Արխիւ
Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան քաղաքներուն մէջ զբօսաշրջութիւնը լրջօրէն կը տուժէ ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով։ «Վաթան» օրաթերթի այսօրուան հաղորդումներով, Վան քաղաքին ալ այս ծիրին մէջ կը վիճակի էական բաժին։
Նախկին դատախազներ՝ Զէքէրիա Էօզ եւ Ճելալ Քարա այս օրերուն առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն երկրին օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, անոնք խոյս տուած են Թուրքիայէն, ճիշդ այն հանգրուանին, երբ իրենց դէմ ձերբակալման որոշում տրուեցաւ պատկան մարմիններուն կողմէ։
Համահայկական վեցերորդ խաղերու ծրագրին մէջ ներգրաւուած մրցաշարքները երէկ հասան իրենց աւարտին։ Շուրջ տասն օրուան հանդիպումներու արդիւնքին արդէն յայտնի են դափնեկիրները։
Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը վերջին օրերուն խտացեալ ձեւով կը շարունակեն հրադադարը խախտել Արցախի ճակատին վրայ։ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի պաշտօնական աղբիւրները երէկ օրուան սկիզբին արձագանգ հանդիսացան համապատասխան լուրերու, որոնց անմիջապէս յաջորդեց նոր նահատակի մը գոյժը։
Ռուսաստանի Հիւսիսային Կովկասի 5-րդ կայազօրային զինուորական ատեանի արտագնայ նիստը:
Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամները սպաննած զինուոր Վալերի Փերմեաքովի դէմ ծանր վճիռ:
Հայաստանի եւ Իրանի միեւ ելեկտրահաղորդման երրորդ գծին կառուցումը պիտի սկսի արդէն յաջորդ շաբաթ:
Երկու երկիրներու ընկերութիւնները վերաստորագրեցին համապատասխան պայմանագիրը, որ նոր հարթութեան վրայ պիտի դնէ անոնց համագործակցութիւնը:
Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմախարիսխին ենթակայ ռազմաօդային ուժերը այս շրջանին կը փորձարկեն ՄիԳ-29 նոր ռազմաօդանաւերը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ փորձարկումները կը կատարուին Հայաստանի ռուսական ռազմախարիսխէն ներս։
Կիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան երէկ տեսակցեցաւ Հայ-զուիցերական դրամատան (ArmSwissBank) ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս դրամատունը Շիրակի մարզէն ներս իրականացուելիք ներդրումներու ծիրին մէջ պիտի գանձատրէ գործարարներուն կողմէ ներկայացուած շարք մը ծրագրեր։
Կառավարութեան դէմ ձեռնարկուած 17-25 Դեկտեմբերի հարուածի պարագլուխներէն՝ նախկին դատախազներ Զէքէրիա Էօզ եւ Ճելալ Քարա վերջին օրերուն խոյս տուած են երկրէն։ Տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցները երկար ժամանակէ ի վեր կը մատնանշեն, որ անոնք կը պատկանին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Ֆեթուլլահ Կիւլէն հոճայի համայնքին եւ անոր կողմէ գլխաւորուած զուգահեռ կառոյցին։
Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Քեմալ Քըլըչտարօղլու պայմանաւորուեցան յաջորդ ժամադրութեան համար:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Երկիրը բացարձակապէս պէտք չէ մնայ առանց կառավարութեան»:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին զգուշաւորութիւն եւ վերապահութիւն կը դրսեւորէ՝ անցեալի դաւանափոխներու շառաւիղները իր սուրբ աւազանին մէջ կնքելու ճանապարհին:
Համահայկական 6-րդ խաղերուն մասնակից երեք ծպտեալ հայերու պարագան լայն արձագանգ կը գտնէ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անցեալի մէջ դաւանափոխ կամ կրօնափոխ եղած հայոց մերօրեայ շառաւիղներուն վերադարձի հարցը ունի բարդ երեսակներ։ Հայաստանի մէջ մկրտուելու ցանկութիւն յայտնած ու մերժուած երեք ծպտեալ հայերու հարցը վառ օրինակ մըն է այս առումով։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Մարմարայի խմբակ» հիմնարկի նախագահ Տքթ. Աքքան Սուվէրը։ Այս վերջնոյն կ՚ընկերանային Լալէ Այթանչ Նալպանտ եւ Ճաֆէր Օքրա։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իրապէ՛ս հրաշագործ է սէրը, յաճախ անկարելին կարելի եւ երեւակայականը իրականութեան կը վերածէ ան։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ուիքիփետիան բազմալեզու համացանցային ազատ հանրագիտարան է, որ կը ստեղծուի կամաւորներու համագործակցութեամբ: Ան կ՚օգնէ տեղեկանալու մարդկութեան պատմութեան ընթացքին ստեղծուած գիտելիքներու ամբողջ պաշարին: Ան հիմնուած է ամերիկացիներ՝ Ճիմի Ուելսի եւ Լարի Սանճէրի կողմէ, 15 Յունուար 2001-ին:
Համահայկական վեցերորդ խաղերը աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր առարկայ դարձան համայն հայութեան անմիջական ուշադրութեան։ Հետաքրքրութիւնը սահմանափակ չմնաց տեղւոյն վրայ ստեղծուած խանդավառութիւնով, որովհետեւ աշխարհի չորս ծագերէն Հայաստան մեկնած պատուիրակութիւններու անդամներու հարազատներն ալ իրենց ապրած միջավայրին մէջ ուշի ուշով հետեւեցան իրադարձութիւններուն։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի Թուրքիա կատարելիք այցելութիւնը յետաձգուեցաւ։ «Րէօյթըրզ» գործակալութիւնը Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն հիման վրայ տեղեկացուց, թէ յայտնի չէ այս այցելութեան յետաձգման պատճառը ու կը պակսին տեղեկութիւնները նաեւ այն մասին, թէ ի՛նչ ժամկէտով յետաձգուած է այդ մէկը։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ զոհուեցաւ 22-ամեայ հայազգի զինուոր մը՝ Հաբէթ Մանուկ Աբիկեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Զապատանի շրջանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած բախումներուն զոհ գացած է Աբիկեան, որ կը կռուէր Սուրիոյ բանակի շարքերէն ներս։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼեԱՆ
Աշխարհի վրայ փաստուած իրողութիւն մըն է, թէ առածները, որոնք անցեալէն հասած են մեզի, միշտ ալ իրենց մէջ կը կրեն իրականութիւն մը: Այլ խօսքով անոնք գրուելու եւ կամ ըսելու սիրոյն գրուած խօսքեր չեն, այլ անյայտներու կողմէ մեզի փոխանցուած փիլիսոփայութիւններ են:
Ժամանակին խորհրդային մանկավարժ փիլիսոփաներէն շատեր կը հաւատային, թէ՝ «Մանուկը սպիտակ թուղթ է», եւ դաստիարակութեամբ կարելի է տալ անոր որեւէ մասնագիտութիւն եւ «արտադրել» տարբեր տեսակի գիտնականներ ու արուեստագէտներ: Սակայն խորհրդային մասնագիտական փորձը ցոյց տուաւ, թէ (յատկապէս արուեստի պարագային) այս տեսութիւնը խոտոր կը համեմատի գործնական կեանքի հետ: