Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2020

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Զիատ Ռահպանին ծնած է 1 յունուար 1956-ին: Զաւակն է համաշխարհային ծանօթութիւն ունեցող նշանաւոր երգչուհիներէն՝ Ֆէյրուզի (Նուհատ Հատատ): Լիբանանցի արուստագէտ, երաժիշտ ու թատերագիր:

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ կը մասնակցի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, Տաւոսի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Իզապել Մորէի հետ։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, կը գլխաւորէ Հայաստան-Զուիցերիա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան երէկ երկրի խորհրդարանէն ներս յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յառաջացած լարուածութեան կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ Հայաստան չափազանց նրբանկատ է Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ծագած իրավիճակին առումով։ Արդարեւ, այս երկու երկիրներն ալ Հայաստանի տեսակէտէ ունին կարեւոր նշանակութիւն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպաս Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ յատկանշական յուշանուէր մը յանձնեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Պոմոնթիի Մխիթարեան եւ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարաններու սաներէն բաղկացեալ խումբ մը վերջերս երկօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան գլխաւորեց այս այցելութիւնը, որու ընթացքին տղաքը շրջեցան մայրաքաղաքի զանազան տեսարժան վայրերը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Օր ըստ օրէ օդի ջերմաստիճանը նուազիլ սկսաւ։ Աշունը, որ մեղմիկ հովի մը պէս զիրար կը կամրջէ ամառն ու ձմեռը, վերջերս տարակուսանքի մէջ էր։ Օր մը արեւ, օր մը անձրեւ…, այսպէս օրեր անմեկնելի։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

ԵՐԱՄ

Գլուխս հպած պատուհանին, կը զգամ սառնութիւնն անոր. կ՚երեւակայեմ պաղը դուրսի։ Ձեռնոցովս դանդաղ վիզս կը քերեմ, ապակիի ողորկին նայելով։ Անկէ անդին բան չեմ տեսներ գրեթէ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուածային պատկերը ներկա՛յ է իւրաքանչիւր մարդուն մէջ։ Օժտուած հոգիով մը «հոգեւոր եւ անմահ», մարդկային անձը միակ արարածն է երկրի վրայ, զոր Աստուած ստեղծեց եւ ուզեց ինքնիրեն համար։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Վերջերս Հայաստանէն ուշագրաւ լուրեր հասան նոր հնութեան մը յայտնաբերման շուրջ։ Այսպէս, Հայաստանի մէջ հայ-գերմանական միացեալ ծրագրի շրջանակին մէջ՝ հնագէտները Արտաշատի մէջ յայտնաբերած են կամուրջ-ջրատար (aqueduc) մը, որ կը վերագրուի 114-117 թուականներուն:

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Յառաջիկային կը ծրագրուի ԹՈՒՄՕ-ի մասնաճիւղ մը բանալ Պերլինի մէջ:
Ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնէն ներս ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Յայտնի բանաստեղծուհիի թողած ժառանգը կ՚արժեւորուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աջակցութեամբ:
Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանը այցելուներուն կը ներկայանայ ամբողջութեամբ վերանորոգուած ձեւով:

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020

Հայաստանի կառավարութիւնը վարկատուներու հետ համագործակցութեան եզրեր կ՚որոնէ՝ հանրային բարիքի արդար բաշխման համար:
«Պետական ելմտական միջոցներու կառավարման համակարգի 2019-2023 թուականներու բարեփոխումներու ռազմավարութիւնը կ՚ընթանայ միջազգային մասնակցութեամբ»:

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէնի յուղարկաւորութեան մասնակցեցան պետական ու քաղաքական գործիչներ:
Վարչապետը կ՚երաշխաւորէ, որ կառավարութիւնը Կուտոյեանի մահը լիարժէք բացայայտելու համար ամէն ինչ պիտի ընէ՝ իր լիազօրութիւններու շրջագծէն ներս:

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

Հայկական ֆութպոլի արդի աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան արդէն 31 տարեկան է։ Ան այսօր կը նշէ իր ծննդեան տարեդարձը։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

«Շահագրգիռ կողմերը՝ յանուն աշխարհի համախմբման եւ կայունութեան»:
Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի 50-րդ հաւաքը բացուեցաւ՝ Արմէն Սարգսեանի մասնակցութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանէ ներս պաշտօնավարող եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու ժողովը։ Կը հաղորդուի, որ այս ժողովի ընթացքին քննարկուեցան թեմերէ ներս հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացման ուղղեալ ծրագրերուն եւ հովուական առաքելութեան զօրացման վերաբերեալ հարցեր։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն խումբ մը ուսանողներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան փութացին Քոլումպիայի համալսարանէն, Նիւ Եորք, ուսանողներ, որոնք Նորին Ամենապատուութենէն տեղեկութիւններ ստացան Հայ Եկեղեցւոյ եւ թրքահայ իրականութեան շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան վերջերս մասնակցեցաւ յատկանշական հաւաքոյթի մը։ Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավարութիւնը վերջերս ձեռնամուխ եղած է ծրագրի մը, որ կը կոչուի՝ «Թուրքիոյ խճանկարը. Զանազան կրօններու հանդիպման կէտը»։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ հիւրընկալեց մեր համայնքէն խումբ մը անդամներ, որոնց արմատները կ՚առընչուին Եոզղատի Պուրունքըշլա գիւղին հետ։ Այսպէս, Գումգաբու այցելեցին՝ Յովսէփ Արզուման, Նազարէթ Էօզսահակեան, Նազար Պինաթլը, Տքթ. Մելքոն Պալճը եւ այլք։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2020

Հայերէնի վաստակաւոր ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւք վերջերս հիւրընկալուեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանէն ներս։ Ան Մայր վարժարանի մէջ ներկայացուց «Դպրոցի ճամբուն վրայ» խորագրեալ վերջին գիրքը, որով իր ներդրումը բերած է մեր մանկական գրականութեան։

Էջեր