Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2015

Դաշ­նա­կի ու­սուց­չու­հի Մա­րիեթ­թա Խա­չատ­րեա­նի սա­նե­րը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Բե­րա­յի 10-րդ մի­ջազ­գա­յին դաշ­նա­կի փա­ռա­տօ­նին, որ այս օ­րե­րուն կ՚ար­ժա­նա­նայ ե­րաժշ­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան հե­տաքրք­րու­թեան։ Ե­րէկ, Պէ­յօղ­լուի մէջ, Բե­րա­յի գե­ղա­րուես­տից վար­ժա­րա­նի սրա­հի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մա­րիեթ­թա Խա­չատ­րեա­նի սա­նե­րուն նուա­գա­հան­դէ­սը։ Այս­պէս, փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Մար­տիկ Շանթ Էս­մէր (Կեդ­րո­նա­կան), Ա­րի Պար­սա­մեան (Մխի­թա­րեան),  Լի­լիան Ա­ւի­թօղ­լու (Գա­րա­կէօ­զեան), Մի­քա­յէլ Քա­մի Սի­րոբ (Մխի­թա­րեան) եւ Քրիս­տի­նա Նաի­րա Սի­րոբ (Սէն Փիւլ­շե­րի)։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2015

Գալ­ֆաեան Տան Է. դա­սա­րա­նի սա­նե­րը նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լե­ցին Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։ Ի­րենց ու­ղեկ­ցե­ցան ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Ա­րու­սեակ Մկր­­տի­չեան, Սի­րան Էօզ­նի­կո­լեան եւ Սե­մա­նուր Սա­րըօղ­լու։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2015

Ճիպ­րալ­թա­րի եւ­րո­պա­կան հա­տուա­ծի ար­քե­պիս­կո­պոս Ռա­պըրթ Ին­նէս ե­րէկ այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ իր վի­ճա­կի դի­ւա­նա­պետ Հայր Մեու­րիկ Ո­ւի­լիըմ­սի։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կա­նը, իր կող­քին ու­նե­նա­լով Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նը, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեա­նը, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեա­նը եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեա­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դոց մի­ջեւ հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը կը յե­նու էա­պէս ա­նոնց անձ­նա­կան ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան վրայ, ինչ­պէս նաեւ ան­կէ բխող ի­րա­ւունք­նե­րուն վրայ։ Ա­մէն տե­սակ խտրա­կա­նու­թիւն, որ կը հա­յի ան­ձին հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն, կամ ցե­ղի, սե­ռի, մոր­թի գոյ­նին, ըն­կե­րա­յին կա­ցու­թեան կամ դիր­քի, լե­զուի եւ կամ կրօ­նի վրայ, պէ՛տք է զան­ցուի իբ­րեւ ներ­հակ Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրագ­րին։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Այս ա­ռա­ւօտ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­վար­ժա­րա­նա­յին ճատ­րա­կի մրցա­շար­քին բա­ցու­մը։ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ա­ւան­դա­կան մրցա­շարք մըն է այս մէ­կը, որ այս տա­րի տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 11-րդ ան­գամ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Իսթանպուլի երկրորդ շրջանի ընտրատարածքէն ներս համայնքին տեսակէտէ համակրելի անուն մը:
ՃՀՓ-ի կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Մուսթաֆա Սարըկիւլ ընտրողներու հետ անմիջական շփման մէջ:

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ արձանագրուած զարգացումները նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծեն Հայաստանի տնտեսութեան եւ ընդհանրապէս կեանքին առջեւ:
Բնական գեղատեսիլ վայրերուն առընթեր, պատմամշակութային յուշարձանները կը պայմանաւորեն երկրին վիթխարի ներուժը :

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը մարդ­կա­յին մտքի եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու «բարձր»երն են։ Ա­նոնք չեն ու­զեր եր­բեք մե­ծու­թիւն, բարձ­րու­թիւն եւ ո­րե­ւէ զա­նա­զա­նու­թիւն տես­նել ի­րենց շուր­ջը պա­տող ի­րե­րու ու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու մէջ՝ վեր չեն նա­յիր, քա­նի որ ա­նոնք վե՛րն են…։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Գա­նա­տա, ուր մաս­նակ­ցե­ցաւ 2015-ի շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած շարք մը ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու, նաեւ շփում­ներ ու­նե­ցաւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քի շրջա­նակ­նե­րուն հետ։ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րու տե­ղա­կան յանձ­նա­խում­բին հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ Մոն­րէա­լի քա­ղա­քա­պետ Տե­նի Կո­տէ­րի կող­մէ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Ան­գա­րա­յի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ճոն Պեսս յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ առ­կայ խնդի­րը կեդ­րո­նա­ցած է միակ օ­րուան մը վրայ, սա­կայն կա­րե­ւո­րը ա­նոր լու­ծուիլն է։  Ե­րէկ, Դի­ւա­նա­գի­տա­կան թղթա­կից­նե­րու միու­թեան ան­դամ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ա­մե­րի­կա­ցի դես­պա­նը կար­ծիք­ներ ար­տա­յայ­տած է Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գի զա­նա­զան նիւ­թե­րուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն զարմանք կը պատճառեն այն երկիրները, որոնք չեն ճանչնար Արցախի ընտրութիւնները:
Եդուարդ Նալպանտեան. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ապացուցանեց իր ճակատագիրը տնօրինելու վճռականութիւնը»:

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­սօր հայ­րա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ո­ւա­շինկ­թըն, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի 2015-ի առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբու­թիւ­նը պի­տի փո­խան­ցէ նաեւ օրհ­նու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի տա­րե­կան Թե­մա­կան-պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին կող­մէ խումբ մը շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Պուք­րէշ։ Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեա­նի կող­մէ ա­ռաջ­նոր­դուած խում­բը կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նակ­ցե­ցաւ Պուք­րէ­շի Ս. Հրեշ­տա­կա­պետ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի սկսի միջ­միու­թե­նա­կան պաս­քեթ­պո­լի մրցա­շար­քը, որ ա­մէն տա­րի գար­նան շրջա­նին կ՚ար­ժա­նա­նայ հա­մայն­քի մար­զա­սէր շրջա­նակ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան։ Ի յի­շա­տակ Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեա­նի՝ այս տա­րի 26-րդ ան­գամ կը կազ­մա­կեր­պուի այս մրցա­շար­քը, ո­րու հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Սա­մա­թիոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու շա­բա­թա­վեր­ջին աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Գեր­մա­նիա։ Ան շփում­ներ ու­նե­ցաւ Տիւ­սել­տորֆ եւ Տորտ­մունտ քա­ղաք­նե­րուն մէջ, ուր մէկ­տե­ղուե­ցաւ թրքա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թեան եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

«Հայ մշակոյթը ի՞նչ ապագայ ունի Թուրքիոյ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մէջ»:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան շաբաթավերջին ասուլիսի մը մասնակցեցաւ Ժընեւի 29-րդ գրքի եւ մամլոյ միջազգային տօնավաճառին շրջագծով բացուած Հայաստանի տաղաւարին մօտ:

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց քա­րո­զիչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօ­նի­կեա­նի եւ թա­ղի քա­հա­նա­յից դա­սէն Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեա­նի այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ե­րէկ հեր­թա­կան ան­գամ հա­մախմ­բուե­լով վեր­յի­շե­ցին ի­րենց դպրո­ցա­կան տա­րի­նե­րը։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գէն վերջ, Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս տա­րուան շրջա­նա­ւար­տից հա­ւա­քը։ Ճա­շա­սե­ղան­նե­րու շուրջ հա­մախմ­բուած զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ պէզ­ճեան­ցի­ներ ապ­րե­ցան ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զի­րար վե­րագտ­նե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ մաս­նա­ւոր ձեռ­նար­կով մը ո­գե­կո­չուե­ցաւ նա­հա­տակ գրող Դա­նիէլ Վա­րու­ժան։ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չաց կազ­մին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս ե­րե­կոյ­թը, Վա­րու­ժա­նը ո­գե­կո­չե­լու հա­մար իր նա­հա­տա­կու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015

Ս. Խաչ դպրե­վան­քի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան միջ­միու­թե­նա­կան ա­ռա­ջին մտա­խա­ղե­րը, ո­րոնք ստեղ­ծե­ցին մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Դպրե­վան­քի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չուե­ցաւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ «Türk Beyin Takımı»ի եւ «Akıl Oyunları» հան­դէ­սի։

Էջեր