայիններէն, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքի հետ, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վիքթոր Համբարձումեանի անուան Բիւրականի աստղադիտարանը տօնեց իր հիմնադրման 75-ամեակը: Բիւրական գիւղի Արագած լերան լանջին գտնուող այս եզակի աստղադիտարանը Արեւելեան Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն աստղադիտարաններէն մէկն է, որ հիմնուած է անուանի գիտնական Վիքտոր Համբարձումեանի ջանքերով ու ինքն ալ եղած է աստղադիտարանի առաջին տնօրէնը:

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ռոպերթ Պ. Թոմաս 1792 թուականէն ի վեր մասնաւորապէս հողագործներու համար կը պատրաստէր եւ կը հրատարակէր «Old Farmer's Almanac» անունով օրացոյց մը, որ կը պարունակէր ցանք-բերքահաւաքի ժամանակը, բաղադրատոմսեր, ասացուածքներ եւ այլն։

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր ծանօթ մը ամուսնութիւն պիտի կնքէ օրիորդի մը հետ, որուն հետ ծանօթացած ու սիրահարած է համացանցի ճամբով։ Երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հեռաւորութիւնը պատճառ եղած է, որպէսզի իրար ճանչնան միայն հեռախօսազանքերով ու նամակագրութեամբ:

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան տեղեկացուց, որ Թուրքիա կը ծրագրէ հանդիպում մը կազմակերպել՝ Հարաւային Կովկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի շրջանակին մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ իր հրաժարականը տեղեկացուց հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնով։
1990-ականներու սկիզբին, աշխարհաքաղաքական մեծ փոփոխութիւններու արդիւնքով մեր ժողովուրդին մեծագոյն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ՝ ստեղծել իր անկախ պետութիւնը։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ անակնկալ որոշումով մը հրաժարեցաւ պաշտօնէն առկայ ճակատագրական մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ. իր լիազօրութիւնները, ըստ Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն, ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան:
«Այսօր, ինչպէս երբեք, անհրաժեշտ են իմաստալից, խոր մտածուած, կշռադատուած եւ բովանդակալից գործողութիւններ։ Այլապէս մենք՝ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը, չենք հասնիր մեր առաքելութեան նպատակին եւ կը յայտնուինք պատմութեան լուսանցքին։ Մեր պետութեան համար այս բարդ փուլին անհրաժեշտ է համազգային միասնականութիւն։ Մենք այլեւս սխալելու իրաւունք չունինք»:

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022

Մարդ արարածի եւ մայր բնութեան յարաբերութիւնը շատ խորքային է։ Մէկ կողմէ մարդը բնութեան անբաժանելի մասն է, անոր հրաշագործ կարողութիւններու գերագոյն դրսեւորումը, իսկ միւս կողմէ երկրագունդի վրայ այդ նոյն բնութեան դէմ հիմնական պայքարողն է, մաքառողը։ Ուրիշ որեւէ կենդանի կամ արարած բնութեան դէմ չի պայքարիր այնքան՝ որքան մարդը։ Մնացեալները հանգիստ են՝ որքան ատեն, որ կը յագեցնեն իրենց բնական կարիքները։ Հապա մարդը՞...

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բոլորովին անսպասելի էր այն ինչ, որ երէկ հաղորդուեցաւ Երեւանէն։
Խօսքը, անշուշտ, կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին, որ ինչ-որ առումով որոշ ժամանակի մը համար իր շուքին տակ պիտի ձգէ յառաջիկայ իրադարձութիւններուն բնոյթն ու ընդհանուր հունը. հունը՝ կապուած տեղի ունենալիքին, այն իմաստով, որ, ըստ Սահմանադրութեան, երկրի Ազգային ժողովը կարճ ժամկէտներու մէջ պարտաւոր է յատուկ նիստով մը ընտրել նոր նախագահ՝ իր ընթացիկ օրակարգի կողքին։

Շաբաթ, Յունուար 22, 2022

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Ուքրայնայի տագնապը այս շրջանին պատճառ դարձած է, որ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ յառաջանայ աննախընթաց լարուածութիւն։

Շաբաթ, Յունուար 22, 2022

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը եւս ուշադրութեան առարկայ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց ԵՄ-ի ֆրանսական նախագահութեան ներկայացուցիչին գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Շաբաթ, Յունուար 22, 2022

Թաքսիմի Այա Թրիատա յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը։ Քրիստոնէից միութեան օրուան առթիւ կազմակերպուած այս միջեկեղեցական աղօթքին հանդիսապետեց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Շաբաթ, Յունուար 22, 2022

Երէկ երեկոյեան Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական երեկոյթ մը։ Գրական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին վերյիշուեցաւ գրող Զաւէն Պիպեռեան՝ ծննդեան 100-ամեակին առթիւ։

Էջեր