Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Դպիրները կ՚երգեն. «Աստուծոյ Որդի, որ Հայրը մեզի հետ հաշտեցնելու համար պատարագուելով կը բաշխուիս մեր մէջ որպէս կենաց հաց. կ՚աղաչենք Քեզի, Քու Սուրբ Արեանդ հեղումով ողորմէ՛ Քու Արիւնովդ փրկուած հօտին»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բ.- ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆ.- Ծնողներու կողմէ կատարուող միւս մանկավարժական սխալը համեմատելու սովորութիւնն է. շատ մը ծնողներ կը կարծեն, «նայի՛ր Անահիտին տղան քեզմէ լաւ նիշ բերած է» ըսելով պիտի կարենան իրենց մանուկները մղել յաւելեալ աշխատանքի, որպէսզի իրենց զաւակները կարենան իրապէս գերազանցել Անահիտին տղան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Մենթի-մենթէօր» ծրագրի 2021-2022 շրջանի մասնակիցները, որոնց յանձնեց վկայականներ։ Երիտասարդները նախ Պատրիարքարանի համալիրէն ներս շրջայց մը կատարեցին՝ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի գլխաւորութեամբ։
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը արդար հպարտութիւն կ՚ապրի վերջին նուաճումով:
Թուրքիոյ ֆութսալի լիկի 2022 թուականի ախոյենութեան բաժակը երէկ տարուեցաւ Գումգաբու:
Երէկ, Մինսքի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներուն ժողովը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ Միջկառավարական խորհուրդի նեղ կազմով նիստին, որու ծիրէն ներս հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստինի հետ։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու նոր ընտրական կանոնադրութեան հրապարակումը կը շարունակէ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դառնալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Նոր կանոնադրութեան բովանդակութիւնն ու գործադրութեան փուլի հաւանական մենկաբանութիւնները քննարկման առարկայ կը դառնան բոլոր հարթութիւններու վրայ՝ մինչ վաղը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ նախատեսուած է Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) համապատասխան օրակարգով խորհրդակցութիւնը։
Քերըն Տոնֆրիտ հարցը օրակարգի վրայ բերած է նաեւ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին:
«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է շարունակել աշխատանքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ծիրէն ներս»:
Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտ այս հինգշաբթի պիտի այցելէ Թուրքիա։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ պիտի հիւրընկալուի ան։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) կեդրոնական յանձնախումբը վերջին օրերուն Ժընեւի էքիւմենիք կեդրոնէն ներս գումարեց ժողով մը։ 2018 թուականէն ի վեր, այսինքն համավարակով բնորոշուած ժամանակաշրջանէն վերջ առաջին անգամ ժողովականներու ուղղակի մասնակցութեամբ նիստ մը տեղի ունեցաւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնման արարողութիւն մը։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանով պարգեւատեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով աւագ խորհրդական Ռուդիկ Հիւսնունցը։
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի երդիքին տակ հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւն:
Արեւելեան թեմի նորընտիր առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Ծայրագոյն Վարդապետ Պարսամեան պաշտօնի ձեռնարկեց՝ ասան ստանալով Տ. Դանիէլ Եպիսկոպոս Ֆընտըքեանի ձեռամբ եւ հաւատացեալներու անվերապահ զօրակցութեամբ ու համակրանքով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ, անցեալ շաբաթ, եռօրեայ միջազգային գիտաժողով մը տեղի ունեցաւ՝ նուիրուած շուրջ 50 տարի Թիֆլիզ հրատարակուած պատմական «Մշակ» թերթի հիմնադրման 150-ամեակին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հաւանաբար վերջին քսան տարուայ մէջ ամենախօսուած նիւթերէն մէկն է համաշխարհայնացումը, թէ՛ մասնագիտական շրջանակներուն եւ թէ՛ պարզ ամենօրեայ զրոյցներուն մէջ սովորական մարդոց կողմէ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի բերկրաշատ տօնը:
«Ազգովի գլուխ խոնարհենք այս համազգային, յաւիտենական ու յաւերժական հաստատութեան վեհութեան առջեւ»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսոյ հայոց պատրիարք, աստուածաբան, հայագէտ, պատմաբան, բանասէր, հրապարակախօս, ազգային պահպանողական ուղղութեան հասարակական գործիչ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանը լաւագոյնս բացայայտող իր իսկ երկը՝ «Խոհք եւ խօսք»ը, առաջին հրատարակութենէն 93 տարի յետոյ լոյս տեսած է Հայաստանի մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Նիւթականը կրնայ թուիլ որպէս վստահելի ճանապարհ դէպի հեղինակութիւն եւ երջանկութիւն։ Ի վերջոյ, լուրջ գումարներ վաստակած մարդոց մեծամասնութիւնը կը ներկայանայ յաջողութեան օրինակ՝ ապրելով կատարեալ ու նախանձելի թուացող կեանք մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ո՛չ միայն ֆրանսացիներ, այլ նաեւ ճաբոնցիներ, որոնք զանազան ժամանակներու, զանազան հարթակներու եւ զանազան միջոցներով պայքար տարած են պաղեստինեան դատին համար։ Այդ պայքարը մարդու իրաւունքներու համար է, նախքան հողի, իրաւունքի եւ արդարութեան պայքարի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բառացիօրէն ճշմարտութիւն է ըսուած այն խօսքը, որ ամէ՛ն պատճառ անպայմանօրէն ունի պատճառ մը. ամէ՛ն արարք, ընդունելի թէ ոչ, անպայմանօրէն ունի իր շարժառիթն ու պատճառը՝ որ կը կարօտի ուսումնասիրութեան:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ այս շաբաթավերջին եւս լարուածութիւնը շարունակուեցաւ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակած են Վարդենիսի ուղղութեամբ։
Հայաստան կ՚ընդգծէ ԱՄՆ-ի առանցքային դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ:
Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային գործընթացներու ընդհանուր արժեւորում: