Արխիւ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ամառնամուտի ընթրիք մը։ Այս հաւաքոյթը միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի միութեան հովանոցին ներքեւ ծաւալուած գործունէութեան վաստակաւորները մեծարուին եւ առարկայ դառնան Գատըգիւղի ընտանիքի երախտագիտական զգացումներուն։
Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ այս տարի 11-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ՝ անմոռանալի վարպետ հոգելոյս Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած միջլիսէական լուսանկարչական մրցոյթը։ Իսթանպուլին ձօնուած այս ծրագրին մասնակցութիւն կը բերեն քաղաքիս այն լիսէները, որոնք ունին 100 տարուան վաղեմութիւն։
Ըստ խնամակալութեան հասած մասնագիտական տեղեկագրին, համալիրի շէնքերը անհրաժեշտ մակարդակով տոկուն չեն հաւանական երկրաշարժի մը դէմ:
Ֆրանսայի մէջ երէկ պատահեցաւ սարսափելի դէպք մը, որ ամբողջ աշխարհի մէջ պոռթկումի պատճառ դարձաւ։ Այսպէս, Ալպեան լեռնաշղջայի լանջի Անսի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ յարձակում մը։
Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ կը կարդանք.-
Մայիսին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է «Կիներու նախաձեռնութիւններ-Cartier շրջանային (Եւրոպա) մրցանակ 2023»ի մրցանակաբաշխութիւնը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, յառաջիկայ երկուշաբթի, յունիսի 12-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ նախատեսուած բանակցութիւնները յետաձգուեցան։
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն այսօր ժողով մը կը գումարէ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ տեսակցեցաւ ժողովականներուն հետ:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նոր կազմը Անգարայի մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը:
Թուրքիա գոհ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան գործընթացէն ներս արձանագրուած յառաջընթացով: Կովկասի մէջ մշտական խաղաղութեան հաստատումը կարեւոր նպաստ մը պիտի ապահովէ համաշխարհային կայունութեան:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
-Ո՞ւր էք ճանըմ... կը հեռաձայնեմ, կը հեռաձայնեմ մէկը չկայ..., առնող չկայ..., խէ՞ր է..., ինչպէ՞ս էք..., դո՛ւն ինչպէ՞ս եղար..., բժիշկդ ի՞նչ ըսաւ..., ձայն մը տուր..., մեղաաա՜յ..., այս քանի անգամ է..., վախցուցիք...:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդը մէկ մասն է աշխարհին, ուր կ՚ապրի եւ կապուած է անոր՝ բոլոր առումներով: Աշխարհի վրայ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր իրադարձութիւն բնականաբար կ՚ազդէ անոր վրայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Օրհնութիւն»ը՝ աստուածային կենսաբաշխ արարք մըն է, որուն աղբիւրն է Հայրը։ Հօր օրհնութիւնը միանգամայն խօսք է եւ պարգե՛ւ։ Մարդուն նկատմամբ «օրհնութիւն» բառը պիտի նշանակէ երկրպագել Արարչին եւ Անոր յանձնուիլ՝ զԱյն գոհաբանելով։ Արդարեւ, սկիզբէն մինչեւ ժամանակներուս վերջը, Աստուծոյ ամբողջ կատարածը «օրհնութիւն» է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պետութիւններ իրենց մեծագոյն թշնամիներէն աւելի կը վախնան իրենց սեփական ազգի երիտասարդութենէն՝ մանաւանդ ուսանողութենէն, որովհետեւ ազգի մը, պետութեան մը ճակատագիրը իր երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն ձեռքերուն մէջ կը մնայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մանկամկրտութիւն կամ մանուկներու մկրտութիւն: Խնդիր մը, որ շատերու համար հասկնալի է, ուրիշներու համար ո՛չ, ոմանց համար ընդունելի է, ոմանց համար ո՛չ, ոմանք իրաւունքներու ոտնահարում կը տեսնեն այդ արարքրին մէջ, մինչ ուրիշներ՝ կենսական շնորհք մը, պարգեւ մը որպէս կ՚ընկալեն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Քրիստոսի խաչին թշնամիները, որոնց վախճանը կորո՛ւստ է, իրենց Աստուածը իրենց փորն է եւ ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը մտածեն». (ՓԻԼ. Գ 18-19)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցեալին, քաղաքական ու գրական թերթերու կողքին կը հրատարակուէր նաեւ վաճառականութեան, արհեստի եւ առեւտրական ասպարէզներու շուրջ թերթեր, որովհետեւ մարդոց համար յաջողակ ըլլալու բանալիներէն մէկը վաճառական դառնալն էր:
Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարար Օսման Աշքըն Պաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հաշմանդամներու դաշնակցութեան վարչայիններէն Յարութիւն Էրկիւնէշը։ Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ յիշեալ դաշնակցութենէն այլ դէմքեր։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի հիւրընկալել Երեւան-Պաքու հերթական բանակցութիւնները։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այս երկուշաբթի՝ յունիսի 12-ին պիտի տեսակցին Ուաշինկթընի մէջ։
Անգարայի ղեկավարութեան նոր յառաջատար դէմքերը արդէն գրեթէ ամբողջութեամբ յայտնի դարձած են։ Այս շրջանակէն ներս Պեշթեփէի մէջ ալ պաշտօնի կը կոչուին նոր դէմքեր, որոնք յառաջիկայ շրջանին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի անմիջական գործակիցները պիտի ըլլան։
Ազգային մեծ ժողովը արդէն կը ձեւաւորէ իր նոր շրջանի դիւանը։ Երէկ, խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ Նուման Քուրթուլմուշ, որուն թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի կողմէ։ Քուէարկութեան առաջին երկու փուլերուն ան չկրցաւ ապահովել անհրաժեշտ 400 ձայնը։
Տնտեսութեան բնագաւառի մարտահրաւէրները կը շարունակեն բնորոշել Թուրքիոյ հրատապ օրակարգը։ Յետընտրական շրջանին իշխանութիւնները արդէն կը պատրաստուէին այս ոլորտին մէջ ազդու քայլերով հանդէս գալ։