Արխիւ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2021

Փաշինեան այս առաւօտ խորհրդարանէն ներս ներկայացուց իր կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրը։
Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ առկայ անվտանգային մարտահրաւէրները կը բնորոշեն արտաքին քաղաքականութեան առանցքները։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Երէկ, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ օրուան քարոզը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ վերջերս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Երբ համաճարակով պայմանաւորուած ընկերային կեանքի սահմանափակումները որոշ չափով մեղմացած են, մեր միութենական կեանքէն ներս ալ կը նկատուի աշխուժութիւն մը։ Այս մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ Արամեան սանուց միութեան համագումարը, որու ընթացքին ընտրուեցաւ 2021-2023 շրջանի նոր վարչութիւնը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեան շաբաթավերջին «Սփութնիք Արմենիա» ռուսական գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու առկայ լարուածութեան կապակցութեամբ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ սահմանային իրավիճակը, ընդհանուր առմամբ կայուն է, մեծ փոփոխութիւններ չկան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տարի մը առաջ օգոստոսին Պէյրութի մէջ որոտացած աղէտալի պայթումը կը շարունակէ մնալ կիզակէտային։ Անշուշտ այսօրուան դրութեամբ ամբողջ Լիբանանի համար հիմնական խնդիր կը համարուի պայթումի թղթածրարին փակումը ու յանցաւորներուն բացայայտումը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին առթիւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շաբաթավերջին ուղարկեց շնորհաւորական մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կը շարունակէ շնորհաւորականներ ստանալ աշխարհի զանազան երկիրներու իր պաշտօնակիցներէն։ Այս ամբողջին մէջ իր նշանակումը շնորհաւորեց նաեւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եի, որ միեւնոյն ժամանակ այդ երկրի Պետական խորհուրդի անդամ է։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Սա երկու ղեկավարներու վերջին շրջանի հերթական հեռախօսազրոյցն էր, որու ընթացքին անոնք անդրադարձան տարածքաշրջանի իրավիճակին եւ վերջին իրադարձութիւններուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, համերգով մը հանդէս եկաւ «Պողազիչի» երիտասարդական երգչախումբը՝ Մասիս Արամ Կէօզպեքի մականին ներքեւ։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը արագ ապաքինում մաղթեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ անցեալ շաբաթ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ վիրահատութեան մը ենթարկուած ըլլալով՝ ներկայիս դարմանման տակ կը գտնուի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս շրջանին բժշկական հսկողութեան տակ է եւ նկատի ունենալով, որ համաճարակի շրջանով պայմանաւորուած յաւելեալ ռիսքեր խնդրոյ առարկայ են՝ բժիշկներու խորհուրդով իր շփումները սահմանափակուած են եւ չ՚ընդունիր այցելութիւններ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Տ. Ասողիկ Աբեղայ Կարապետեան. ­«Փառք Տիրոջ, այս խառնակ ու փորձանաշատ ժամանակներուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը նաւարկէ շրջահայեացութեամբ խաղաղ, անվրդով: Ուստի, իր բազմափորձ կեանքով ու մեծավաստակ անձով Ամենայն Հայոց Հայրապետը մեզի՝ հոգեւոր սպասաւորներուս համար օրինակելի է»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէնի հարցազրոյցը «Արմէնփրէս» գործակալութեան՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին առթիւ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Ողորմածը կ՚ըսէր «մեր վրայ շիտակ պատ չի՛ փլիր»: ... Մեռա՜ւ, գնա՜ց, ու տակաւին այդ պատերը աննկուն կամքով կը շարունակին փլիլ մեր վրայ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

-Բարե՛ւ բժիշկ, ինչպէ՞ս ես:
-Բարե՛ւ, պէտք է ե՛ս քեզի հարցնեմ այդ հարցումը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մինչ քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով առօրեայ կեանքը գրեթէ ամբողջութեամբ փոխուած է, ամէնուր յառաջացած են հարիւրաւոր առաջարկներ, ինչպէս` «երջանիկ եղիր տունը սա ընելով…» կարգախօսներով:  Անոնցմէ իւրաքանչիւրը երջանկութիւն կը խոստանայ տարբեր ձեւերով եւ բազմաթիւ մարդիկ ստիպուած զգացին երջանիկ ըլլալ այս մեթոտներով, տան մէջ: 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021

Գնալը կղզիի մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գրող Լետա Պոյաճըի նոր վէպին շնորհանդէսը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, «Պենի պըրաքմա» անուն վէպը լոյս տեսած էր «Աթէշ» հրատարակչատունէն՝ որպէս Լետա Պոյաճըի երկրորդ գործը։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

2021 թուականի Եւրոպայի ճատրակի առաջնութիւնը պատմական յաջողութեան մը թատերաբեմը հանդիսացաւ հայկական մարզական աշխարհին տեսակէտէ։ Այսպէս, նորանկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ իգական սեռէ ճատրակի վարպետ մը հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուս նախարարը նշանակման կապակցութեամբ բարեմաղթութիւններ յղեց հայ պաշտօնակցին։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը։ Մոսկուայի մէջ ռուս ղեկավարը ծաղկեփունջով մը դիմաւորեց գերմանացի շանսէօլիէն, որ յառաջիկայ ամիս արդէն մեծ քաղաքականութենէ պիտի հեռանայ։

Շաբաթ, Օգոստոս 21, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին շնորհաւորական մը ուղարկեց՝ ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հանրապետութեան նախագահի շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը։

Էջեր