Արխիւ

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի ելոյթի մը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ ապրիլի 14-ին։ Երկրաշարժի աղէտեալներուն ի նպաստ նախատեսուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնին մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շուտով կրնան ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիր՝ կ՚ընդգծէ Ուաշինկթընի ներգրաւուածութեան տարողութիւնը: Ուաշինկթըն մինչ այդ յայտարարած էր, որ միջնորդի դեր չ՚ուզեր ստանձնել, որեւէ պարտադրանք չունի կամ փաստաթուղթի նախագիծ չէ մշակած:

 

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը աստիճանաբար կը պայմանաւորէ նաեւ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի իրադրութիւնը։ Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ արդէն յայտարարուած ձիւնահալէն վերջ, ներկայիս գործընթաց մըն ալ կը հասուննայ Ռիատ-Դամասկոս առանցքին վրայ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

«Եւրօ-2024»ի որակաւորման փուլի հանդիպումներուն ծիրէն ներս D խմբակի մրցում Երեւանի մէջ:
Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարար Քասապօղլու եւս հետեւեցաւ հարեւան ազգային հաւաքականներու խաղին:

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

Հակառակ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ հաստատուած հրադադարին, Ատրպէյճանի բանակը հրադադարի խախտումները կը շարունակէ Արցախի մէջ։ Շաբաթավերջին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը հերթական անգամ խախտեցին 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի հրադադարի յայտարարութիւնով ստանձնուած պարտաւորութիւնները։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

Երուանդ Ազատեան տասնամեակներ շարունակ անփոխարինելի ծառայութիւն մտուցած էր հայ մամուլին:
Սփիւռքահայ յայտնի ազգային գործիչը շաբաթավերջին Տիթրոյիթի մէջ մահացաւ՝ յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ, վերջերս կատարուեցան եկեղեցականներու նոր նշանակումներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց Նորին Սրբութեան կողմէ կատարուած այս տնօրինութիւններուն շուրջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակը նշուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագով։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 36-րդ օրն է:
Խորագիրին մէջ արձանագրուած հարցումը շատեր կու տան մեր օրերուն, երբ այնքա՜ն շատցած է թիւը անոնց, որոնք Սուրբ Հոգիին անունով կը խօսին, կամ կը յայտարարեն, թէ իրենք Սուրբ Հոգին ստացած են, եւ կամ Սուրբ Հոգին յայտնուած է անոնց եւ պատգամ մը, կամ պատգամներ փոխանցած:

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Թատրոնի համաշխարհային օրը՝ թատերական գործիչներու մասնագիտական միջազգային տօնը, կը նշուի ամէն տարի մարտի 27-ին: Տօնը աւանդաբար կը նշուի հետեւեալ խորագիրով՝ «Թատրոնը իբրեւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան ամրապնդման եւ փոխըմբռնման միջոց»:

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

Սուրբ Երկրի հայութեան տեսակէտէ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս։ Այսպէս, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի նախագահութեամբ, Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի տուչութեան արարողութիւն մը։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 34-րդ օրն է:
Պահքը լոկ կերակուրի խնդիր չէ. կը կրկնեմ:
Գո՛րծը մարդուն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը գործին համար. այս է Աւետարանին ճշմարիտ սկզբունքը:

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Վերապատուելի Եսայի Սարմազեանն էր։ Կեանք մը՝ որ ապրեցանք եւ մեծցանք միասին, բայց ան նաեւ մեզ մեծցուց։ Այս կեանքի պատմութիւնը կը սկսի Պէյրութ՝ Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, երբ միջնակարգի աշակերտ էի, 1970 թուականներուն։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ստեփան Քըրքեաշարեան. «Բնաւ պէտք չէ զարմանալ, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ իր շահերը, որոնք դէպի Արեւելք են, ոչ թէ դէպի Արեւմուտք։ Իր դաշնակիցները Արեւմուտքի մէջ են, իսկ տնտեսական շահերը՝ Արեւելքի մէջ։ Ուրեմն, պէտք է ճանապարհ ունենայ դէպի Արեւելք, ուր կը գտնուի Հայաստան։ Պէտք է բանայ այդ ճամբան՝ եթէ ո՛չ ռազմական, այլ՝ քաղաքական ներկայութեամբ։ Թուրքիա երբեք ռազմական քայլեր առնելու պէտք չունի այդ նպատակին հասնելու համար»:
«Միջին Արեւելքի մէջ Ուաշինկթընի եւ ՆԱԹՕ-ի գործակիցը, ներկայացուցիչը Անգարան է։ Վաղը պայմանները կրնան փոխուիլ, բայց ներկայիս այս է կացութիւնը։ Երեւանն ալ չի կրնար անտեսել այս պարագան»:
«Երկու ծայրայեղութիւններ կան։ Մէկը կ՚ըսէ «մահ կամ ազատութիւն», միւսը՝ «խաղաղութիւն ամէն գնով»։ Այս երկուքին միջեւ պէտք է գտնել միջին, ընդունելի գիծ մը։ Այլ լուծում չեմ տեսներ»:

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հոգելոյս Ղեւոնդ Վարդապետ [ապա՝ Եպիսկոպոս] Դուրեանէն քարոզ մը՝ «Աղօթքի զօրութիւնը» խորագիրով:

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մեծ պահքի վեցերորդ կիրակին նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Գալստեան խորհուրդին։
Արդարեւ Յիսուսի Գալստեան խորհուրդը սերտօրէն կապուած է Յիսուսի դարձին սպասումի եւ Յոյսին կատարման խորհուրդներուն հետ։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անոր գոյութիւնը զգանք թէ ոչ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի «Արտադրութեան նախարարութիւն» մը, որուն մերօրեայ նախարարն է տիար Գրիգոր Մինասեանը: Հայաստանին արտադրութիւն չունենալը երբեք արգելք չէ նախարարութեան գոյութեան, որովհետեւ մինչեւ անցնող տարի Լիբանանը եւս աւելի քան երեսուն տարի երկաթուղի չունենալով հանդերձ ունէր եւ ունի երկաթուղիներու նախարարութիւն մը՝ տասնեակ մը պաշտօնեաներով, որոնք գիշեր-ցերեկ կ՚ապահովեն անգոյ երկաթուղիներուն անվտանգութիւնը:

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ յայտնի գործարար եւ համայնքային բարերար Բարսեղ Սարայլըի յուղարկաւորութեան փառաշուք արարողութիւնը, որ համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

Շիշլի մարզակումբէն Լիա Ասաթուր, Արտա Արատ եւ Արաս Պուլկուր վերջերս մասնակցութիւն բերին Իսթանպուլի միջվարժարանային մարմնամարզի նահանգային առաջնութեան։ Մրցաշարքի տեւողութեան անոնք լաւագոյնս ներկայացուցին Շիշլի մարզակումբը։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը արդէն հաստատած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքը։ Ինչպէս ծանօթ է, ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի գլխաւորած ընտրական մարմնին կողմէ, անցեալ մարտի 12-ին տեղի ունեցած էր քուէարկութիւնը։

Էջեր