Արխիւ
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Այս յօդուածաշարքիս առաջին երեք մասերուն վրայ հիմնուելով թերեւս կարելի է այնպիսի տպաւորութիւն ունենալ, որ Թուրքիոյ մէջ հայերն ու հայկականութիւնը հետազօտողիս հայ ըլլալը սոսկ բարդութիւններ յառաջացուցած է, եւ որ, ըստ այնմ, ոչ հայու մը համար աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլար այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը։
Երեւան եւ Ուաշինկթըն կը քննարկեն իրենց ռազմավարական երկխօսութեան ընթացքն ու յառաջիկայ քայլերը:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Ֆիլիփ Ռիքէր կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային խնդիրներու կապակցութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երբ Սուրիոյ դէպքերը սկսան, բազմաթիւ լիբանանցի քաղաքական գործիչներ իրենց քաղաքական հանգանակը դարձուցին «ամէն գնով Լիբանանը Սուրիոյ հրդեհներէն հեռու պահել» մօտեցումը։
Շաբաթավերջի քուէարկութեան բարեյաջող աւարտը երկար ատեն վերջ ստեղծած է լաւատես մթնոլորտ մը:
Թրքահայ համայնքային շրջանակները ներկայիս ընդհանրապէս դրական տրամադրուած են յառաջիկայ շրջանին համար:
«Հայրենիքի եւ ընտանիքի գաղափարները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակութիւններուն մէջ»:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը բացման հանդիսաւոր նիստին ժամանակ տուաւ իր պատգամը:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն չորս ներկայացուցիչ. յանձին՝ Նուարդ Պարընի, Մարգրիտ Նալպանտղազարօղլուի, Եւգինէ Վանլըօղլուի եւ Նուրհան Սուճուեանի։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս վերջերս կազմակերպուած հայ մամուլի երկօրեայ գիտաժողովին կը մասնակցէին նաեւ սփիւռքահայ նշանաւոր մատենագէտ, լեզուաբան, բառարանագէտ, քերականագէտ, բանահաւաք, պատմագէտ, խմբագիր եւ դասախօս-ուսուցիչ՝ Արտաշէս Տէր-Խաչատուրեանին որդիները՝ Տարօն եւ Զարեհ Տէր-Խաչատուրեանները:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Քանի մը տարի առաջ էր, երբ տղաս իր մանչուկին ծննդեան տարեդարձին, իբրեւ լաւագոյն նուէր, «այ ֆոն» կոչուած հեռաձայն մը գնած էր եւ այդ ձեւով ալ մեր թոռնիկին օրը շէնցուցած։ Անսահման ուրախութիւն։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Աստուած իր հոգին ամբողջապէս անոր տուած է» (Յհ 3.34):
Մեկնութիւն. Տալ, ղրկել եւ լսել. ասոնք մեր մէջ զիջանելով են, ինչպէս յայտնի է մեկնիչին մօտ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անձը երբ ունի հաւատարմութիւն բարձր սկզբունքներու, երբ ունի հաւատալիքներ, որոնք սերտօրէն կապուած են իր ինքնութեան, սկզբունքներ եւ ինքնութիւն, կերպով մը նոյնացած են՝ այդ անձը ահաւասիկ անհատականութիւն ունեցող մէկն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք իրաւունքի մասին, որ անձին ամենակարեւոր եւ յատկանշական արժէքներէն մին է եւ առաջնակա՛րգը։ Արդարեւ իրաւունք եւ պարտք անբաժանելի են եւ մարդկային կեանքը կը հիմնաւորուի այս երկուքին ներդաշնակուած, հաւասարակշռուած առանցքին վրայ։
Պատրիարքական Աթոռոյ Եկեղեցական Համագումար Ժողովը Պատրիարքարանի մէջ կայացաւ 7 Դեկտեմբեր 2019, Շաբաթ, ժամը՝ 18.00-ին Նախագահութեամբ Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թերեւս այս տողերը գրողիս համար քիչ մը զարմանալի երեւոյթ էր, այն ինչին՝ որուն ականատես եղայ երէկ։ Մասնաւորապէս Ֆէրիգիւղի, Պաքըրգիւղի, Եշիլգիւղի եւ Սամաթիոյ մէջ պատկերը շշմեցուցիչ էր։
Թրքահայութեան կողմէ երէկ արտայայտուած կամքին իմաստը կը բիւրեղանայ պատմական խաչմերուկի մը վրայ։ Մեր համայնքը պատրիարքական ընտրութեան նախախնամական փուլին կողմնորոշուեցաւ շատ յստակ ձեւով եւ իր ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կեդրոնացուց թեկնածուներէն մէկուն՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի վրայ։ Սա լոկ նախընտրութեան մը դրսեւորումը չէ, այլեւ՝ ունի շատ աւելի խոր նշանակութիւն մը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արուեստի պատմութեան մէջ մարդիկ գրի առած եւ կամ նկարած են երեւակայական աշխարհներ եւ կերպարներ։ Այս երկու հանգամանքը տասնամեակներ շարունակ կը համադրուին պատկերազարդ գրքոյկներու (comics) մէջ, որոնք թէ՛ արուեստական եւ թէ գրական արժէք ունին։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս աշխարհական պատգամաւորներու երէկուան ընտրութիւնը եկաւ բնորոշել պատմական հանգրուան մը:
Նարնջագոյն փայլուն յաղթանակ:
Ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ի նպաստ դիրքաւորուիլը շատ կարեւոր նախադրեալ մը կը ստեղծէ մեր հաւաքական կեանքէն ներս առկայ պառակտումներու յաղթահարման ճանապարհին:
Ազգային պատգամաւորական ժողովը չորեքշաբթի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ գումարուելով կեանքի պիտի կոչէ համայնքին կողմէ արտայայտուած ամուր կամքը՝ գահ բարձրացնելով նորին սրբազնութիւնը:
Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ ուշ երեկոյեան հրապարակեց զեկոյց մը, որու հիման վրայ ուրուագծուեցաւ թրքահայութեան առջեւ բացուած նոր շրջանի համայնապատկերը:
Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան համար թրքահայութիւնը կը փութայ քուէատուփի մօտ:
Գումգաբուի մէջ երէկ գումարուեցաւ Կրօնական ժողով, իսկ այսօր Եկեղեցականաց համագումարը կ՚ընտրէ հոգեւորական պատգամաւորները:
Վաղը մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ քուէարկութիւն տեղի կ՚ունենայ աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութեան համար:
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներս վերջերս Ուսուցչաց օրուան առթիւ տեղի ունեցան երկու ձեռնարկներ։ Առաջին առթիւ դպրոցէն ներս տեղի ունեցաւ մասնաւոր հանդիսութիւն մը, որու ընթացքին աշակերտները յայտագիր մը գործադրեցին իրենց ուսուցիչներուն համար։
Գալֆաեան տան սաներէն Էլիզապէթ Եիղիթօղլու եւ Արին Պաքըրճը վերջին օրերուն մասնակցութիւն բերին միջվարժարանային մարմնամարզի մրցաշարքի մը, որ կազմակերպուած էր «Քիւլթիւր» քոլէճին կողմէ։ Աթագիւղի TAF մարզադահլիճին մէջ այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ շուրջ 700 աշակերտ։
Ամանորի սեմին Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ այս հանդիսութիւնը անցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Քէրմէսի բացման մասնակցեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր, որու կողքին էին իր գործակիցները։