Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020

Արմէն Սարգսեան. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծոյ պարգեւն է, դուք էք մեր ապագան կերտողները»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը համացանցային մասնաւոր կայքէջ մը հաստատեց երեխաներու համար:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020

​Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած տագնապէն վերջ առօրեայի բնականոնացման ճանապարհին առեւտուրը կը վերսկսի Իսթանպուլի պատմական կեդրոններէն ներս: Խանութպանները կը սպասեն զբօսաշրջիկներու վերադարձին՝ արդիւնաւէտութիւն ունենալու համար:
Կուսակալ Ալի Երլիքայայի մասնակցութեամբ՝ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը վերաբացուեցաւ Գոց շուկան, որու միայն տասն դռները կը բանին առայժմ:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020

Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկումով ծնունդ առած տագնապին վերաբերեալ նախատեսուած խորհրդակցութիւնը այս հինգշաբթի տեղի պիտի ունենայ Գումգաբուի մէջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020

Այս տարի կը նշուի Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի՝ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին 75-ամեակը: Մարդկութեան ընթացքը այլ հունի մէջ դրած այդ պատերազմին մէջ ներքաշուած էին աշխարհի երկիրներուն մեծ մասը, ահա թէ ինչու պատերազմի աւարտին 75-ամեակը սկսած են տօնել բազմաթիւ երկիրներու մէջ, նկատի ունենալով նաեւ, որ զանազան երկիրներու մէջ պատերազմը տարբեր թուականներու աւարտած է:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Դարձեալ գիտելի է, որ վանքերուն մէջ հաց կ՚եփեն ու «դոն» կը կոչեն, այսինքն՝ դոն, ձուկի նուազ ու փոքր տեսակ մը, ու կտրուած հացերուն նմանցուած:

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ կեանքի մէջ միշտ յաջող ըլլալ կ՚ուզեն. մարդոց նպատակն է յաջող ըլլալ եւ ա՛յդ է որ երջանիկ կ՚ընէ զիրենք։ Կեանքի մէջ յաջող ըլլալու, կենսական նպատակին հասնելու համար մարդկութիւնը զանազան ճամբաներ, միջոցներ գործածած է եւ բանաձեւ մը, տարազ մը ուզած է գտնել։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յաճախ կ՚ըսենք. «Աստուած մե՛ծ է», մանաւանդ երբ դժուարութեան մը հանդիպինք կամ նեղութիւն մը ունենանք։ Բայց Աստուծոյ մեծութիւնը ո՛րքան կը զգանք, ո՛րքան կը տեսնենք այդ աստուածային մեծութիւնը եւ գերիշխանութիւնը

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտով պայմանաւորուած սահմանափակումներու աստիճանական մեղմացման ճանապարհին Թուրքիոյ մէջ այսօր անկիւնադարձ մըն է։ Շաբաթավերջի փողոց դուրս գալու արգելքէն վերջ, այսօրուան դրութեամբ երկիրը կ՚ունենայ նոր մթնոլորտ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Մարդկութեան տեսակէտէ իսկապէս պատմական իրադարձութիւն մը շաբաթավերջին համայն աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջին անգամ անջրպետ ուղարկուեցաւ տիեզերանաւ մը, որու մէջ կը գտնուէր երկու տիեզերագնաց։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի նոր վարակումները կ՚ընթանան կանխատեսուած մակարդակին վրայ։ Կը նուազի թիւը այն հիւանդներուն, որոնք արհեստական շնչառութեան կարիքը կը զգան։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երկուքուկէս ամիսէ ի վեր կ՚աշխատէր Իսթանպուլի մէջ, այսօր կը վերադառնայ մայրաքաղաք Անգարա։ Առօրեայի բնականոնացման զուգահեռ ան աշխատանքի կը վերաձեռնարկէ կարեւոր ժողովներու նախագահելով։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի տնօրինութեամբ փակուեցաւ Ամմանի «Եիւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարանը։ Սա յորդանանահայութեան միակ հայկական կրթօճախն էր եւ դժբախտաբար կը դադրեցնէ իր առաքելութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մուտքի խաչի պոկման դէպքը եւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին ուղղուած սպառնալիքները Թուրքիոյ օրակարգին վրայ:
Երկրի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր յստակ պատգամներով արձագանգեցին՝ վերջին օրերուն մեր համայնքը մտահոգած իրադարձութիւններուն:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջին նշեց իր հիմնադրութեան 559-րդ տարեդարձը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, այս առթիւ շաբաթավերջին գոհաբանական աղօթք մը կատարուեցաւ եւ ժամերգութեան ընթացքին մեր հոգեւոր հայրերու մաղթանքը եղաւ Պատրիարքական Աթոռի անսասանութիւնն ու անոր գահակալի արեւշատութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական ժողովը 27 մայիս 2020, չորեքշաբթի, յետմիջօրէին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Ծանօթ է, թէ քորոնայի համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները՝ ժողովի որոշմամբ մեր եկեղեցիները փակուած էին հաւաքական պաշտամունքի՝ 16 մարտ 2020 թուականէն ի վեր։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մանուկներու համար կազմակերպուած նկարչութեան մրցումի մը արդիւնքով դափնեկիր դարձած է մեր համայքէն Լուսին Ենիեորկան։ «Իմ գունաւոր աշխարհս» խորագրեալ «Մոփարթ» կոչուած այս մրցոյթը կազմակերպուած է՝ նախաձեռնութեամբ «Մոփաք» ընկերութեան, որ կ՚արտադրէ թուղթեր ու տետրակներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Արշակ Ֆեթվաճեան ծնած է Տրապիզոն, 1 հոկտեմբեր 1863-ին:
Անոր ծնողքը եղած է առեւտրական: Նախնական ուսումը ստացած է Տրապիզոնի ազգային վարժարանին մէջ:

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Այսօր՝ մայիս 28, Սարդարապատի ճակատամարտի յաղթանակի եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հաստատման նուիրական օրը, առաւօտ կանուխ իմ շատ սիրելի եւ մօտիկ բարեկամ, վստահելի խորհրդատու ու երկար տարիներու եկեղեցական, ազգային եւ հայրենասիրական ծրագրերու իրականացման մէջ ինծի գործակից եւ հայրենակից տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի մահուան գոյժը իմացայ։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Աշխարհի վրայ եղած են ու կը շարունակեն տեղի ունենալ բազմաթիւ առեղծուածային երեւոյթներ, իրադարձութիւններ, որոնցմէ մէկն է Պերմուտա եռանկիւնը։ 
Պերմուտա եռանկիւնը Ատլանտեան ովկիանոսի Պերմուտա կղզիները, Ֆլորիտա թերակղզին ու Փուէրթօ Ռիքոն միացնող երեւակայական գիծերով կազմուած եռանկիւնն է։

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020

Երէկ, «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ հրապարակուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, որով զգայացունց տեղեկութիւններ փոխանցուեցան հանրային կարծիքին։ Այսպէս, երէկուան դրութեամբ կատարուած հաղորդման մէջ նշուած է, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին ելեկտրոնիկ նամակներու միջոցաւ, գրաւոր ձեւով մահուան սպառնալիքներ ուղղուած են հիմնարկին։

Էջեր