Արխիւ

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեան. «Հպատակութիւնը կամ թշնամութիւնը վստահելի գործընկերոջ տպաւորութիւն չեն ձգեր։ Քաղաքականութիւնը այնպէս պէտք է ըլլայ, որ ունենաս արժանապատիւ ու վստահելի գործընկերոջ կարգավիճակ, ամրապնդես դաշնակցային յարաբերութիւնները»:
«Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի պարտութենէն վերջ, Հայաստանը՝ որպէս ինքնուրոյն պետութիւն, որպէս միջազգային իրաւունքի գործօն՝ այլեւս գոյութիւն չունի։ Անոր հարցերը կը լուծուին Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ։ Այսօրուայ Անգարա-Մոսկուա պայմանական սիրավէպը երկու կողմերուն համար ալ պարտադրուած է»: 

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Իր անձին սէրը բարոյականութեան հիմնական սկզբունք մը կը հանդիսանայ։ Ուրեմն, օրինաւոր է ե՛ւ բնական յարգել տալ կեանքի իր սեփական իրաւունքը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2021

Ֆրանսայի թանգարաններու ղեկավարները ահազանգ կը հնչեցնեն։ Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի աշխարհահռչակ Լուվր թանգարանն ու Վերսայի պալատը քորոնաժահրի համավարակի սահմանափակումներու պատճառով կրնան սնանկանալ։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի հետ։ Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցը տեւեց աւելի քան ժամ մը։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի հերթական ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Ալմաթիի մէջ:
Փաշինեան. «Հայաստան պատրաստ՝ համարկման գծով սերտ համագործակցութիւն ծաւալելու իր գործընկերներուն հետ»:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

ԵՄ ու Ռուսաստանը համաձայն գտնուեցան միայն իրենց առկայ անհամաձայնութիւններուն շուրջ:
Ժոզէֆ Պորել եւ Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ երէկ բանակցութիւններ վարեցին, հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

ՀԵՀԵՄ կը կարեւորէ եկեղեցւոյ եւ նոր սերունդի միջեւ առողջ կապի ձեւաւորուիլը:
Վեհ. Հայրապետը ընդունեց՝ զանազան ոլորտներու մէջ յաջողութեան հասած խումբ մը երիտասարդներ:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ երէկ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան Ս. Սարգիս մատուռը, որ վերջերս բարենորոգման ենթարկուած էր։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աշխարհի ամենէն հրատապ հարցը կը մնայ քորոնա ժահրի դէմ պայքարը, որուն ծիրին մէջ պետութիւններ ամբողջական փակումի կ՚ենթարկեն երկիրները: Այս միջոցառումը, անշուշտ իր դրական ազդեցութեան կողքին ունի, անպատեհութիւններ, որոնք պէտք չէ անտեսել:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ինքնաշարժը շատ անհրաժեշտ է մարդուն համար՝ նամանաւանդ Արեւմուտքի քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ։ Մարդիկ թէ՛ գործի կ՚երթան ինքնաշարժով եւ թէ շուկայ՝ իրենց ընտանիքի զանազան գնումները կատարելու։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի Կիւմրի քաղաքի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատուելի Արամ Պապաճանեան պատասխանեց մեր հարցերուն։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

- Հպարտութեամբ տառապղներն ու իրենց հպարտ կուռքով ապրողներն ու շնչողները լաւ կ՚ըլլայ, որ գոնէ մէկ անգամ այս տողը կարդան, ու կարդալէ ետք մէ՛կ վայրկեան գոնէ մտմտան, հասկնալու համար արդեօք ճշմարիտ Աստուծոյ հետ իրենց կապը առո՞ղջ հիմքերու վրայ է, թէ՞....

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օրհնութիւնը՝ աստուածային կենսաբաշխ արարք մըն է, որուն աղբիւրն է Հայրը։ Հօր օրհնութիւնը միանգամայն խօսք է եւ պարգեւ։ Մարդուն նկատմամբ «օրհնութիւն» բառը պիտի նշանակէ երկրպագել Արարչին եւ Անոր յանձնուիլ՝ զԱյն գոհաբանելով։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան նախընթաց օր Ստեփանակերտի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի նոր ու նախկին առաջնորդները։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ ու օրհնութեամբ գործող «HAY MENTEE-MENTOR» երիտասարդաց ծրագիրը յունուար ամսուան մէջ շարունակեց իր գործունէութիւնը։ Հակառակ քորոնաժահրի համավարակի շարունակուող սահմանափակումներուն, ծրագիրը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ օգտագործելով համացանցային հարթակը։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

ԵՐԱՄ

Երբեմն, բոլորովին անսպասելի, ամբողջովին զուրկ դրդապատճառէ, եւ չեմ գիտեր ուրկէ՞, յիշատակ պատկերներ կու գան, կը կախուին ուղեղիս պաստառին։ Անկոչ հիւրեր։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Գիրքը բացաւ, բացիկը ձախ ձեռքով քնքշօրէն բռնեց, աջով գոց գիրքը տեղաւորեց գզրոցին մէջ, բազմեցաւ իր անկիւնը, շունչը պահեց ու կարդաց տասնեակ տարիներ առաջ գրուած իր միակ սիրոյն ձեռագիրը՝ «Կը սիրեմ քեզ»:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եթէ ուշադրութեամբ դիտուի բնութիւնը, պիտի տեսնուի որ հոն ամէն ինչ յարաբերական է։ Երեւոյթներ թէեւ կը նմանին իրարու, բայց երբեք նոյնը չեն, անոնք իրարմէ կը տարբերին էապէս։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

«HBO»ն եւ «Warner Bros»ը Հերի Փոթըրի մասին հեռուստաշար մը կը նկարահանեն։ Այսպէս, ամերիկեան «HBO» հեռուստաընկերութիւնը «Warner Bros»ի հետ համագործակցաբար կը նկարահանեն՝ մանկահասակ հրաշագործ Հերի Փոթըրի մասին պատմող շարժանկարի հիման վրայ հեռուստաշար մը։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

Ինաքատաթէ գիւղին մէջ բրինձի արտասովոր դաշտերը կը յիշեցնեն սքանչելի կտաւներ։ Այսպէս, Ճաբոնի Աոմորի նահանգի Ինաքատաթէ գիւղը, որ շուրջ 7 հազար բնակիչ ունի, յայտնի է բրինձի արտասովոր դաշտերով, ուր ներկայացուած գլուխգործոցները հնարաւոր չէ տեսնել աշխարհի որեւէ այլ կէտէն:

Էջեր