Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021

Քոչարեան Հայաստանի առկայ պատկերը կը մեկնաբանէ առարկայականօրէն, իրատես մօտեցումով:
Քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ նախկին նախագահը հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով:

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ Անթիլիասի Դպրեվանքի տեսուչ նշանակուեցաւ Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։
Նորանշանակ տեսուչը ձեռնադրուած եւ օծում ստացած է 2012 թուականին։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, երէկ, Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան նշանակուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանական խորհուրդի ատենապետ եւ Մայր Տաճարի լուսարարապետ։ Նորին Սրբազնութիւնը մինչ այդ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէնն էր եւ ներկայ նշանակումով արդէն կ՚ազատուի այդ պարտականութիւններէն։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021

Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի Բանակի օրը։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին հետ կը համընկնի այս տարուանը։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ հրապարակուած պատգամին մէջ նշուած է, որ այս տարուան Բանակի օրը ունի տարբեր խորհուրդ մը։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Պատերազմները մարդկային արհաւիրքներ են: Պատերազմ հրահրողները մարդկային խումբերն են՝ պետութիւնները: Զէնք վաճառելու, շատ դրամ վաստակելու, նոր տարածքներ ձեռք բերելու համար կը սկսին պատերազմներ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի առողջական վիճակին մէջ դրական միտում կը նկատուի։ Ան վերջերս դուրս եկած է իր դարմանուած հիւանդանոցէն եւ բուժումը կը շարունակուի տնային պայմաններու ներքեւ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021

«Երեւան համոզուած չէ, թէ Արցախի դէմ Պաքուի բռնութեան հետեւանքները կրնան հիմք ստեղծել տեւական խաղաղութեան համար»:
Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ճեւատ Զարիֆը, որ այս առաւօտ ալ ընդունուեցաւ Արա Այվազեանի կողմէ. «Ռուսաստան համոզուած է, թէ վերջին համաձայնութիւններով կը կարգաւորուի Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակը՝ ի շահ հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու եւ անոնց բոլոր հարեւաններու»:

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021

Կէտիկփաշայի Հրանդ Տինք դպրոցը կը տոկայ՝ հակառակ քորոնաժահրի համավարակի դժուարութիւններուն:
Հերթական հանգանակութիւնը կը կազմակերպուի առանց սիրոյ սեղանի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021

ԵՐԱՄ

Ամէն օր գործի կ՚երթար-կու գար. ուրիշ մասնաւոր ընելիք մը չունէր։ Վաթսուն տարեկանն անց ապակեգործ մըն էր, իրենց թաղի շուկային կից իր փոքր խանութով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Սեպտեմբերի մէկէն սկսեալ անհամբեր կը սպասէինք մայիսի քսանհինգին՝ վերջին զանգին: Իսկ ամառնային արձակուրդներու հոլովոյթին կը կարօտնայինք դպրոցն ու մեր ընկերները:

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այն բոլոր ժամանակները՝ որ կեանքի ընթացքին մարդ կ՚ապրի, անոնց վրայէն սրարշաւ կը թաւալի, մեծ եւ փոքր խոռոչներով ծածկուած են։ Այն խոռոչները՝ որ կեանքի ձմեռը թողած է ժամանակի ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021

Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Մարսէյլի մէջ հայկական մշակոյթի կեդրոնին վրայ գործուած յարձակման կապակցութեամբ։
«Յարձակումը Մարսէյլի հայկական եկեղեցւոյ մշակոյթի կեդրոնին վրայ խիստ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021

Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին կը շարունակէ Հայաստանի քաղաքական շրջանակներուն հետ իր խորհրդակցութիւնները՝ երկրի դիմագրաւած ներքին քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ։ Ռուս դեսպանը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերէն «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեանի հետ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուան ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ Իր ուղեւորութեան առաջին հանգրուանը հանդիսացաւ Պաքուն, ուր ան երէկ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2021

Նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի գործի գլուխ գալուն զուգահեռ, Ծերակոյտի հաւանութեամբ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր պետական քարտուղարը դարձաւ Էնթընի Պլինքըն։ Այս վերջինը Ճօ Պայտընի երկարամեայ խորհրդականն էր։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-ամեայ յոբելեանը։ Հարկ է նշել, որ գործունէութեան 15 տարիներու ընթացքին այս նուագախումբը չորս փառատօն հիմնադրած է։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021

Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպանը միշտ կը մատնանշէ Սիւնիքի հարցերը:
Ըստ Արման Թաթոյեանի, անորոշութիւնները կը վտանգեն գիւղացիներու իրաւունքները:

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեան երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Սերկէյ Իսթրաքովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Երեւան։ Հիւր պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան  նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021

Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ երէկ վերսկսած բանացկութիւնները պիտի շարունակուին Աթէնքի մէջ:
Քննակումներուն Իպրահիմ Քալընի մասնակցութիւնը կը վերագրուի նախագահ Էրտողանի կողմէ ընծայուած կարեւորութեան:

Երեքշաբթի, Յունուար 26, 2021

Գերմանիա օժանդակութիւն ուղարկեց Հայաստան՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած մարդասիրական խնդիրներու լուծման առաջադրութեամբ։ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յատուկ թռիչքով երէկ տեղ հասաւ՝ 30 թոն ծանրութեամբ այս մարդասիրական օժանդակութիւնը՝ ներառեալ երկու մինիպիւս։

Էջեր