Արխիւ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը տեղեկացուց, որ պիտի մասնակցի Աւանդական ու համաշխարհային կրօններու առաջնորդներու համագումարին։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի նախկին ժամանակաւոր պաշտօնակատար Միքայէլ Համբարձումեան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով անդրադարձաւ երկրէն ներս հետզհետէ ծաւալող հակառուսական տրամադրութիւններուն։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը:
Միրզոյեան եւ Պայրամով կարծիքներ փոխանակեցին հաշտութեան բանակցութիւններու նախապատրաստման շուրջ:
Փայլան միշտ հետամուտ փոքրամասնական վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան վերաբերեալ խնդիրներուն:
Ընդդիմադիր երեսփոխանը խորհրդարանէ ներս մասնաւորապէս օրակարգի վրայ բերաւ՝ նոր կանոնադրութեան նախագծին շուրջ լսումները ու այդ բոլորը կէտ առ կէտ յանձնեց նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի նկատառման:
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան շաբաթավերջին Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց արարողութիւններուն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց հաւաք մը։ Մեծ պահոց շրջանին զուգադիպած այս հաւաքը առիթ հանդիսացաւ, որ թեմի հոգեւոր սպասաւորները վայելեն իրարու եղբայրութիւնը եւ այս նուիրական շրջանին վերաթարմացնեն իրենց հաւատը, նաեւ ծառայութեան ուխտը։
Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Ասըրեան ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ուխտագնացութիւն մը կը կազմակերպէ դէպի Դադիվանք։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ երեքշաբթին նկատուած է Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին կատարած քարոզութեան ու գործունէութեան վերջին օրը եւ ամենէն երկար օրը, որով Իր քարոզութիւնը տեւած է առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Դպրոցի սրահին մէջ այս առթիւ ստեղծուեցաւ ուրախ մթնոլորտ։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Մեր տանիք» խմբաւորման հաւաքոյթը։ Ծաղկազարդի տօնի երեկոյեան զուգադիպեցաւ այս ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր հիւրընկալ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի հրաւէրով։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Էսաեան սանուց միութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 75-ամեակը, ինչ որ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կ՚առթէ ո՛չ միայն էսաեանցիներուն, այլեւ՝ մեր ամբողջ համայնքին։ 75-ամեայ սանուց միութիւնը հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալած է՝ միշտ գիտակցելով հայ մշակոյթի շարունակականութեան ու սերունդէ սերունդ փոխանցման կարեւորութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ երկուշաբթին մասնաւոր անուանում չունի, Աւագ չորեքշաբթի օրուան նման։ Օրուան ընթերցումներն ու շարականները նկատի առնելով՝ կը հասկնանք, թէ Աւագ երկուշաբթի օրը «ստեղծագործութեան», «մարդ արարածի արարչութեան», «Զեբեդէոսի որդիներուն Յիսուսի ըրած խնդրանքին՝ արքայութեան մէջ Անոր աջ ու ձախ կողմերը նստելու», «թզենիի չորացումին եւ տաճարը մաքրագործելուն» յիշատակումի օրն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ուքրայնայի պատերազմը մեծ հաշուով «տեղական» բնոյթով պատերազմ մը չէ։ Տեղի կ՚ունենան բեկումնային տեղաշարժեր, իբր այդ, մասնաւորապէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ մեծ ճիգեր ներդնել՝ լաւագոյնս օգտուելու համար նոր, սակայն դանդաղօրէն հասունցող դրութիւններէն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1947 թուականին հայ գրատպութեան ամենախոշոր պահոցը՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանը հրատարակելու սկսաւ «Յիշարժան տարեթիւեր» օրացոյցը: Այս հրատարակութիւնը պարզ օրացոյց մըն է, սակայն գիրքի մը բովանդակութեան չափ հարուստ նիւթ կը պարունակէ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ճէյմս Պ. Սթոքտէյլ 1956 թուականին կը վարէր աշխարհի ամենահզօր ռազմական մեքենաներէն մէկը։ Որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերու հրամանատար՝ 42 տարեկանին ան ղեկավարած է 100 ինքնաթիռ՝ Հիւսիսային Վիեթնամը ռմբակոծելու ընթացքին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերոյիշեալ վերնագիրին դիմաց մեր տարեց ընթերցողները յաւիտենական կրակին չարժանանալու համար կրնան անմիջապէս «Մեղայ Ամենասուրբ» մը արտասանել, ինչու չէ, նաեւ անցնիլ Նարեկի ընթերցանութեան, իրենց մասին պատրաստուած դատաստանի գիրքէն ջնջելու համար այն գայթակղութիւնը, որ ես պիտի պատճառեմ այսօր իրենց:

Մխիթարեան վարժարանին մէջ Ս. Զատկի տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը, որով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ աշակերտութեան մօտ։ Դպրոցի հանդիսասրահը վերածուած էր տօնախմբութեան միջավայրի մը։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Ծաղկազարդը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան փայլուն երեկոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնէն ներս։ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Երէկ, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն։ Սա առաջին փուլն էր, որմէ յաղթական դուրս եկան երկրի այժմու ղեկավարը՝ Էմմանիւել Մաքրոն (27.6%) եւ «Ազգային Ճակատ»ի ղեկավար Մարին լը Փեն (23.4%)։