Արխիւ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2017

Ղազախիստանի Արուեստի թանգարանին մէջ բացուած է «Իմ Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որու ընթացքին ներկայացուած են հայ նկարիչներու աշխատանքները թանգարանի հաւաքածոյէն։ Նոյն օրը տեղի ունեցած է նաեւ ցուցահանդէսի պատկերագիրքի շնորհանդէսը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2017

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս պատմական օրեր:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նկատմամբ շատ ջերմ ընդունելութիւն Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2017

«Նռան հատիկ» մանկապատանեկան թատերական 17-րդ հանրապետական փառատօնի նպատակներէն մէկն է տաղանդաւոր եւ գործունեայ թատերախումբերը բացայայտելն ու անոնց համար փորձի փոխանակման հարթակ ստեղծելը։ Փառատօնը այս տարի կը կրէ «Արեւը բոլորինն է» խորագիրը։ Ան տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբեր 30-Նոյեմբեր 4 թուականներու միջեւ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Որեւէ բան կորսնցնել անշո՛ւշտ ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ անոր՝ որ կորսնցուցածին արժէքը գիտէ եւ մանականդ կ՚անդրադառնայ, թէ կորսնցուցած է այդ «արժէ՛ք»ը։ Այն որ անտարբեր չէ իր արժէքներուն, իրեն պատկանած նուիրականութիւններուն, նախ հոգածութիւն ցոյց կու տայ, որ չկորսնցնէ զանոնք, իսկ եթէ կամքէ բոլորովին անկախ պատճառներով կը կորսնցնէ, ամէն ճիգ չի՛ խնայեր զանոնք գտնելու եւ վերատիրանալու համար անոնց։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2017

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Անշուշտ միշտ կ՚ըսուի, որ  գերագոյն արժէքը կը մնայ մարդը, սակայն նորարարութիւններով, նոր գիւտերով եւ սարքերով մարդը կամաց կամաց սկսած է ատոնց արժէք տալ: Այս ընթացքով մարդը ի՞նչ արժէք պիտի ներկայացնէ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար վերջերս այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան մասնակցեցաւ խորհրդաժողովի մը, որ ձօնուած էր բռնութեան հակուած ծայրայեղականներու դէմ պայքարի։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017

ԵԱՏՄ-ի երկիրները կը ջանան յառաջ ընթանալ տնտեսական կեանքի արդի միտումներուն համապատասխան՝ քաղաքացիներու բարեկեցութեան համար:
Ընդունելով Երեւանի մէջ ժողով գումարած հիւր վարչապետները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեան կարեւորեց թեքնիկ արգելքներու յաղթահարումը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017

Իպատի երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:
Իրաք կը ձգտի վերստին քարիւղ արտածել Թուրքիա: Կողմերը քննարկեցին տարածքաշրջանի ընդհանուր իրավիճակը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Լոս Անճելըս՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեակին առթիւ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

«Ծիրանի ոգիներ»
Հեղինակ՝ Լալա Միսկարեան

Սուրիայէն հասնող գրային ամէն փշուր սարսուռով կը պատէ մեր հոգիները, որովհետեւ ան իսկոյն կ՚ոգեկոչէ այն ահաւոր պայմանները, ուր մարդիկ կ՚ապրէին մօտիկ անցեալին, այն «երազային Հալէպը», որ այլեւս չի կրնար պաշտպանել իր զաւակները, չի կրնար լուսաւորել անոր գիշերները, չի կրնար ջերմացնել մինչեւ ոսկորները թափանցող ցուրտը, եւ ընդհանրապէս միշտ չէ, որ կը յաջողի ապահովել անոր հանապազօրեայ հացն ու ջուրն իսկ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքին մէջ կան պարագաներ, պատահարներ, որոնք մտատանջութիւն կը պատճառեն ենթակային։ Արդարեւ, մարդուս սաստիկ մտատանջութիւն պատճառող պարագաներուն մէ՛կն ալ՝ կարեւոր եւ կենսական լուրի մը անհամբերութեամբ սպասելն է։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017

Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ առաւօտ այցելեց Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017

Երէկ երեկոյեան, պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը ժողով մը գումարեց Գումգաբուի մէջ։ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ օր մը առաջ տեղի ունեցած տեսակցութեան յաջորդեց այս նիստը։ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ, որ մասնակցած էր կուսակալութեան հանդիպման, փոխանցեց իրենց յղուած պատգամները։ Քննարկումները ծաւալուեցան որոշ չափով լարուած մթնոլորտի մը մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Միաբանութեան Վենետիկի մէջ հաստատման 300-ամեակը. «Մխիթարեանները կրթութիւնը դիտեցին՝ որպէս բոլոր կենսական բարիքներու աղբիւր»:
Զէքիեան գերապայծառի մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուած միջազգային երկու յոբելենական գիտաժողովները ստեղծեցին լայն արձագանգ:
Լայնախոհ, յառաջադէմ եւ ազգասէր:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի առկայ վիճակին շուրջ բազմակողմանի խորհրդակցութիւն մը՝ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Պետրոս Շիրինօղլու եւ Սարգիս Քիւլեկէչ երէկ յետմիջօրէին ընդունուեցան Վասիփ Շահինի կողմէ: Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ պետական մարմինները լուծման հեռանկարը կը տեսնեն թրքահպատակ երկու սրբազաններու համագործակցութեան ուղղութեամբ: Կուսակալը յանուն իշխանութիւններուն հերթական անգամ պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ նոր հոգեւոր պետի մը ընտրութեան նպաստելու մասին, ըստ կարգ ու կանոնաց եւ աւանդական ձեւով:
Համայնքային պատուիրակութիւնը նահանգապետարանէն հրաժեշտ առնելէ վերջ ուղղակի անցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ծաւալուեցան երկար քննարկումներ: Կրօնական ժողովի ատենապետը իսկոյն հեռաձայնով տեղեակ պահեց տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը: Նախաձեռնարկ մարմինը այսօր ժողով մը կը գումարէ Գումգաբուի մէջ: Իրադարձութիւններու ընթացքը հետզհետէ կը թեւակոխէ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ շաբաթներէ ի վեր մատնանշուած հունը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2017

Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները Երեւանի մէջ:
Կարէն Կարապետեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ քննարկեցին հայ-ռուսական համագործակցութեան հեռանկարները:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2017

Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբերի 20-ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ կատարուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Ներկայ էին ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Կիրակնօրեայի աշակերտներ, անոնց ծնողները ու մեծ թիւով հաւատացեալներ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2017

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Աղաւնին իր անմեղութեամբ եւ բարութեամբ կը ճախրէ երկինքն ի վեր, իսկ օձը իր խորամանկութեամբ եւ չարութեամբ դատապարտուած է միայն աւազներուն վրայ սողալու եւ գետնին վրայ մնալու։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գիտութիւնը իրական ուժ մըն է՝ գիտնալ, տեղեկութիւն ունենալ մարդուս ինքնավստահութեան զգացում կը ներշնչէ։ Գիտունը իր քայլը կը նետէ աւելի ապահով, քանի որ գիտակցութիւնը ունի իր նետած քայլին հետեւանքին, գիտէ, թէ ո՛ւր կը տանի իր նետած քայլը զինք։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, գիտութիւնը ապահովութի՛ւն է։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017

Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ իր ընկերները վերջերս այցելեցին Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։

Էջեր