Արխիւ
Օգոստոսի 22-30 թուականներուն տեղի պիտի ունենայ ճատրակի համաշխարհային միջազգային առցանց ողիմպիականը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն՝ 163 խումբեր:
Ճատրակի միջազգային դաշնակցութիւնը՝ «ՖԻՏԷ»ն երէկ կատարեց Ա. հանգրուանի հանդիպումներուն վիճակագրութիւնը:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ յայտարարեց, որ հարեւան երկիրներու հետ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը կը համարուի իր երկրի տնտեսութեան զարգացման հիմնական գրաւականը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ճեւատ Զարիֆ Իրանի հարեւանները նկատեց արտածման առաջնային ուղղութիւններ։
Ասիական զարգացման դրամատունը 2 միլիոն ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Աղէտներու արձագանգման Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի հիմնադրամէն կը կատարուի այս դրամաշնորհը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, այս հեռախօսազրոյցներու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աշխարհի զարդը կինն է, ինչպէս որ ծաղիկը պարտէզի մէջ:
Բազմիցս խորհած եմ, թէ ինչպէ՞ս սա փխրուն էակը կրնայ քաջաբար մարտնչիլ կեանքի զանազան դժուարութիւններու դէմ, որու մէկ բջիջը ես եմ:
Ինքնաշէն ռումբի պայթումին հետեւանքով ռուս հրամանատար մը մահացաւ:
Ռուսաստանի զինուորական ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ յարձակում մը գործուեցաւ:
ԵՐԱՄ
Երեկոյեան գործէն յոգնած տուն վերադարձաւ Զանան։ Արեւը մար չէր մտած տակաւին։ Այս գիշեր, արտասովորաբար, պիտի չտեսնէր Նորան. երէկ գիշեր հեռաձայներ եւ տեղեկացուցեր էին անոր, որ մօրաքրոջ ամուսինը մահացեր էր Վանաձորի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տնօրինութեամբ, երէկ, վարչապետի աւագ խորհրդական նշանակուեցաւ Վաղարշակ Յարութիւնեան։ Հարկ է նշել, որ ան երկրի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ինչ հուն պիտի առնէ լիբանանահայութեան ապագան եւ արդեօք համայն հայութեան համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող Լիբանանը պիտի հայաթափուի։
Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ահռելի եւ նոյնիսկ ահասարսուռ պայթումէն երկու շաբաթ անց երկրին մէջ տակաւին վէրքը «տաք» է ու նոյն վիճակին մէջ է լիբանանահայ համայնքը բոլոր առումներով։
Միջազգային ատեանը երէկ հրապարակեց Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դէպքին շուրջ դատավճիռը:
Որեւէ ապացոյց գոյութիւն չունի Սուրիոյ իշխանութիւններուն կամ «Հիզպուլլահ»ի ուղղակի մասնակցութեան առընչութեամբ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետը երէկ ձեռնարկած է այս այցելութեան։
Հայաստանի նախկին նախագահը երկու տարուան լռութենէ վերջ որոշեց զրուցել լրագրողներու հետ:
Սերժ Սարգսեան կը պատասխանէ խորհրդարանի մօտ հաւատարմագրուած բոլոր լրատուամիջոցներու հարցումներուն:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տարի մըն է անցեր արդէն։ Հոգելոյս Վարդան Օզինեան տարի մը առաջ ճիշդ այս օրերուն լքած էր մեզ։ Իր անվերադարձ մեկնումով արիւնած մեր սրտի վէրքը տակաւին չէ սպիացած։ Եւ ահա եկած է վրայ հասնիլ մահուան տարելիցը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։
Էրտողան եւ Փութին առաջնահերթօրէն կանգ առին Լիպիոյ եւ Սուրիոյ տագնապներու ընթացքին վրայ:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի եւ Իտալիոյ ղեկավարներուն հետ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ, օգոստոս 14-ին ընդունեց Արագածոտնի թեմի քահանայից դասը՝ գլխաւորդութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռօշեանի:
«Մեր հայեր» հարթակի ներկայացուցիչները երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Այսպէս, մամլոյ ասուլիսի ատենախօսներն էին՝ Նաժտա Շատեան, Նաթալի Ճեպէճի, Յովհաննէս Եանճը, Արաս Ալաքուշ եւ Արեւ Ճեպէճի։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անկասկած, որ Պէյրութի օրացոյցի 4 օգոստոս, 2020-ը տակաւին երկար ատեն պիտի մնայ աշխարհի եւ յատկապէս հայութեան յիշողութեան մէջ՝ իբրեւ մեծ աղէտ եւ քաղաքական անորոշութեան եւ ընկերային մրրիկի արդիւնք: Այլ խօսքով՝ պատմութեան պատմական հարուած:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Նաւահանգիստի պայթումին՝ պատահար թէ՞ ծրագրաւորուած խափանարարութիւն ըլլալու իրականութեան բացայայտումը կը թուի, որ երկրորդական նշանակութիւն կը ստանայ: Քաղաքական տրամաբանութեամբ նման իրավիճակ դուռ կը բանայ քաղաքական մեծ քայլերու, նոր գործընթացներու:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նայեցէ՛ք, եղբայրներ, անճառ բարիքները, զորս պարգեւեց մեզի Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, այլեւ Անոր անչափ սէրը, որովհետեւ երբ մարդիկ զիրար սիրեն, օտար կերակուր եւ առժամանակեայ պարգեւներ կու տան, իսկ մեր Տէրը այնքան սիրեց մեզ, մինչեւ Իր Սուրբ Մարմինն ու Արիւնը տուաւ մեզի, որ յաւիտենական կեանքի պատճառ է: