Արխիւ
Նոր տարուան առթիւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը. «Թոյլ չտանք, որ ազգային կեանքի մէջ սերմանուի ատելութիւն ու պառակտում, արմատաւորուի կործանարար յարմարուողականութիւնն ու անտարբերութիւնը։ Ապրինք հաւատքով զարդարուն կեանքով, իրարու հանդէպ սիրով, որպէսզի զգանք Աստուծոյ շնորհաբեր ներկայութիւնը»:
«Հայաստանը այն միակ սրբազան վայրն է, ուր ամբարուած են բոլոր ժամանակներու հայ սերունդներու աղօթքներն ու երազները, ուր շարունակ պիտի կերտուի հայոց ինքնութիւնը»:
Մխիթարեան վարժարանին մէջ այս տարի եւս Ամանորի շրջանին բարձր տրամադրութիւն կը տիրէր։ Զանազան փուլերով ծրագիր մը մշակուած էր ու որպէս եզրափակիչ՝ Կաղանդի հանդէսը իսկապէս բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի Ամանորի հանդէսին մթնոլորտը համազօր էր ընտանեկան հաւաքի մը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ։ Դպրոցի նորակառոյց շէնքի մուտքին զարդարուած տօնածառը արդէն կը պայմանաւորէր ընդհանուր մթնոլորտը։
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը 2024 թուականը կը դիմաւորէ բարձր տրամադրութեամբ՝ մանաւանդ, որ բոլոր ճիւղերու մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները ապագայ ձեռքբերումներու համար յոյս կը ներշնչեն բոլորին։
Շաբաթ կէսօրուան ժամերուն Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ համայնքային գործիչ եւ բարերար Արման Փոլատի յուղարկաւորութիւնը։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տարեմուտը բնորոշուեցաւ աւանդական խանդավառութեամբ։ Մանկապարտէզի սաներու ժպիտները, ամանորեան երգերն ու արտասանութիւնները այնքան յաջող էին, որ բոլորին տարեմուտի տրամադրութիւնները պայմանաւորեցին։
Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասին դէմ կատարուած ոտնձգութիւններն ու անոր վրայ գործուած վերջին յարձակումները կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Ֆրանսա խստօրէն դատապարտեց վերջին օրերուն Երուսաղէմի հայ համայնքին վրայ կատարուած յարձակումը։
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը երէկ վերջին պահուն, առանց որեւէ պատճառաբանութեան տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետին Ամանորի պատգամը պիտի չհեռարձակէ կէս գիշերէն առաջ։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն տարուայ նման, այս տարի եւս բազմաթիւ աստղագէտներու եւ աստղաբաններու 2024 տարուան յատուկ բազմաթիւ եւ տեսակաւոր կայքէջերու վրայ հրապարակուած գուշակութիւններն ու անոնց մասին զանազան կարծիք-տեսակէտները կարդալէ եւ ծանօթանալէ ետք, փորձեցինք մէկտեղել այդ բոլորը եւ համադրելէ ետք, մեր ընթերցողներուն հրամցնել անոնցմէ ամենէն հետաքրքրականը, ընդհանրականն ու յատկանշականը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ճէք Լանտըն իր «Մարթին Իտըն» գիրքին մէջ գրած է. «Քնանալը անոր համար կը նշանակէր մոռնալ. իւրաքանչիւր առաւօտը կը դիմաւորէր տխրութեամբ։ Կեանքը զինք կը մտահոգէր, կը ճնշէր, իսկ ժամանակը տանջանք մըն էր իրեն համար»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն նոր իր հետ կը բերէ նոր յոյսեր, նոր հորիզոններ, նոր տեսիլքներ եւ այս բոլոր «նոր»երը կը պահանջեն վերանորոգութի՛ւն։ Առանց վերանորոգութեան կարելի չէ՛ վայելել նորը, քանի որ «հին»ին վրայ փակցուած նորը աւելի եւս կը մաշեցնէ հինը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Դեկտեմբեր ամսուան սկիզբով արդէն իսկ Արեւելքէն սկսեալ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ սկսած է Քրիսմըսի շրջանը, որ առիթ կ՚ընծայէ հսկայ տօնածառերու զարդարման եւ լուսաւորման։ Մարդիկ լուսաճաճանչ փողոցներու մէջ կը տեսնեն, թէ տարբեր ու վերանորոգ եռուզեռ մը կը տիրապետէ առհասարակ։ Խաւարապատ աշխարհի մէջ կարծէք մութը պահ մը կը դադրի եւ մարդկային կեանքի մէջ կը ծիածանի թարմ շունչ մը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իւրաքանչիւր տարեմուտի դիմաց կը զգամ, որ մարդուս սիրտէն աւելիով խոյս տուած են յոյսերն ու երազները եւ տարի մը նորոգելով հինցուցած ենք այն ամէնը, ինչ որ սուրբ ու վսեմ էր: Իւրաքանչիւր տարեմուտի հետ քիչ մը աւելիով կը փնտռենք երբեմնի միամտութիւնը եւ կ՚ուզենք հաւատալ, թէ տակաւին ողջ է ա՛յն Կաղանդ պապան՝ որ մատղաշ կուրծքերու տակ պառկող երազներուն կենդանացում կու տար:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 2024-ին կը թեւակոխէ իր գահակալութեան 25-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Լուսաւորչահաստատ, առաքելահիմն ընդհանրական հայրապետութեան գահուն վրայ Նորին Սրբութիւնը հասած է քառորդ դարը բոլորելու եզրին։
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Տասնամեակ մը սրընթաց եւ գողեգող անցաւ՝ Հալէպը լքելու մեր ճակատագրական պահէն ի վեր։ Դժուարին ժամանակահատուած, ուր անհաստատ եւ երերուն սպասումներու շղթայ մը խեղդեց մեզ։
ԵՐԱՄ
Քանի մը ամիս առաջ, սովորական պարտեալ օր մը, երեկոյեան ամէնօրեայ քայլքս կ՚ընէի։ Երեւանեան մայթը նոյն մոխրագոյնն էր. կօշիկներս նոյն ճերմակը սեւցող։ Տէրեան փողոցը պատռող Սայաթ-Նովայի աղմուկը քիչ-քիչ կը հասնէր ականջիս, կը սկսէր դանդաղ ծակել քունքս, երբ պատկեր մը, շատ անսովոր, եկաւ կլանելու զիս։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Նոր տարի... Նոր երազանքներ, յոյսեր, նոր սկիզբներ... Ահաւասիկ, տարի մը եւս սահեցաւ մարդոց կեանքէն։ Սա իւրայատուկ օր մըն է, երբ իւրաքանչիւրը կը վերաքննէ իր կեանքը՝ անցեալով ու ներկայով եւ անոնց հիման վրայ նոր որոշումներ կ՚առնէ, ծրագրեր կը մշակէ։
Այսօր տակաւին կ՚ապրին ներկայացուցիչները այն սերունդներուն, որոնց համար գրելու հիմնական խորհրդանշանը կամ միջոցը գրիչն է։ Թէեւ տակաւին ամէնուրեք կը շարունակուի գրիչներու համատարած վաճառքը, սակայն անոնք ականատես կ՚ըլլան, որ գրիչը հետզհետէ կը փոխարինուի զանազան ձեւաչափերէ ստեղնաշարերու կողմէ՝ որպէս գրելու հիմնական խորհրդանշան կամ միջոց։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կը դիմաւորենք հերթական նահանջ տարին: Մինչ ոմանք նախապաշարում ունին նահանջ տարիներու հանդէպ՝ զանոնք համարելով ոչ-բարենպաստ, ուրիշներ անոր ընծայած մէկ աւելի օրը հնարաւորութիւն կը նկատեն՝ մէկ օր աւելի երջանիկ ըլլալու, բարութիւն ընելու եւ խաղաղութիւն կերտելու համար: