Արխիւ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2017

Սերկէյ Առաքելեանի՝ նոր հրատարակուած «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի ազգային ակադեմական թատրոն» գիրքը կ՚ամբողջացնէ թատրոնի 85-ամեայ պատմութիւնը:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ գրքին շնորհանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Ան իր խօսքին մէջ գովասանքով արտայայտուեցաւ հատորին մասին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը այս տարի Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէ դուրս իրականացուցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ։ Հայկական արուեստը Հայաստանէն դուրս ներկայացնելու՝ պատկերասրահի նպատակը որոշ չափով յաջողած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին պատկերասրահի իրականացուցած աշխատանքները ամփոփած է պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Սա­գօ Ա­րեան կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-
Ե­րե­ւա­նի մէջ, Դեկ­տեմ­բե­մի 18-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում՝ նուի­րուած թուրք գրող Պիր­կիւլ Օ­ղու­զի «Հա՛հ» հա­տո­րին: Թուրք ե­րի­տասրդ գրա­գի­տու­հիին գիր­քը հրա­պա­րա­կուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող «Ան­տա­րես» հրա­տարկ­չա­տան կող­մէ: 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ:
Նալպանտեան երէկ մէկտեղուեցաւ Ֆրանսայի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններէն բարձրաստիճան դէմքերու հետ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Մամետեարով խօսեցաւ տարեմուտին Նալպանտեանի հետ նախաեսուած հանդիպման ժամկէտին մասին։
Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմանի տեսակցութիւնը։
Չավուշօղլու անկարեւոր կը համարէ Հայաստանի՝ արձանագրութիւնները առ ոչինչ հռչակելու ուղղեալ քայլը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օրերուն հազիւ-հազ այս երկրին մէջ տեղաւորուած էինք, եւ արդէն Thanksgiving Day-«Գոհաբանութեան օր» կոչուած արձակուրդը հասած էր, իսկ անոր յաջորդ օրն իսկ, երբ տակաւին նոյնիսկ հնդկահաւակերութեան ընթրիքի ամանները չէինք տեղաւորած, մեր տունէն ներս յանկարծ տարրօրինակ հարց մը կը ծագէր: Անծանօթ եւ նոյնքան ալ՝ աղմկալից:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նի թա­տե­րա­կան կեան­քին հե­տե­ւող ա­մէն ոք «ցնցիչ» ա­նակն­կա­լի առ­ջեւ կը դրուէր, լսե­լէ ետք պէյ­րութ­ցի ա­նուա­նի դե­րա­սան եւ բե­մադ­րիչ Զիատ Ի­թա­նիի ձեր­բա­կալ­ման լու­րը: 
Այս հա­ղոր­դու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք երկ­րին մէջ շրջան կ՚ը­նէին տա­րա­տե­սակ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ եւ ա­սէ­կօ­սէ­ներ, ըստ ո­րոնց Ի­թա­նի ձեր­բա­կա­լուած էր ան­հա­տա­կան խնդրի մը, կամ «սի­րոյ պատ­մու­թեան» մը հի­ման վրայ, սա­կայն ե­ղա­ծը ա­ւե­լի ծանր էր: 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Արեւմտահայերէնի նուիրեալ գործիչը Երեւանի մէջ շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ մեկնաբանելով հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլը:
Տքթ. Արմենակ Եղիայեան. «Մեր գոյութեան գերագոյն իմաստն է Հայաստանը, որուն համար պէտք է գուրգուրանք Սփիւռքին, պահենք մեր լեզուն ու առաւելագոյնս դիմանանք»:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ամէն մարդ որոշ տարողութիւն մը եւ կարողութիւն մը ունի յառաջանալու՝ իր նպատակին հասնելու համար։ Իւրաքանչիւր անձ իր անձնական ուժերուն համեմատ յաջողութիւն կրնայ ձեռք բերել՝ նպատակի մը հասնելու համար։ Ուստի ոեւէ անձէ մը իր կարողութենէն եւ տարողութենէն վեր որեւէ բան սպասել անիմաստ է, քանի որ միշտ պէտք է հաշուի առնուի «անկարելի՛»ն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017

Գերմանական կաճառի Երեւանի նորահաստատ մասնաճիւղի բացման առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Նոյն յարկին ներքեւ կը միաւորուին մշակութային եւ գիտական զանազան նախաձեռնութիւններ՝ հմուտ մասնագէտներով:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017

Հայաստան-Եւրոմիութիւն համաձայնագրի կտրած ուղիի եւ խոստացած հեռանկարներու լոյսին տակ:
Երեւանի առջեւ նոր կարելիութիւններ կ՚ուրուգծուին՝ իր դիրքերու ամրապնդման եւ ներուժի օգտագործման առումով:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017

Երէկ, հայճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն, որուն կ՚ընկերանային նոյն խորհուրդի սիւներէն Նազար Գալփաքճը եւ թաղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արա Էրօլ Չընար։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը յայտնեցին, որ փափաքած էին տեղեկութիւններ փոխանցել Եշիլգիւղի ընտանիքին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Նարինէ Թուխիկեանը, ոչ միայն Երեւանի Թումանեան տուն-թանգարանի տնօրէնուհին է, այլ նաեւ Հայաստանի բազմերանգ մշակութային կեանքին քաջածանօթ անձնաւորութիւն մը: Վերջին ամիսներուն Հայաստանի լրատուական դաշտին մօտէն հետեւողներուն համար Նարինէ Թուխիկեանի անունը դարձաւ յաճախակիօրէն հնչող եւ երեւցող անուն մը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017

Էսաեանի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ վարժարանին ի նպաստ Ամանորի սեմին կազմակերպուած աւանդական քէրմէսին առթիւ։ Դպրոցի սրահին մէջ կեանքի կոչուեցաւ երկօրեայ ծրագիրը։ Երէկ, օրուան սկիզբին, քէրմէսի բացման  ներկայ գտնուեցան նաեւ Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017

ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ

Ընդհանրապէս ժողովուրդներու պատմութեան մէջ մեծութիւնները չեն մեռնիր, այլ կ՚ապրին իրենց ձգած ժառանգութեամբ, տուեալ ժամանակաշրջանին իրենց արծարծած հայեացքներով ու տեսութիւններով, գիտութեան ու գրականութեան անդաստանին իրենց տուած բերքով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱ­ՅՃԵԱՆ

«Նահատակ բարի Քրիստոսի եղեր այսօր ի միջի մերում, եւ մտեր ի վերնատունն խորհրդոյ յաւիտենականի։ Որ ընտրեցար ի դասս երկնաւոր զօրացն, պսակեցար ի թագաւորէն, զանթառամ զպսակն, եւ մկրտեցար արեամբդ քո սրբոյ, առաջին վկայ Քրիստոսի Սուրբ Ստեփանոս, նախասարկաւագ մեծ» («Շարակնոց»)։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոն ուր «պատճառ» մը կայ, հոն կայ նաեւ «արդիւնք» մը, որ կը նշանակէ՝ «արդի՛ւնք»ով հասնելիք «նպատակ» մը գոյութիւն ունի։ Ուրեմն մարդուն արարչութեան պատճառն ալ ունի նպատակ մը՝ որ ստեղծագործութեամբ ակնկալուած արդի՛ւնքն է։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Դաշինքը կը յուսայ նոր ազդակ տեսնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս՝ քանի որ լուծումը շահաւէտ պիտի ըլլայ ամբողջ տարածքաշրջանին համար:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի խնդի­րը ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սա­նայ մարդ­կու­թեան ամ­բող­ջու­թեամբ զարթ­նե­լուն։
«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Հա­մաշ­խար­հա­յին գաղ­թա­կա­նաց օ­րուան առ­թիւ կազ­մա­կերպուած հա­ւա­քոյ­թի մը ըն­թաց­քին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2017

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչի պաշտօնին մէջ հերթի փոփոխութիւն:
Փրոֆ. Թորոս Ալճան առաքելութեան շրջանի աւարտին երէկ առաւօտ անմիջական զրոյց մը ունեցաւ լրագրողներու հետ:

Էջեր