Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստան կը պատրաստուի այս տարի հիւրընկալել միջազգային մրցաշարք մը, որու նպատակներէն մին է՝ շարժման անցընել երիտասարդութիւնը:
Նոր ոճով մարզական շարժումը հետզհետէ աւելի մօտիկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ համայն աշխարհի վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքը ամբողջ պատերազմի դաշտ մըն է մարմնական ու հոգեկան բախումներու։ Մարդ կը հոգայ, կը սիրէ իր մարմինը, իր ֆիզիքական էութիւնը եւ կ՚ուզէ գոյապահպանել ու գոյատեւութիւնը ապահովել անոր։ Արդարեւ, ամէն հոգեկան մղումի շարժառիթը իր գոյութիւնը պահելու եւ տեւականացնելու բնական զգացումին մէջ կը կեդրոնանայ։
ՃՀՓ-ի կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ կը շարունակէ իր նախընտրական քարոզարշաւը։ Այս շրջագծով ան երէկ այցելեց Թաքսիմ մարզակումբ։
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մշակոյթի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքը երէկ շարունակուեցաւ Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Այս տարի Պաքըրգիւղի ընտանիքը Արամ Կոստանեանի բեմադրութեամբ ներկայացուց «Երգ պանդուխտի»ն, որ պատրաստուած է հրապարակագիր Բագրատ Էսդուգեանի համանուն գիրքին հիման վրայ։
Առողջապահութեան նախարարութեան քննիչները մանրակրկիտ ընդհանուր քննութիւն մը կատարեցին Գթութեան յարկէն ներս:
Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի պարագային 98 առ հարիւր համեմատութեամբ յաջողութեան վարկանիշ մը սահմանուեցաւ: Մատուցուած ծառայութիւններու մասնագիտական արժեւորման արդիւնքը կ՚արդարացնէ հոգաբարձութեան կողմէ որդեգրուած ուղղութիւնը եւ անձնակազմին զոհողութիւնները:
Պէյրութի մէջ հանդիսաւոր երեկոյթով մը տօնախմբուեցաւ Հայկազեան հայագիտական համալսարանի հիմնադրութեան 60-ամեայ յոբելեանը։ «Ֆենիշիա էնթէրքոնթինենթալ» պանդոկին մէջ սարքուած պաշտօնական ընթրիքին ներկայ գտնուեցան շուրջ չորս հարիւր յիսուն հիւրեր։
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր շփումները ունին անպաշտօն բնոյթ։ Երեւանի մէջ ան կը հիւրընկալուի Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։
Կապան-Գորիս ճանապարհի 30-րդ քիլօմեթրի հատուածին վրայ ուշագրաւ դէպք:
Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի ինքնաշարժին վրայ երէկ երեկոյեան կրակ բացուեցաւ:
Երեւանի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան հրէական մշակոյթի օրեր։ Այս առթիւ կեանքի կոչուեցան բազմաթիւ ծրագրեր, որոնք միեւնոյն ժամանակ խորհրդանշեցին Հայաստանի եւ Իսրայէլի բարեկամութիւնը։
Վիեննայի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2015»ի առաջին կիսաեզրափակիչը:
«Genealogy» խումբը սկզբնական պատնէշը յաղթահարեց «Առերեսուէ ստուերին» երգով:
2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով Թոքիոյի մէջ կազմակերպուած է Հայկական մշակոյթի շաբաթ մը, որու բացումը տեղի ունեցաւ «Տայքանեամա Հիլսայթ Թերաս» սրահին մէջ։ Թոքիոյի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է այս ձեռնարկներու շարքը, որու բացման հանդիսութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ դեսպան Հրանդ Պօղոսեան։
Սուրիահայոց մարտահրաւէրները Հայաստանի Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ:
Մհեր Շահկելտեան խորհրդարանի ամպիոնէն բարձրաձայնեց Հալէպի ողբերգական վիճակը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Քրիստիան Ալպերթուս Պասսոնը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Սերժ Սարգսեան այս առթիւ ընդգծեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ Ափրիկէի երկիրներու հետ, ներառեալ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, զարգացնել բարեկամական ու փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւնները։
«Ատրպէյճանի շարունակական սադրանքները կը զուգորդուին ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ եւ հայատեացութեան քարոզով»:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի Նախարարաց կոմիտէի 125-րդ նստաշրջանին գծով:
Խրիմի թուրքերու տեղահանման 71-րդ տարելիցին առթիւ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Խրիմի թաթարներու ղեկավար Մուսթաֆա Ապտիւլմեճիտ Քըրըմօղլուի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ Ուքրայնոյ խորհրդարանի երեսփոխաններէն է։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան յայտնեց, թէ սուգի այս օրուան առթիւ Թուրքիա զօրակցութեան մէջ է իր թաթար ցեղակիցներուն հետ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման առաջադրանքով Թուրքիոյ դէմ բացուած դատին արձագանգները կը շարունակուին միջազգային մամուլին մօտ։ Կը հաղորդուի, որ վերջին օրերուն ամերիկեան հեղինակաւոր «The New York Times» թերթին մէջ այս կապակցութեամբ հարցազրոյց մըն ալ լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբի նորընտիր տնօրէն խորհուրդը։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ իր օրհնութիւնը նորակազմ տնօրէն խորհուրդի անդամներուն եւ հայրական վերաբերմունքով յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Այլոց համար գործել» մարդկային ամենամեծ արժէքներէն մի՛ն է։ Ուրիշի համար զոհել ու զոհուիլ, ուրիշի պահանջքը գոհացնել այլասիրութիւն եւ անձնազոհութիւն, նուիրում կ՚ենթադրէ։ Այլոց համար գործելու անշահախնդիր ոգին՝ նկարագրի խորութիւն, հաստատութիւն եւ Քրիստոսանման քաղցրաբարոյութիւն կը պահանջէ, եւ խաղաղութիւն ու երջանկութիւն կը պարգեւէ զայն ստացողին։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Մեր ընտանիքի պատմութիւնը սիրած եմ, բայց նաեւ ժամանակ տրամադրած՝ փորձելով կառուցել այսպէս ըսած «ընտանեկան ծառը»։ Եւ այս ոչ միայն անուններով, բայց նաեւ նկարներով։ Եւ այս նկարները ինծի համար դարձած են հարստութիւն, ապա նաեւ աւանդ եւ ժառանգ՝ ապրելու իմ (ու ընտանիքիս) կեանքը նոյն տեսլականով…։
Յառաջիկայ Յունիսի 27-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան եւ «Արենի փառատօն» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ՝ Ամարաս վանքի յարակից տարածքին մէջ առաջին անգամ պիտի կազմակերպուի Թութի փառատօն: