Արխիւ
Մատենադարանի երդիքին տակ Հայագիտութեան միջազգային քոնկրէս: Երեւանի մէջ է նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, որ վերստին թեկնածու եղած է այդ պաշտօնին համար ու նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ վերջերս ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակման։
Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովը առիթ դարձաւ միջազգային հրատապ օրակարգի խնդիրներու արժեւորման:
Երեւանէն եւ Պաքուէն իրերամերժ պնդումներ՝ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման վիժեցման շուրջ:
Հայաստան-Ֆրանսա ռազմական համագործակցութեան անդրադառնալով՝ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտնեց, որ դաշնակիցներու զիրար զինելը բնականոն է՝ ինքնապաշտպանութեան նպատակով:
Պատրիարքական Աթոռը երէկ հիւրընկալեց միջեկեղեցական հիւրեր։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ղպտի Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական հոգեւորականներ, որոնք այցելեցին Գումգաբու։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Նիւթականը կրնայ որպէս վստահելի ճանապարհ թուիլ հեղինակութիւն եւ երջանկութիւն ձեռք բերելու համար։ Ի վերջոյ, լուրջ գումարներ վաստակած մարդոց մեծամասնութիւնը կը ներկայանայ յաջողութեան օրինակ մը՝ ապրելով կատարեալ թուացող կեանք մը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Մուրճը կրնայ օգտակար գործիք մը ըլլալ, երբ մարդիկ մեխ կը խփեն կամ, օրինակ, քանդակ կը կերտեն: Բայց, երբ մուրճը կը յայտնուի հանրահաւաքի մէջ՝ որպէս որոշակի քաղաքական գործելակերպի խորհրդանիշ, սա կը նշանակէ միայն բան մը. երկրի քաղաքացիները կը բաժնուին երկու մասի՝ անոնք, որոնք կը խփեն մարդոց գլխուն (թող ըլլայ փոխաբերական իմաստով) եւ անոնք, որոնց գլխուն պէտք է խփել:
Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ Անգլիոյ հիւրընկալմամբ:
Լոնտոնի հաւաքին հրաւիրուած են թէ՛ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Տքթ. Յակոբ Այնթապլեանի մասնակցութեամբ մակարդակաւոր երեկոյթ մը՝ Գնալը կղզիիի բարձունքին:
Յայտնի մտաւորականը արծարծեց՝ հայերէնի եւ հայախօսութեան հրատապ կացութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը վերանորոգումի փուլին մէջ է, իսկ այս շրջանին ամբողջութեամբ չ՚աշխատիր թանգարանը:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Մարեցինք լոյսերը, սենեակը մթնցաւ։
Չեմ գիտեր ինչու՞ մարդիկ լոյսը կը փնտռեն տեսնելու համար, երբ մութին հետ տիրող խաղաղութեան մէջ կը մեծնան սրտերուն բիբերը՝ սրատես։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Բրիտանական թանգարանին համատեղ նախաձեռնութեամբ, յառաջիկայ սեպտեմբերի 1-ին, Երեւանի մէջ պիտի բացուի «Մայր աստուածուհին. Անահիտէն Մարիամ» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ընտանիք…:
Կառոյց մը, որ այսօր կորսնցուցած է իր վաղեմի իմաստը, ծանրութիւնը: Աւելին, կորսնցուցած է իր նուիրականութիւնը, սրբութիւնը:
Երեւան-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններու նոր՝ ռազմավարական գործընկերութեան թեւակոխման համար հերթական ապացոյց. Ուզրա Զէյա համոզուած է, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը խոչընդոտ մը չէ, իսկ Ռուսաստանի ներկայութիւնը չի նպաստեր տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս պիտի սկսի աշխատիլ ԱՄՆ-ի բանակի ներկայացուցիչ մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ կորսուած որեւէ բան աւելի մեծ արժէք կը ստանայ մարդուս համար, քան այն ինչ որ արդէն կայ եւ ներկայ է։ Եւ ահաւասիկ, Յիսուսի «Կորսուած ոչխարին առակը» այս ճշմարտութիւնը անգամ մը եւս մեր ուշադրութեան կը յանձնէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային միտքը մշտապէս համեմատական մը կը կատարէ հինին եւ նորին միջեւ եւ այդ համեմատականով կ՚արտացոլայ ժամանակի փոփոխութիւնը, ինչ որ կ՚օգնէ աւելիով հասկնալ մեր ունեցած ճանապարհորդութիւնը: Հինի եւ նորի համեմատականը հաշուեյարդար մըն է տեսնելու համար, թէ ո՞ւր էինք, ո՞ւր ենք եւ ո՞ւր պիտի հասնինք:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շէյքսփիրի «Համլէթ»ին նախատիպը՝ «Ամէթ» անունով սկանտինաւեան առասպելի մը հերոսն է, զոր գրի առած է դանիացի Սաքսոն Կրամադիգոս 12-րդ դարուն։ Այս առասպելը ֆրանսերէնի վերածուած է պատմագիր Պելփորենի կողմէ. իսկ William Shakespeare-ի (1564-1616թթ.) մոգական գրչին տակ, շունչ եւ կենդանութիւն ստացած է ան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդիկ ի սկզբանէ՞ դերասան կը ծնին, թէ ոչ ժամանակի ընթացքին դերասան կը դառնան... իսկ եթէ ի ծնէ չէ, մենք ի՞նչ գործ ունինք համաշխարհային այս բեմին վրայ՝ որ կեանք կը կոչուի. ո՞վ տուած է այս դերերը եւ պարտադրած, որ մեր ինքնութիւնը քօղարկենք այս դիմակներուն տակ. թատերագի՞րն է դերասանը դժբախտացնողը. դե՞րն է դժբախտ, թէ դերասանը:
Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան տասնօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան, ուր կ՚իջեւանի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Հայագիտական միջազգային քոնկրէսին համար մշակուած է քառօրեայ աշխատանքային ծրագիր մը՝ բազմաթիւ հեղինակաւոր մասնագէտներու մասնակցութեամբ եւ յարակից ձեռնարկներով:
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանիի հետ։ Իրանի մօտաւոր անցեալի արտահերթ նախագահական ընտրութեան յաջորդած ժամանակաշրջանին սա առաջին բարձր մակարդակի ուղղակի շփումն է Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ տեսակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ուզրա Զէյայի հետ, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը պատասխանատու է քաղաքացիական անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւանց գծով։