Արխիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ, Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտօ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Ռուսաստան։ Ան Սոչիի մէջ պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։
Հայաստանի մէջ աշխատանք կը տարուի մինչեւ 2040 բնակչութիւնը 4 միլիոնի հասցնելու ուղղութեամբ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ խորհրդակցութիւն՝ մշակուած ռազմավարական ծրագրին շուրջ:
«Գալիֆորնիա քուրիըր»ի հրատարակիչ-խմբագիրը ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրած է թրքահայութեան հրատապ օրակարգին շուրջ:
Ըստ սփիւռքահայ յայտնի մեկնաբան Յարութ Սասունեանի, պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին յառաջացած ներկայ առճակատումը ունի խոր արմատներ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութեան մէջ ամէն բան յարատեւ փոփոխութեան մը ենթարկուած է, բայց այս փոփոխումը ջնջումի կամ անէացումի հանգամանք չունի երբեք, այլ մշտնջենական ձեւափոխումը՝ բարեփոխումը կը ներկայացնէ այդ փոփոխութիւնը՝ որ կը նշանակէ բնութիւնը կազմող սկզբնական եւ էական տարրերուն հետզհետէ կատարելագործո՛ւմը։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի Ծնողաց միութիւնը երէկ կէսօրուան ճաշ մը կազմակերպեց Պալթալիմանըի «Փորթաքս» ճաշարանին մէջ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կ՚ըսեն խօսէ՛
-չէ, կ՚ուզեմ լսել
լսել ցաւը
հնչիւն առ հնչիւն
ապրիլ զայն
խրիլ անոր մէջ
սուզուիլ խորը
կուլ տալ լո՜ւռ...
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յոյն յայտնի մրցանակակիր լրագրող, CNN Greece-ի թղթակից Մարիա Կարչիլաքի վերջին տարիներուն մասնագիտացած է ռազմական նիւթեր պատրաստելու մէջ եւ տարածքաշրջանայի թէժ կէտերէն տեղեկատուութիւն կը հաղորդէ՝ անձամբ այցելելով բախումնային հարցեր ունեցող զանազան երկիրներ եւ հանդիպելով քաղաքական, ռազմական ղեկավարութեան եւ պարզ բնակիչներու հետ:
Գրականագէտ, գրաքննադատ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Փրոֆ. Դաւիթ Գասպարեանի «Հոգիի հայելի» մենագրութիւնը հայեացք է ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան՝ Խաչիկ Մանուկեանի ստեղծագործութեան իմաստաբանական եւ գեղագիտական վերլուծութեամբ:
Ռումանիոյ Հայոց միութեան «Արարատ» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է Վահան Թոթովենցի «Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհի վրայ» յայտնի վէպը ռումաներէն թարգմանութեամբ, 159 էջ:
Շիրակի մարզի Կառնուտ համայնքի վաղ պրոնզէ դարեան դամբարանադաշտին մէջ այս տարի եւս շարունակուած են պեղումները։
Հայաստանի մէջ աշխատանքներ յառաջ կը տար-ւին՝ որպէսզի երկիրը ունենայ իր Disneyland-ը։ Այսպէս, Հայաստանի Disneyland-ը պիտի ստեղծուի Վանաձոր քաղաքին մէջ ու պիտի կոչուի Noyland։
Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովը։ Այս հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի։
Ատրպէյճանի մէջ ցայսօր արտադրուած նաւթի մակարդակը հասաւ 2 միլիառ թոնի. Պաքուի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Նախագահ Իլհամ Ալիեւի խօսքերով՝ համաշխարհային նշանակութեամբ TANAP-ի աշխատանքներուն ութսուն տոկոսը արդէն աւարտած է:
Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները նոր լիցք կը ստանան՝ երկկողմանի շփումներու մէջ վերջին շրջաններուն նկատուած աշխուժութեամբ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ընդգծուեցան երկու ժողովուրդներու բարեկամական պատմական հարուստ աւանդութիւնները:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանէն ներս մեծարանքի հանդիսութիւն:
Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշան շնորհեց յայտնի թատերական գործիչ Գրիգոր Սաթամեանին:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր ընկերակիցները։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Շաբաթավերջին յայտնի դարձած Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ի վեր երկիրը մտած է նոր քաղաքական փուլ մը: Լիբանանեան քաղաքական կողմեր, որոնք բոլորն ալ հետամուտ են խնդրին շուտափոյթ լուծում մը տալու՝ կը յայտարարեն, որ էականը այս պահուն զգօնութիւնն ու ապահովութիւնը պահպանելն է:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ սկզբնաւորման ու հիմնադրութեան օրէն իսկ ծագում առած են այնպիսի մոլար շարժումներ, որոնք օձտած են նորընձիւղած ու նորափթիթ քրիստոնեաները։